ԵՄԻԱ-ի տեղեկագրով տկար նիշ Թուրքիոյ հանդէպ

Եւրոպա­յի Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Ատեանի 2020-ի տե­­ղեկագ­­րի հա­­մաձայն նա­­խորդ տա­­րի ամե­­նաշատ դա­­տապար­­տո­­­ւած եր­­կի­­­րը եղած է Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութիւ­­նը։

Թուրքիայ ինչպէս 2019-ին, 2020-ին ալ ար­­տա­­­յայ­­տութեան եւ միտ­­քի ազա­­տու­­թեան ամե­­նաշատ ոտ­­նա­­­կոխո­­ւած եր­­կի­­­րը հան­­դի­­­սացաւ Եւրոպայի մէջ։

ԵՄԻԱ նա­­խորդ տա­­րի 871 վճիռ­­ներ ար­­ձա­­­կեց։ Անոնց մէջ 762-ին հա­­մար վճռուեցաւ Եւ­­րո­­­պայի Մար­­դու Իրա­­ւունքե­­րու Հա­­մաձա­­նագ­­րի առ­­նո­­­ւազն մէկ յօ­­դուա­­ծի ոտ­­նա­­­կոխու­­թիւն։ 84 դա­­տերու մէջ զան­­ցա­­­ռու­­թիւն չէ նկա­­տուած վեց դա­­տավա­­րու­­թիւն աւար­­տած է կող­­մե­­­րու հա­­մաձայ­­նութեաամբ եւ 24–ն ալ այլ եղա­­նակ­­նե­­­րով։

31 Դեկ­­տեմբեր 2020-ի տո­­ւեալ­­նե­­­րով ԵՄԻԱ-ի մէջ շա­­րու­­նա­­­կուող դա­­տավա­­րու­­թիւննե­­րու 22,4-ը Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութե­­նէն, 18,1-ն ալ Թուրքիայէն կա­­տարո­­ւած դի­­մումներն են։ Այդ եր­­կու եր­­կիրննե­­րուն կը հե­­տեւին 16,8 հա­­մեմա­­տու­­թեամբ Ուկրաինան, 12,2-ով Ռո­­մանիան եւ 5,6 հա­­մեմա­­տու­­թիւնով ալ Իտա­­լիան։

Այս եր­­կիրնե­­րու դէմ եղած բո­­ղոք­­նե­­­րը ընդհա­­նուր թղթած­­րարնե­­րու 75 տո­­կոսը կը կազ­­մեն։

Թուրքիոյ դէմ առա­­ջադ­­րո­­­ւած բո­­ղոք­­նե­­­րու մէջ 31 ան­­գամ յայտնո­­ւած են խօս­­քի ազա­­տու­­թեան, 21 ան­­գամ ար­­դար դա­­տուելու իրա­­ւունքի, 16 ան­­գամ ալ ազա­­տու­­թեան աւ անվտան­­գութեան իրա­­ւունքի ոտ­­նա­­­կոխումներ։ 14 ան­­գամ վճիռ կա­­յացած է սե­­փակա­­նու­­թեան իրա­­ւունքի եւ 11 ան­­գամ ալ հա­­ւաքո­­ւելու եւ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւելու ազա­­տու­­թիւննե­­րու ոտ­­նա­­­կոխ­­ման պատ­­ճա­­­ռաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ