«Զապէլ» այս անգամ առցանց

Պողա­զիչի Բե­մային Արո­ւեստնե­րու Միու­թեան նա­խաձեռ­նած «Զա­պէլ» թատ­րերգու­թիւնը առա­ջին ան­գամ բեմադ­րո­ւած էր 2017-ին։ Թատ­րերգու­թիւնը նիւթ կ՚ու­նե­նար Օս­մա­նեան շրջա­նի առա­ջատար կին գոր­ծիչնե­րէն Զա­պէլ Եսա­յեանի կեն­սագրու­թե­նէն դրո­ւագ­ներ։ Առա­ջին պատ­կե­րին մէջ կը հան­դի­պինք անո­ւանի հա­մայ­նա­վար գոր­ծի­չի Ստա­լինեան բռնա­կալու­թեան մէջ հար­ցաքննո­ւելու տե­սարա­նին։ Բե­մադ­րութեան ըն­թացքին յե­տադարձ ակ­նարկնե­րով վկա­յու­թիւններ կը ներ­կա­յացո­ւին անոր երի­տասար­դութեան տա­րինե­րէն, ուր կը ձգտէր մտնել գրա­կանու­թեան աս­պա­րէզ եւ ապա հետզհե­տէ կը դառ­նար մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան եւ ար­դա­րու­թեան մար­տիկ։ Այս բե­մադ­րութեան մէջ Տույկու Տա­լեանօղ­լու եւ Այ­սէլ Եըլ­տը­րըմ մրցա­նակ­ներ ստա­ցան, իբ­րեւ լա­ւագոյն բե­մադ­րութիւն եւ լա­ւագոյն դե­րակա­տարու­թիւն։ Խա­ղը 19 Փետ­րո­ւարին պի­տի կրկնո­ւի «Մո­տա Սահ­նէ­սի» բե­մէն։

Նշենք որ այս բե­մադ­րութեան կա­րելի է հե­տեւիլ առ­ցանց դրու­թեամբ «Մօ­տա Սահ­նէ­սի» թատ­րո­նի կայ­քէ­ջէն տոմս հայ­թայթե­լու պայմանաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ