Բողոքի կաթսան հետզհետէ կը յորդի Պողազիչի Համալսարանի մէջ

2Յու­­նո­­­ւարին յայ­­տա­­­րարո­­ւած էր Պո­­ղազի­­ցի Հա­­մալ­­սա­­­րանի տե­­սուչ նշա­­նակե­­լու մա­­սին նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի որո­­շու­­մը։ Նոյն օր Պո­­ղազի­­ցի Հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ մեկ­­նարկող բո­­ղոքի ալի­­քը մին­­չեւ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կէ երկրի մէջ օրա­­կար­­գի առա­­ջին գծին վրայ զբա­­ղեց­­նել հան­­րա­­­յին կար­­ծի­­­քը։

Աշա­­կեր­­տութիւ­­նը եւ դա­­սախօս­­նե­­­րը միաս­­նա­­­բար ընդվզում յայտնած էին Էր­­տո­­­ղանի կա­­մայա­­կան այդ որո­­շու­­մին դէմ։ Ար­­դա­­­րեւ նո­­րան­­շա­­­նակ տե­­սու­­չը ան­­ցեալին երես­­փո­­­խանու­­թեան թեկ­­նա­­­ծու­­թեան առա­­ջարկ բե­­րած էր, բայց իր այդ ցան­­կութիւ­­նը մեր­­ժո­­­ւած կու­­սակցու­­թեան կող­­մէ։ Ան նաեւ փոր­­ձեց քա­­ղաքա­­պետու­­թեան հա­­մար առա­­ջադ­­րել իր թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը, բայց այս ալ մեր­­ժո­­­ւեցաւ ԱՔՓ-ի շրջա­­նակ­­նե­­­րու կող­­մէ։ Ի վեր­­ջոյ նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան իրեն հա­­մար յար­­մար գտած էր Պո­­ղազի­­չի Հա­­մալ­­սա­­­րանի տես­­չութեան պաշ­­տօ­­­նը, որ այս ան­­գամ ալ այդ պաշ­­տօ­­­նակո­­չու­­մը տե­­ղի տո­­ւաւ բա­­ւակա­­նին սուր դժգո­­հու­­թեան ալի­­քի մը բռնկման։ Ցա­­ւալի է նո­­րան­­շա­­­նակ տե­­սու­­չի մատ­­նո­­­ւած ծանր կա­­ցու­­թիւնը։ Անցնող մէկ ամ­­սո­­­ւայ ըն­­թացքին ան չէ կրցած օգ­­նա­­­կան մը գտնել հա­­մալ­­սա­­­րանի անձնա­­կազ­­մէն։ Նաեւ չէ կրցած գտնել խորհրդա­­տու մը, քա­­նի որ հա­­մալ­­սա­­­րանի անձնա­­կազ­­մը ամ­­բողջո­­վին մեր­­ժած է այս նշա­­նակու­­մը։ 1 Փետ­­րո­­­ւարի երե­­կոյեան ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը նո­­րան­­շա­­­նակ տե­­սու­­չի հրա­­ւէրով խու­­ժե­­­ցին հա­­մալ­­սա­­­րան եւ բեր­­ման են­­թարկե­­ցին բո­­ղոքի ցոյց կա­­տարող ու­­սա­­­նող­­նե­­­րէն 106-ը, որոնք ձեռ­­նա­­­կապով փո­­խադ­­րե­­­ցին նախ հի­­ւան­­դա­­­նոց եւ ապա ոս­­տի­­­կանա­­տուն։

Այս զար­­գա­­­ցումնե­­րու վրայ աշա­­կեր­­տութիւ­­նը որո­­շեց կա­­տարո­­ւածի դէմ բո­­ղոքել մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը, որ պի­­տի կա­­յանար 2 Փետ­­րո­­­ւար երեք­­շաբթի օր Գա­­տըգիւ­­ղի մէջ։

Սա­­կայն վեր­­ջին պա­­հուն Գա­­տըգիւ­­ղի գա­­ւառա­­պետի հռչա­­կած ար­­գելքը պատ­­ճա­­­ռաբա­­նելով ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը բռնու­­թեամբ յար­­ձա­­­կեցան ու­­սա­­­նող­­նե­­­րուն վրայ։ Այստեղ եւս բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցան բազ­­մա­­­թիւ ու­­սա­­­նող­­ներ։ Երե­­կոյեան ժա­­մերուն մամ­­լոյ ծա­­ռայու­­թիւննե­­րը բեր­­ման են­­թարկո­­ւած­­նե­­­րու թի­­ւը կը յայ­­տա­­­րարէին 94 ըլ­­լա­­­լով, այլ խօս­­քով եր­­կու օրե­­րու ըն­­թացքին Պո­­ղազի­­չի Հա­­մալ­­սա­­­րանի ու­­սա­­­նող­­նե­­­րէն աւե­­լի քան 200-ը բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցաւ, որոնց գրե­­թէ բո­­լորը ժա­­մերու տե­­ւողու­­թեամբ ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցան։

Այս ալ կ՚ապա­­ցու­­ցէ թէ բեր­­ման են­­թարկե­­լը եւս կա­­մայա­­կան որո­­շում մըն է եւ կը մի­­տի ու­­սա­­­նող­­նե­­­րու դի­­մադ­­րութեան կամ­­քը կոտ­­րե­­­լու։

Ոս­­տի­­­կանա­­կան բռնու­­թեան դէմ բո­­ղոքի ձայ­­ներ բարձրա­­ցան նաեւ քա­­ղաքա­­ցինե­­րու կող­­մէ, քա­­նի որ Գա­­տըգիւ­­ղի փո­ղոց­­նե­­­րուն մէջ բազ­­մա­­­թիւ քա­­ղաքա­­ցիներ իրենց շէն­­քե­­­րու պա­­տու­­հաննե­­րէն կը հա­­լածէին ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րուն եւ աղ­­մուկե­­լով կը զօ­­րակ­­ցէին ու­­սա­­­նողու­­թեան։

Իշ­­խա­­­նու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րը յա­­ճախ ահա­­զանգ կը հնչեց­­նէն կա­­տարո­­ւած բո­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րուն երկրի տար­­բեր հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րուն եւ քա­­ղաք­­նե­­­րուն փո­­խադ­­րո­­­ւելուն հա­­ւանա­­կանու­­թեան դէմ։ Բո­­լորո­­վին ան­­հիմն չէ կա­­ռավա­­րու­­թեան այս մտա­­վախու­­թիւնը, քա­­նի որ 2 Փետ­­րո­­­ւարին Ան­­գա­­­րայի մէջ եւս զօ­­րակ­­ցութեան բնոյ­­թով բո­­ղոքի ցոյ­­ցեր կա­­տարո­­ւեցան եւ ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը այդ ցոյ­­ցե­­­րուն ալ մի­­ջամ­­տեց նոյն բռնու­­թեամբ։

Հետզհե­­տէ ծի­­ծաղե­­լի դար­­ձած է կա­­ռավա­­րու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րուն, իշ­­խա­­­նամէտ մա­­մու­­լին այս բնոյ­­թի բո­­լոր առար­­կութիւննե­­րու մէջ ահա­­բեկ­­չութեան մե­­ղադ­­րանքներ ստեղ­­ծե­­­լու հետզհե­­տէ աւե­­լի նո­­ւազ հա­­մոզիչ պնդումնե­­րը։ Այս դէպ­­քին մէջ ալ Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Սիւ­­լէյման Սոյ­­լու իրեն թի­­րախ ընտրեց միասե­­ռական­­նե­­­րը եւ պնդեց թէ բո­­լոր զար­­գա­­­ցումնե­­րը անոնք կը հրահ­­րեն։

Սոյ­­լույի այս մա­­սին ու­­նե­­­ցած ելոյթնե­­րը ատե­­լու­­թեան պատ­­գամ հա­­մարե­­լով «Թո­­ւիթըր» ար­­գի­­­լեց նա­­խագա­­հի գրա­­ռումնե­­րու շրջա­­գայու­­թիւնը։

Միւս կող­­մէ Իս­­թանպու­­լի Հա­­մալ­­սա­­­րանի մուտքին մէկ­­տե­­­ղուած մի այլ խմբակ ալ իր կար­­գին մե­­ղադ­­րեց Պո­­ղազի­­չի Հա­­մալ­­սա­­­րանի ու­­սա­­­նող­­նե­­­րու բո­­ղոքը եւ յայ­­տա­­­րարեց թէ իրենք ընդմիշտ կազմ ու պատ­­րաստ են հա­­ւատ­­քի հա­­մար զո­­հուե­­լու։

Ըստ երե­­ւոյ­­թի նո­­րան­­շա­­­նակ տե­­սուչ Մե­­լիհ Պու­­լուղ չու­­նի իր կամ­­քով հրա­­ժարա­­կան ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու կա­­րողու­­թիւնը։ Հա­­ւանա­­բար նման քայլ մը կրնայ կաս­­կա­­­ծի տակ դնել Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի հե­­ղինա­­կու­­թիւնը։ Բան մը, որուն հան­­դուժե­­լու ի վի­­ճակի չէ Էր­տո­ղան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ