«Անատոլու Քիւլթիւր»ը փակելու ջանքեր

Իրա­­ւաբա­­նական բո­­լոր կա­­նոն­­նե­­­րը ոտ­­նա­­­կոխե­­լով Օս­­ման Քա­­ւալան ճա­­ղերու ետին պա­­հող թշնա­­մական վե­­րաբեր­­մունքը այժմ կը սպառ­­նայ անոր հիմ­­նած «Անա­­տոլու Քիւլթիւր» ըն­­կե­­­րու­­թիւնը լու­­ծարկե­­լու։ Այս մա­­սին շարժման ան­­ցած է Առեւտրա­­կան Նա­­խարա­­րու­­թիւնը պատ­­ճա­­­ռաբա­­նելով թէ Անա­­տոլու Քիւլթիւր առեւտրա­­կան ըն­­կե­­­րու­­թիւնը մը ըլ­­լա­­­լով հիմ­­նո­­­ւելով հան­­դէպ գոր­­ծունէու­­թիւն կը տա­­նի հիմ­­նադրա­­մի կամ հա­­սարա­­կական միու­­թեան մը ձե­ւաչա­­փով։

Նշենք որ այս մէ­­կը ան­­նա­­­խադէպ մե­­ղադ­­րանք մըն էր ու առա­­ջին ան­­գամ կ՚ուղղո­­ւի Օս­­ման Քա­­ւալա­­յի հիմ­­նած ըն­­կե­­­րու­­թեան։ Ան­­ցեալին այդ ըն­­կե­­­րու­­թեան նա­­խաձեռ­­նութեամբ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած էր զա­­նազան գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան մի­­ջոցա­­ռում եւ հրա­­տարա­­կու­­թիւններ։ Այդ ծի­­րէն ներս մեր յի­­շողու­­թեան մէջ է հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան դա­­րադար­­ձի եւ Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետի ծննդեան 150-ամեակի առ­­թիւ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած երաժշտա­­կան-գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը, որոնք ար­­ժա­­­նացած էին մեծ ու­­շադրու­­թեան եւ եր­­կար ժա­­մանակ իրենց ար­­ձա­­­գան­­գը ու­­նե­­­ցած էին մա­­մու­­լի էջե­­րուն։

Կա­­տարո­­ւածը զուրկ է օրի­­նական հիմ­­քէ ու տրա­­մաբա­­նու­­թե­­­նէ եւ կը մի­­տի անխնայ հա­­լածել կա­­ռավա­­րու­­թեան դժկա­­մու­­թեան մատ­­նո­­­ւած հա­­սարա­­կական գոր­­ծի­­­չի մը բո­­լոր ձեռքբե­­րումնե­­րը։

Նշենք որ հա­­զիւ շա­­բաթ մը առաջ էր, երբ Նա­­խագահ Ռե­­ճեփ Թայ­­յիպ էր­­տո­­­ղան ար­­հա­­­մարան­­քով ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւած էր Օս­­ման Քա­­ւալա­­յի կնոջ Փրոֆ. Այ­­շէ Պուղրա­­յի դէմ, շեշ­­տե­­­լով որ ան եւս գրգռիչ մըն է Պո­­ղազի­­չի Հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ իր իշ­­խա­­­նու­­թեան դէմ մղո­­ւած բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րու ըն­թա­ցիքին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ