Ամանորը Մուսա Լերան Գիւղերուն մէջ

ՄԻՍԱՔ ՀԵՐԿԵԼ

Ժողովրդա­­կան աւան­­դութիւննե­­րու նկատ­­մամբ յա­­տուկ հե­­տաքրքրու­­թիւնով ձեռ­­նարկած ենք յօ­­դուա­­ծաշար­­քի մը, որ պի­­տի փոր­­ձենք ներ­­կա­­­յաց­­նել որոշ ժա­­մանա­­կագ­­րութեան մը հե­­տեւե­­լով։ Պար­­տինք նշել թէ յա­­ւակ­­նութիւն չու­­նինք նիւ­­թը ազ­­գագրա­­կան մասնագիտութեամբ մշա­­կելու։

Աւան­­դութիւննե­­րը կամ սո­­վորու­­թիւննե­­րը ընդհա­­նուր շրջա­­նակի մը մէջ նմա­­նու­­թիւններ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով հան­­դէպ կրնան տա­­րած­­քաշրջա­­նային տար­­բե­­­րու­­թիւններ ալ պարզել։ Աւան­­դութիւննե­­րը շատ ան­­գամ ու­­նին կրօ­­նաբա­­րոյա­­կան բնոյթ։ Կը վե­­րագ­­րո­­­ւին հո­­գեւոր պա­­տումնե­­րու։ Այս ծի­­րէն ներս առա­­ջին յօ­­դուա­­ծով կ՚ու­­զեմ անդրա­­դառ­­նալ Մու­­սա Լե­­րան հայ­­կա­­­կան գիւ­­ղե­­­րու մէջ Ամա­­նորի եւ Սուրբ Ծննդեան աւան­­դութիւննե­­րուն։

Հա­­յերս Ամա­­նորը անո­­ւանած ենք «Կա­­ղանդ» բա­­ռով։ Լա­­տինե­­րէնի մէջ տա­­րեմու­­տի իմաստ ներ­­կա­­­յաց­­նող «Գա­­լեն­­տա» բա­­ռէն հա­­յացո­­ւած Կա­­ղան­­դը Մու­­սա Լե­­րան բար­­բա­­­ռին մէջ վե­­րածո­­ւած է «Կա­­ղունդ»ի։ Կա­­ղան­­դը հո­­գեւոր նշա­­նակու­­թե­­­նէ աւե­­լի օրա­­ցու­­ցա­­­յին յատ­­կութիւն մը ու­­նի, որ իր անդրա­­դար­­ձը կը գտնէ ճա­­շատե­­սակ­­նե­­­րու մէջ եւս։ «Ձի­­թի Բի­­կիղ» (ձէ­­թով բո­­կեղ), «Պանրուհուց» (Պա­­նիրով հաց), «Կաթ­­նըհուց» (Կա­­թով հաց), «Զի­­լիլէյպիք» խմո­­րի քաղցրա­­ւենիկ մը։ Կա­­ղան­­դի յա­­տուկ ու­­տեստե­­ղէն­­նե­­­ր են։

Մու­­սա Լե­­րան եր­­բեմնի եօթը հա­­յաբ­­նակ գիւ­­ղե­­­րէն այ­­սօր գո­­յու­­թիւնը կը պա­­հէ միայն Վա­­քըֆը։ Հոն տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կուի Ամա­­նորի յա­­տուկ ծի­­սական բնոյ­­թով աւան­­դութիւն մը։ 1 Յունուարի արե­­ւածա­­գին նա­­խապէս հա­­ւաքո­­ւած փշոտ ցա­­խերով խա­­րոյ­­կը կը բռնկե­­ցուի։ Մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը ձեռ­­քերնին ու­­նին թափ­­նիի ճիւ­­ղեր, որով կը հա­­րուա­­ծեն կրա­­կը իբ­­րեւ անցնող տա­­րուայ ձա­­խորդ օրե­­րը։ Սո­­վորու­­թեան հա­­մաձայն խա­­րոյ­­կը վա­­ռելու պա­­տիւը տա­­րեց­­նե­­­րուն կը վի­­ճակի։ Երբ բո­­ցերը հետզհե­­տէ կը յան­­գին գիւ­­ղի տա­­րեց­­նե­­­րը ման­­կանց կը բաժ­­նեն զա­­նազան միր­­գեր։ Ինչպի­­սիկ են չո­­րացո­­ւած թուզ, խա­­ղող, ըն­­կոյզ, պիս­­տակ եւ այլն։ Նշենք այ­­սօր այս մանր նո­­ւէր­­ները ձե­­ւափո­­խուած են իրենց տե­­ղը զի­­ջելով շու­­կա­­­յէն գնո­­ւած կրկնեփ, կոֆ­­րեթ, տուրմ եւ նման խոր­­տիկնե­­րու։ Երի­­տասարդնե­­րը կը պա­­հեն քիչ առաջ այդ կրա­­կը ծե­­ծած ճիւ­­ղե­­­րը եւ նոյն օրո­­ւայ երե­­կոյեան տու­­նե­­­րը շրջե­­լով կը հա­­ւաքեն Կա­­ղունդի նո­­ւէր­­նե­­­րը։ Այդ ճիւ­­ղե­­­րը զէնք են նաեւ։ Այ­­ցե­­­լած տու­­նի բնա­­կիչ­­նե­­­րը պէտք չէ իմա­­նան թէ ով է դու­­ռը թա­­կողը։ Անոնք պար­­տա­­­կան են եր­­կար պա­­րանի մը ծայ­­րը կա­­պուած տոպ­­րա­­­կը լեց­­նե­­­լով։ Իսկ եթէ փոր­­ձեն յայտնա­­բերել այ­­ցե­­­լուն, ետ կը շպրտո­­ւին ճիւ­­ղե­­­րու հա­­րուած­­ներով։ Մա­­նուկնե­­րը ու պա­­տանին­­նե­­­րը ապա իրա­­րու հետ կը բաժ­­նեն գո­­յացած աւա­­րը։

«Տու­­նէն Զա­­տակ»

Հայ Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեց­­ւոյ հինգ տա­­ղաւար­­նե­­­րու առա­­ջինն է Սուրբ Ծնունդը, որ ի տար­­բե­­­րու­­թիւն հա­­մաշ­­խարհա­­յին քրիս­­տո­­­նէու­­թե­­­նէ հա­­յոց մօտ կը տօ­­նու­­նի 6 Յու­­նո­­­ւարին, Յի­­սու­­սի մկրտու­­թեան հետ նոյն օրը։

Մու­­սա Լե­­րան հա­­յերը իրենց առօ­­րեայ խօ­­սակ­­ցութեան մէջ «Զա­­տակ» բա­­ռը հո­­մանիշ կը հա­­մարեն տօ­­նի։ Բնո­­րոշե­­լու հա­­մար ալ կը գոր­­ծա­­­ծեն նա­­խածանց բառ մը։ Այսպէս «Տու­­նէն Զա­­տակ»ը Զատ­­կի Տօ­­նը կ՚անո­­ւանեն նաեւ «Պզտակ Զա­­տակ» (Պզտիկ Զա­­տիկ), մե­­ծը վե­­րապա­­հելով Յա­­րու­­թեան խոր­­հուրդին։ Այս տօնն ալ բա­­ցի իր եկե­­ղեցա­­կան ծի­­սակա­­տարու­­թե­­­նէ ու­­նի նաեւ ազ­­գագրա­­կան ծի­­սակա­­տարու­­թիւններ։ 5 Յու­­նո­­­ւարի երե­­կոյեան գիւ­­ղի մա­­նուկներն ու պա­­տանի­­ները տու­­նե­­­րը շրջե­­լով կ՚եր­­գեն «Խոր­­հուրդ Մեծ» շա­­րակա­­նը։

Ան­­ցեալին միայն ման­­չե­­­րուն մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­տարո­­ւող «Խոր­­հուրդ Մեծ»ի եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րը այ­­սօր բնակ­­չութեան նո­­ւազու­­մի հե­­տեւան­­քով կը կա­­տարո­­ւի երկսեռ։

6 Յու­­նո­­­ւարի առա­­ւօտո­­ւան Ս. Պա­­տարա­­գի աւար­­տին կը կա­­տարո­­ւի ջրօրհնէք։ Այդ արա­­րողու­­թիւննն ալ ու­­նէր իր աւան­­դութիւ­­նը, քա­­նի որ ամէն տա­­րի պա­­տանի մը պի­­տի ընտրո­­ւէր իբ­րեւ Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի կնքա­­հայ­­րը։

Կնքա­­հայր կ՚ընտրո­­ւէր այն պա­­տանին, որուն հայ­­րը մե­­ծագոյն նո­­ւիրա­­տուու­­թիւնը ըրած կ՚ըլ­­լայ եկե­­ղեց­­ւոյ սնտու­­կին։

Մեր այս շա­­բաթո­­ւայ յօ­­դուա­­ծը կ՚աւար­­տենք վերհրա­­տարա­­կելով Մար­­տի­­­րոս Գու­­շագճեանի Ամա­­նորեան յու­­շե­­­րու «Կա­­ղան­­դը Պի­­տի Վա­­ռենք» խո­­րագ­­րեալ յօ­­դուա­­ծը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ