Բաւ է

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Սեն Ռաֆայէլ

Այլեւս բա­­ւական է, շատ եր­­կար տե­­ւեց. ամիս­­ներ ի վեր՝ այսքան տխմար հայ­­հո­­­յանք ու ատե­­լու­­թիւն, մաղձ, թոյն ու գզո­­ւըռ­­տոց որ դժո­­ւար է հան­­դուրժել եւ կը յի­­շեց­­նէ եր­­կու կա­­տաղած կռո­­ւող նո­­խազին, երբ չեն նկա­­տեր իրենց մօ­­տեցող գայ­­լը, որուն այդ օրո­­ւայ կե­­րը կը դառ­­նան։ Տխմա­­րու­­թեան ձանձրա­­նալի անի­­մաստ վե­­րել­­քը այնքան զար­­գա­­­ցած է, որ անոր հե­­ղինակ­­նե­­­րը չեն հասկնար, կամ չեն նկա­­տեր տի­­րող կա­­ցու­­թեան կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։ Երեք նշա­­նաւոր կա­­պիկի վի­­ճակին են թե­­րեւս, որ չեն լսեր, տես­­ներ եւ մար­­դա­­­վայել ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւիլ։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւրը իր էշը կը քշէ, երբ երեկ պաշ­­տօ­­­նական ելոյ­­թով Ալիեւը յայ­­տա­­­րարեց դէ­­պի Նա­­խիջե­­ւան՝ հա­­ղոր­­դակցու­­թեան նոր մի­­ջանցքը պի­­տի կա­­ռու­­ցեն իրենց պատ­­մա­­­կան Սիւ­­նի­­­քի տա­­րած­­քով։

Որ­­քան մեզ խե­­լացի հա­­մարենք այնքա՜ն տխմար քայ­­լեր ըրած ենք, որ ան­­դառնա­­լի հե­­տեւանքներ ու­­նե­­­ցած են։

Շատ հե­­ռու չգնա­­լու հա­­մար յի­­շենք ազ­­գա­­­յին հե­­րոս Վազ­­գէն Սարգսեանի յա­­մառու­­թիւնը Ռո­­պերտ Քո­­չարեանին եւ Սերժ Սար­­գի­­­սեանին Ար­­ցա­­­խէն բե­­րելը, որ դար­­ձան ազ­­գա­­­յին չա­­րիք, եր­­կու տաս­­նա­­­մեակ ան­­դա­­­դար եր­­կի­­­րը դէ­­պի ան­­դունդ գլո­­րեցին՝ ստեղ­­ծե­­­լով իրենց իմա­­ցակա­­նու­­թեան յար­­մար ու հա­­մապա­­տաս­­խան աւա­­զակա­­բարոյ հա­­մակարգ։ Ի վեր­­ջոյ՝ այ­­սօր հրա­­պարակ հա­­նեցին իրենց նմա­­նուող նոր մի չա­­րիք՝ Վազ­­գէն Մա­­նու­­կեան անու­­նով։ Իր­­մէ ազա­­տուի­­լը շատ դժո­­ւար պի­­տի ըլ­­լայ, քան­­զի ին­­քը եւս չի գի­­տակ­­ցիր, որ ար­­դի պայ­­մաննե­­րուն այլ են երկրի պա­­հանջնե­­րը։ Ինք խա­­մաճի­­կի դե­­րակա­­տար է, քան­­զի որե­­ւէ ծրա­­գիր չու­­նի եւ կա­­­րող չէ քա­­­ղաքա­­­կան ճա­­­նապար­­­հով հան­­­գուցա­­­լու­­­ծում գտնել տի­­­րող խառն ու շփոթ վի­­­ճակին։ Բարձրա­­­ձայն կ՚աղա­­­ղակէ ու­­­ժա­­­­­­­յին մե­­­թոդ­­­նե­­­­­­­րով յե­­­ղաշրջում ընել, հա­­­մարե­­­լով որ խորհրդա­­­րանը չի ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ներ ամ­­­բողջ ժո­­­ղովուրդը։ Կը մոռ­­­նայ թէ վեր­­­ջին ոչ կեղ­­­ծո­­­­­­­ւած ընտրու­­­թիւննե­­­րուն իր կող­­­քին եղած17+ի ոչ մէկ «ազ­­­գի փրկիչ» մէկ կամ եր­­կու տո­­կոսէն աւել քո­­ւէ չու­­նե­­­ցաւ։ Ժո­­ղովուրդը անոնց ար­­դէն վա­­ղուց քա­­ղաքա­­կան աղ­­բա­­­նոց նե­­տած է։

Ձանձրա­­լի, նոյ­­նիսկ նող­­կա­­­լի է, որ փո­­ղոցի վրան­­նե­­­րուն տակ գի­­շերող խեղ­­կա­­­տակ­­նե­­­րը չեն գի­­տեր, որ խա­­ղալիք դար­­ձած են նախ­­կին աւա­­զակա­­պետե­­րու եւ ռե­­ւան­­շի երա­­զան­­քով տա­­ռապող­­նե­­­րու ձեռ­­քին։ Ոչ ոք հարց չի­­տար թէ ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րու վճա­­րումնե­­րը, վրան­­նե­­­րու եւ այլ ծախ­­սե­­­րը ո՞վ կը հո­­գայ։ Նշենք թէ քաօսի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը ոչ միայն գա­­ղափա­­րով այ­­լեւ նիւ­­թա­­­պէս սնանկ են։ Այս շփո­­թի պայ­­մաննե­­րուն օրեր առաջ, Ռո­­բը յայ­­տա­­­րարեց թէ ետ գա­­լու եւ եր­­կի­­­րը ղե­­կավա­­րելու պատ­­րաստ է։ Ար­­դի բարդ ու քաօսա­­յին խնդիր­­նե­­­րը լու­­ծե­­­լու միակ մար­­դը ինքն է։ Աւե­­լին՝ ան կա­­րողա­­ցած է, եռա­­կողմ յար­­ձակման ճա­­կատ ստեղ­­ծել իր զի­­նակից պաշ­­տօ­­­նեանե­­րուն հա­­մախմբե­­լով ի դէմս ամե­­նայն հա­­յոցին իր ար­­բա­­­նեակ­­նե­­­րով, երկրի նա­­խագա­­հին եւ վեր­­ջերս մէջ­­տեղ հա­­նելով բա­­նակի զօ­­րավար­­նե­­­րուն։ Մինչդեռ այս երե­­քը պար­­տա­­­ւոր են ըստ պաշ­­տօ­­­նի եւ տրա­­մաբա­­նու­­թեան՝ ոչ միայն առ­­նո­­­ւազն չէ­­զոք մնալ, այլ նաեւ սա­­տարել իշ­­խա­­­նու­­թեան ի հե­­ճուկս, բո­­լոր տե­­սակի դա­­ւադիր­­նե­­­րուն՝ փո­­խանակ անոնց քա­­ջալե­­րելու։ Կը կար­­ծեմ ժա­­մանակն է եւ երե­­ւոյթնե­­րը բա­­ւարար հա­­սու­­նա­­­ցած են, որ իշ­­խա­­­նու­­թիւնը մտնէ իր շա­­պիկի մէջ։ Սթա­­փուի եւ կա­­տարեալ զգօ­­նու­­թեամբ վեր­­լուծէ պա­­տերազ­­մի պատ­­ճառնե­­րը եւ փնտռէ ստեղ­­ծո­­­ւած գորշ վի­­ճակէն ել­­նե­­­լու մի­­ջոց­­նե­­­րը։ Անոր հիմ­­նա­­­կան նշա­­նակէ­­տը

տնտե­­սու­­թեան եւ բա­­նակի վե­­րակա­­ռու­­ցումն է, որ պէտք եղած վստա­­հու­­թիւնն եւ հո­­գեբա­­նական հան­­դարտու­­թիւնը կը բե­­րէ, բա­­ւական ձանձրա­­ցած ու ծայ­­րաստի­­ճան հիաս­­թափ հա­­սարա­­կու­­թեան։ Փո­­ղոցը մնա­­ցած է ոճ­­րա­­­դաւ ար­­կա­­­ծախնդիր­­նե­­­րուն։ Անոնցմէ ձեր­­բա­­­զատո­­ւելու մի­­ջոց­­նե­­­րը պարզ չեն։ Երե­­ւոյ­­թը կը յի­­շեց­­նէ իմաս­­տունի այն խօս­­քը, թէ «Տիեզեր­­քը եւ մարդկա­­յին տխմա­­րու­­թիւնը սահ­­ման չու­­նին»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ