Հայաստան երկընտրանքի արանքին

ՏԻԱՆԱ ԵԱՅԼՈՅԵԱՆ

10Նո­յեմ­­բե­­­րի գի­­շերո­­ւայ ժա­­մերուն ՀՀ Վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութեան Նա­­խագահ Վլա­­տիմիր Փու­­թի­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի Նա­­խագահ Իլ­­համ Ալիեւի հետ ստո­­րագ­­րեց եռա­­կողմ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը, որ պայ­­մա­­­նաւո­­րուած էր Հա­­յաս­­տա­­­նի պար­­տութեամբ եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի յաղ­­թա­­­նակով։ Այդ օրէն ի վեր ան­­ցած են չորս ամիս­­ներ, ուր Հա­­յաս­­տան մատ­­նո­­­ւած է ներ­­քա­­­ղաքա­­կան ճգնա­­ժամի։ Ընդդի­­մադիր­­ներ՝ որոնք ընդհան­­րա­­­պէս կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն նա­­խորդ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու պաշ­­տօ­­­նազուրկ մնա­­ցած կազ­­մե­­­րը, ստո­­րագ­­րո­­­ւած պայ­­մա­­­նագի­­րը յար­­մար առիթ հա­­մարե­­ցին գոր­­ծող իշ­­խա­­­նու­­թեան յար­­ձա­­­կելու հա­­մար։ Կը յի­­շենք կա­­ռավա­­րու­­թեան շէն­­քի թա­­լանու­­մին, Խորհրդա­­րանի Նա­­խագա­­հի դէմ յար­­ձա­­­կու­­մի տխուր պատ­­կերնե­­րը։

Փա­­շինեան այդ նոյն օր խօսք ուղղեց հա­­սարա­­կու­­թեան եւ նշեց թէ այդ տխուր պայ­­մա­­­նագի­­րը ստո­­րագ­­րած է բա­­նակէն հնչած ահա­­զան­­գի հե­­տեւան­­քով։ Փա­­շինեան նաեւ աւել­­ցուց թէ ինք, կի­­նը եւ որ­­դին ռազ­­մա­­­ճակատն էին, իսկ այ­­սօր փո­­ղոց թա­­փած­­նե­­­րէն ոչ մէ­­կը կար հոն։

Գաղտնի բա­­նակ­­ցութիւններ

Մին­­չեւ Թաւ­­շեայ Յե­­ղափո­­խու­­թիւն Ար­­ցա­­­խի հար­­ցի կար­­գա­­­ւոր­­ման հա­­մար կա­­տարո­­ւած բա­­նակ­­ցութիւննե­­րը կը մնա­­յին շատ սեղմ շրջա­­նակի մը մէջ։ Փա­­շինեան՝ որ խոս­­տա­­­ցած էր քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մէջ թա­­փան­­ցի­­­կու­­թիւն, չէր կրցած կա­­տարել իր խոս­­տումը եւ ինք եւս շա­­րու­­նա­­­կած էր դի­­ւանա­­գիտա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մէջ գաղտնա­­պահու­­թիւնը։ Մեծ յոյ­­սե­­­րով վար­­չա­­­պետի աթո­­ռին եկած Փա­­շինեանի պատ­­ճա­­­ռած հիաս­­թա­­­փու­­թիւննե­­րէն մէկն ալ իր աշ­­խա­­­տակազ­­մի ան­­փորձ եւ հետզհե­­տէ նոյ­­նիսկ ան­­գի­­­տակից գտնո­­ւելն էր։

Պա­­ռակտման օրե­­րու մի այլ տխուր հե­­տեւան­­քը եղաւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու դէմ հա­­լածան­­քը։

Այդ օրե­­րուն շրջող քա­­րոզ­­չութիւ­­նով ոչ պե­­տական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը թի­­րախ ցոյց տրո­­ւեցան իբ­­րեւ դա­­ւաճան­­ներ։ Անոնց դէմ ուղղո­­ւած հա­­լածան­­քի կա­­րեւո­­րագոյն մե­­ղադ­­րանքն էր «Սո­­րոսի փո­­ղերով ազ­­գի կոր­­ծանման պատ­­ճառ դառ­­նալ»։

Այս բո­­լորով հան­­դերձ ժո­­ղովուրդը հիաս­­թա­­­փած ալ ըլ­­լայ Փա­­շինեանը պի­­տի նա­­խընտրէ նա­­խորդնե­­րուն։ Ընդդի­­մադիր­­նե­­­րը կը խօ­­սէին կնքո­­ւած հա­­մաձայ­­նա­­­գիրը չե­­ղեալ հա­­մարե­­լու մա­­սին։ Սա­­կայն Փու­­թի­­­նի այս մա­­սին վճռա­­կամ ելոյ­­թը ապար­­դիւն թո­­ղուց այդ խոս­­տումնե­­րը։

Այժմ հա­­սարա­­կու­­թիւնը կա­­րելի է դի­­տել եր­­կու հա­­տուա­­ծի մէջ։ Առա­­ջին հա­­տուա­­ծը չի հա­­մակեր­­պիր զի­­նուո­րական պար­տութեան եւ կը պա­հան­ջէ Վար­չա­պետի հրա­ժարու­մը։ Իսկ երկրորդ զան­գո­ւածը գի­տակ­ցե­լով հան­դերձ պա­տերազ­մի նա­խոր­դող եւ յա­ջոր­դող ժա­մանակ­նե­րու սխալ­նե­րուն, եր­բեք հան­դուրժո­ղու­թիւն չու­նի նախ­կիննե­րուն վե­րադար­ձին։

25 Փետ­րո­ւարին այս ան­գամ երկրի քա­ղաքա­կան բե­ւեռա­ցու­մին մէջ կողմ եղաւ նաեւ բա­նակը, Զի­նեալ Ու­ժե­րու Գե­րագոյն Շտա­պի կող­մէ 40 սպա­ներու ստո­րագ­րութեամբ հրա­պարա­կուած յայ­տա­րարու­թիւնով։ Բա­նակը կը պա­հան­ջէր Նի­կոլ Փա­շինեանի հրա­ժարու­մը։ Իսկ Փա­շինեան զի­նու­րա­կան յե­ղափո­խու­թեան փորձ հա­մարեց կա­տարո­ւածը եւ իրեն զօ­րակ­ցողնե­րը փո­ղոց կան­չեց։ Ստորագ­րեց նաեւ Սպա­յակոյտի Նա­խագահ Օն­նիկ Գաս­պա­րեանի պաշ­տօ­նազրկման մա­սին որո­շու­մը։ Սա­կայն այդ որո­շու­մը մեր­ժո­ւեցաւ Նա­խագահ Ար­մէն Սար­գի­սեանի կող­մէ։

Մինչ այդ զա­նազան եր­կիրներ եւս դա­տապար­տե­ցին բա­նակի մի­ջամ­տութիւ­նը, պա­հան­ջե­լով որ քա­ղաքա­կան ճգնա­ժամը իր լու­ծումը գտնէ քա­ղաքա­կան մի­ջոց­նե­րով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ