«ԿԱՂԱՆԴԸ ՊԻՏԻ ՎԱՌԵՆՔ»

(ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՅՈՒՇԵՐ)

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԳՈՒՇԱԳՃԵԱՆ

Մու­սա Լե­­րան փէ­­շերուն թա­­ռած հայ­­րե­­­նի իմ գիւ­­ղի ման­­կա­­­կան ոս­­կէ յու­­շե­­­րուս հա­­մաս­­տե­­­ղու­­թեան մէջ ան­­մո­­­ռանա­­լի ու քաղցրօ­­րէն հմա­­յիչ կո­­չուած է մնալ Կա­­ղան­­դը՝ հին արի ու բա­­րի օրե­­րու հայ­­կա­­­կան Ամա­­նորը։

Օրեր շա­­րու­­նակ՝ դպրո­­ցէն ներս, թէ՛ տու­­նե­­­րու մէջ մեր խօ­­սակ­­ցութեան գլխա­­ւոր նիւ­­թը, անրջանքնե­­րու միակ առար­­կան Կա­­ղան­­դը կ՚ըլ­­լար։ Կ՚երա­­զէինք յատ­­կա­­­պէս Ամա­­նորի առա­­ւօտը, ուր ընդհա­­նուր խան­­դա­­­վառու­­թեան մէջ պի­­տի «վա­­ռէինք Կա­­ղանդ»ը։

Յի­­շատա­­կելի այս օրէն դեռ շա­­բաթ­­ներ առաջ կ՚եր­­թա­­­յինք մեզ­­մէ աւե­­լի մեծ, հա­­սուն պա­­տանի­­ներու հետ դափ­­նիի պու­­րակնե­­րը եւ մաս­­նա­­­գէտի աչ­­քե­­­րով մեզ­­մէ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը կ՚ընտրէր Կա­­ղան­­դի օրը վա­­ռելիք իր դափ­­նեոս­­տը։ Նա­­խընտրե­­լի էր որ ոս­­տը ըլ­­լար ուղղա­­ձիգ, մի­­ջակ հաս­­տութեամբ եւ առատ տե­­րեւ­­նե­­­րով։ Ոս­­տի վրա­­յի տե­­րեւ­­նե­­­րը եւ փոքր ճի­­ղերը կը մաք­­րէինք եւ միայն ոս­­տին ծայ­­րը առատ փունջ մը տե­­րեւ կը պա­­հուէր։ Կա­­ղան­­դի առ­­տուն ոս­­տին ծայ­­րը պա­­հուած այդ տե­­րեւա­­փունջն էր որ պի­­տի վա­­ռէինք՝ հա­­սարա­­կաց հսկայ խա­­րոյ­­կի մը վրայ, անցնող հին տա­­րին վա­­ռած ըլ­­լա­­­լու հաս­­տատ հա­­մոզու­­մով։

***

Ար­­շա­­­լոյ­­սը բա­­ցուե­­լու վրայ է։ Դուրսը, քաղցր երա­­զի մը հան­­գոյն ձիւ­­նը կը մա­­ղուի՝ իր մայ­­րա­­­կան գիր­­կին մէջ առ­­նե­­­լով եր­­դիկ ու բակ, ծառ ու պար­­տէզ, լեռ ու ան­­տառ։ Շա­­տոնց ար­­դէն տնե­­ցինե­­րը արթնցու­­ցած եմ եւ մայրս փա­­ռաւոր կրակ մը պատ­­րաստած է։ Թէեւ շատ հա­­ճելի է կրա­­կի մտեր­­մութիւ­­նը նման պաղ առա­­ւօտ մը, սա­­կայն իմ աչ­­քերս դուրսն են։ Հա­­րազատ բնու­­թիւնը զիս իր գո­­գը կը հրա­­ւիրէ։ Մա­­քիի նոր կթո­­ւած թարմ կա­­թը կը խմեմ, վե­­րար­­կուս ու կրկնա­­կօշիկ­­ներս կը հագ­­նիմ եւ գրկե­­լով սե­­նեակին ան­­կիւնը եր­­կա­­­րած դափ­­նեոս­­տը դուրս կը նե­­տուիմ։

***

- Ո՞վ պի­­տի բռնկեց­­նէ կրա­­կը,- կը սկսին հարց տալ ամէն կող­­մէ։ Մարդ չի ժպրհիր առաջ անցնիլ։

- Գրաճ պա­­պու­­կը ո՞ւր է, Գրաճ պա­­պու­­կը ո՞ւր է,- կը ձայ­­նեն քա­­նի մը հո­­գի։

Գրաճ պա­­պու­­կը 60ը անց, կար­­ճա­­­հասակ ծե­­րուկ մըն է։ Ան լայն ժո­­ղովրդա­­կանու­­թիւն կը վա­­յելէ գիւ­­ղին մէջ իբր պատ­­րաստա­­բան ու հան­­րա­­­նուէր անձ։ Ընդհան­­րա­­­պէս անոր կը վի­­ճակո­­ւի Կա­­ղան­­դի խա­­րոյ­­կը բռնկեց­­նե­­­լու պա­­տիւը։ Սա­­կայն այս առ­­տու կը բա­­ցակա­­յի ան։

Վեր­­ջա­­­պէս գիւ­­ղի եիկիտ­­նե­­­րէն Սար­­գի­­­սը յա­­ռաջ կը նե­­տուի խա­­րոյ­­կը վա­­ռելու հաս­­տատ վճռա­­կամու­­թեամբ։ Անոր աչ­­քե­­­րը հան­­դի­­­պեր էին խումբ մը ըն­­կե­­­րու­­հի­­­ներու հետ Ադա­­մենց բա­­կը կայ­­նած նշա­­նածին՝ գե­­ղանի Վար­­դուշի սաս­­տող ակ­­նարկին։ Ալ ի՞նչպէս կա­­րող էր տե­­ղը կե­­նալ։

Սար­­գի­­­սի խի­­զախու­­մը հսկա­­յական ոգե­­ւորու­­թիւն կը յա­­ռաջաց­­նէ եւ տաս­­նեակ­­նե­­­րով դափ­­նեոս­­տեր վեր բարձրա­­նալով կը շա­­ռաչեն անոր գլխուն վրայ։ Սար­­գիս վե­­րար­­կուն կը քա­­շէ գլխուն եւ միաժա­­մանակ քա­­նի մը ոս­­տե­­­րու գլու­­խը կոտ­­րե­­­լով կը յա­­ռաջա­­նայ դէ­­պի չոր փայ­­տի եւ խո­­տի դէ­­զը։ Սա­­կայն հա­­րուած­­նե­­­րը այնքան կը սաստկա­­նան գլխուն, կռնա­­կին, ուր որ հան­­դի­­­պին, որ կը ստի­­պուի ընկրկիլ՝ յի­­շոց­­ներ ար­­ձա­­­կելով ձախ ու աջ։

Մինչ այդ ձիւ­­նը դադ­­րած է ար­­դէն եւ սուր ցուրտը կը թա­­փան­­ցէ մին­­չեւ ոս­­կորնե­­րը։ Սա­­կայն որո՞ւն հո­­գը։

- Քէ­­քիւտ տէ­­տը հիգստուն (*), ճամ­­բայ տո­­ւէ՛ք ին­­ծի։ Ես պի­­տի վա­­ռեմ Կա­­ղան­­դը,- կը գո­­չէ յան­­կարծ Խա­­թուն հօր­­քուրը ներ­­կա­­­ները հրմշտկե­­լով եւ ճգնե­­լով ճամ­­բայ բա­­նալ դէ­­պի չոր փայ­­տի դէ­­զը։ Ժամ­­կո­­­չի կա­­տակա­­սէր բա­­րի պա­­ռաւին ալ չեն խնա­­յեր։ Ընդհա­­նուր հա­­րա-հրո­­ցի ու ծի­­ծաղ­­նե­­­րու մէջ դափ­­նեոս­­տե­­­րը անխնայ կը հա­­րուա­­ծեն անոր ճերմկած գլու­­խը։ Եր­­կու ձեռ­­քե­­­րով գլու­­խը պաշտպա­­նելով՝ հա­­զիւ թէ ինքզինք ժո­­ղովուրդին մէջ կը նե­­տէ Խա­­թուն հօր­­քուրը։

Մէ­­կէն պա­­տանիի մը խան­­դա­­­վառ բա­­ցագան­­չութիւ­­նը բո­­լորին ու­­շադրու­­թիւնը կը գրա­­ւէ։

- Հէ՜յ, Գրաճ պա­­պու­­կը կու գա՜յ։

Ամէն մարդ գլու­­խը ետ կը դարձնէ։ Ար­­դա­­­րեւ եկե­­ղեցիի քո­­վի թա­­ղէն վար կ՚իջ­­նէ, աւե­­լի ճիշ­­դը կը գլտո­­րի Գրաճ պա­­պու­­կը։ Անի­­կայ հա­­գած է մին­­չեւ ոտ­­քե­­­րը հաս­­նող վե­­րար­­կու մը եւ գլու­­խը կը ծած­­կէ հսկայ փա­­փախ մը, որ կ՚իջ­­նէ մին­­չեւ ականջնե­­րը։ Յատ­­կա­­­պէս ինքնա­­պաշտպա­­նու­­թեան բո­­լոր նա­­խազգշու­­թիւննե­­րը ձեռք առած է։ Գրաճ պա­­պուկ խան­­դա­­­վառ ծա­­փերու եւ կա­­տակա­­խառն ակ­­նարկու­­թիւննե­­րու տա­­րափի մը տակ տեղ կը հաս­­նի։

- Գրաճ պա­­պո՛ւկ, ո՞ւր մնա­­ցիր։ Եթէ դուն չգա­­յիր, Կա­­ղան­­դը վա­­ռող պի­­տի չգտնո­­ւէր այ­­սօր։

- Գրաճ պա­­պո՛ւկ, եկո՛ւր, բռնկե­­ցո՛ւր նա­­յինք սա խա­­րոյ­­կը։ Ճա­­հել­­նե­­­րուն ձեռ­­քը ին­­կեր էինք այ­­սօր։

Գրաճ պա­­պուկ ծաղ­­րա­­­ծուի ար­­տա­­­յայ­­տութիւն մը տա­­լով դէմ­­քին՝ կը հա­­րէ.

- Պրէ՜ հէ­­րիֆ­­նե՛ր, կրակ մը չէք կրնար բռնկեց­­նել։ Գրաճ պա­­պու­­կի մեռ­­նե­­­լէն ետք, կ՚երե­­ւի թէ Կա­­ղան­­դը վա­­ռող պի­­տի չգտնո­­ւի այ­­լեւս։

***

Եր­­կա­­­րաձիք տա­­րիներ այ­­սօր մեզ հը բաժ­­նեն սրտա­­ռուչ ժո­­ղովրդա­­յին մե­­ղեդիի մը պէս քաղցր ու բա­­րի այն օրե­­րէն։ Մեզ­­մէ ան­­դարձ հե­­ռացած սի­­րելի, մտե­­րիմ դէմ­­քե­­­րու ու վայ­­րե­­­րու եւ կեան­­քի ու հո­­ղի իմաս­­տութեամբ շնչող լքո­­ւած տոհ­­միկ սո­­վորու­­թիւննե­­րու տխուր յա­­ճախանքն է որ Նոր Տա­­րուան սե­­մին կը հա­­մակէ իմ հո­­գիս եւ ափ­­սո­­­սանք մը կը պոռթկայ շրթնե­­րէս՝ մտա­­ծելով թէ որ­­քան ճիշդ դուրս եկաւ բա­­րի ու աննման Գրաճ պա­­պու­­կի մար­­գա­­­րէական նա­­խատե­­սու­­թիւնը. «Կ՚երե­­ւի թէ մա­­հէս ետք մարդ պի­­տի չվա­­ռէ այ­­լեւս Կա­­ղան­­դը»։

Այո՛, սի­­րելի Գրաճ պա­­պուկ, այ­­սօր մարդ չի վա­­ռեր այ­­լեւս Կա­­ղան­­դը։

***

(*) Տա­­րիքոտ կի­­ներու բեր­­նին մէջ ան­­մեղ յի­­շոց մը։

Աղ­­բիւր՝ «Յու­­շա­­­մատեան Մու­­սա Լե­րան»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ