Մահ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի

Երկար տա­րինե­րէ ի վեր Ֆրան­սա­յի Նիս քա­ղաքի բնա­կիչ հան­րա­ծանօթ բա­րերար եւ հա­սարա­կական գոր­ծիչ Յով­հաննէս Չի­լին­կի­րեան մա­հացաւ 94 տա­րեկա­նին յետ եր­կա­րատեւ հի­ւան­դութեան։ Չի­լին­կի­րեան եղ­բօ­րոր­դին էր անո­ւանի գրող, բժիշկ եւ հա­սարա­կական գոր­ծիչ Ռու­բէն Սե­ւակի, որ առա­ջին զո­հերէն եղաւ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

Յով­հաննէս Չի­լին­կի­րեան ծնած էր 1924 թո­ւին Պոլ­սոյ մէջ։ Ապար­դիւն մնա­ցին 1946-ին դէ­պի Խորհրդային Հայաստան ներ­գաղթի փոր­ձե­րը եւ ան 1970-ին հաս­տա­տուե­ցաւ Նիս, այստեղ հիմ­նե­լով Ռու­բէն Սե­ւակի անու­նով ինստի­տուտ մը ու ի մի բե­րաւ հօ­րեղ­բօ­րը պատ­կա­նող բազ­մա­թիւ նմուշներ, որոնք 2013-ին փո­խադ­րեց Հա­յաս­տան եւ հիմ­նեց Ռու­բէն Սե­ւակի անո­ւան թան­գա­րանը։ Ռու­բէն սե­ւակի դուստրը Շա­միրամ Չի­լին­կի­րեան սոյն տա­րուայ 17 Հոկ­տեմբե­րին մա­հացած էր Նի­սի մէջ 102 տա­րեկա­նին։

Այս տխուր առ­թիւ կը ցա­ւակ­ցինք մեր բա­րեկամ­ներ Պեր­նար Ռե­հան Սա­րըպա­յին եւ ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ