Տիառընդառաջը, Վարդանանացը Եւ Բարեկենդանը Մուսա Լերան Հայկական Գիւղերու Մէջ

ՄԻՍԱՔ ՀԵՐԿԵԼ

Աւան­դութիւննե­րու վե­րաբե­րեալ յօ­դուա­ծաշար­քի այս հա­տուա­ծին, կ՚ու­զեմ Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ երեք տօ­ներու՝ Տեառըն­դա­ռաջի, Վար­դա­նանա­ցի եւ Բա­րեկեն­դա­նի մա­սին աշ­խարհիկ ծի­սակա­տարու­թիւննե­րու եւ սո­վորոյթնե­րու մա­սին պատ­մել։

Տեառըն­դա­ռաջ

Տեառըն­դա­ռաջը կը խորհրդան­շէ քա­ռասնօ­րեայ Յի­սուս մա­նու­կի տա­ճար ըն­ծայման մա­սին Աս­տո­ւածա­շունչի պա­տու­մը։ Բար­բառնե­րու մէջ «Տա­ռըն­տազ» կամ «Տը­ռըն­տէզ» կո­չուած այս տօ­նը Մու­սա Լե­րան բար­բա­ռի մէջ ալ դար­ձած է «Տա­ռըն­տուս»։

Ըստ աւան­դութեան, Տա­ռըն­տուսի նա­խոր­դող օր եկե­ղեց­ւոյ խո­րանի աշ­տա­նակէն վա­ռուած մո­մը առանց հագցնե­լու տուն պէտք է գար եւ այդ մո­մով ալ վա­ռուէր տու­նի բո­լոր ճրագ­նե­րը կամ լապ­տերնե­րը։ Նշենք թէ եկե­ղեց­ւոյ խո­րանին վա­րուո­ղը մեղ­րա­մոմ է, պատ­րաստո­ւած տնա­յին պայ­մաննե­րով եւ նո­ւիրո­ւած հա­ւատա­ցեալ­նե­րու կող­մէ։ Սո­վորու­թիւն էր նաեւ տան բո­լոր ճրագ­նե­րը վա­ռելէ ետք այդ նոյն մեղ­րա­մոմով պատ­րաստել փոք­րիկ խա­չեր եւ կպցնել դրան մուտքին, շտե­մարա­նի ան­կիւննե­րուն, իբ­րեւ առա­տու­թեան խոր­հուրդ։

Յատ­կա­պէս 1939-ին յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն ան­հե­տացած է եկե­ղեց­ւոյ բա­կը կամ շրջա­կայ մի վայր խա­րոյկ վա­ռել, մաղ­թանք պա­հել եւ հան­գե­լու մօտ կրա­կին վրա­յէն ցատ­կե­լու սո­վորոյ­թը։ Այս մա­սին կը կար­դանք հին ար­ձա­նագ­րութիւննե­րէն միայն։

Վար­դա­նանց

428 թո­ւին Ար­շա­կու­նեանց իշ­խա­նու­թեան ան­կումով Հա­յաս­տան կը մաս­նա­հատո­ւի Բիւ­զանդիոնի եւ Սա­սանեան կայսրու­թեան մի­ջեւ։ Սա­սանեան իշ­խա­նու­թիւնը քրիս­տո­նեայ հա­յու­թեան կը պար­տադրէ կրօ­նափո­խու­թիւն դէ­պի զրա­դաշտ հա­ւատք։ Հա­յեր կը դի­մադ­րեն այդ ճնշումնե­րուն, սպա­րապետ Վար­դան Մա­միկո­նեանի հրա­մանա­տարու­թեան տակ 66 հա­զարա­նոց զօրք մը հա­ւագե­լով։ 26 Մա­յիս 451 թո­ւին Աւա­րայ­րի դաշ­տին վրայ կը մարտնչեն եր­կու բա­նակ­ներ։ Հա­յոց բա­նակը պա­տերազ­մի աւար­տին կորսնցնե­լով 1036 մար­տիկներ։ Նե­րառեալ սպա­րապե­տը եւ իր ինը իշ­խաննե­րը, պար­տո­ւած կը նա­հան­ջեն։ Աւա­րայ­րի պար­տութիւ­նը վեր­ջա­կէտ մը չի նշա­նակեր, այլ պա­տերազ­մի կեր­պա­րանա­փոխում։ Ար­դա­րեւ հայ իշ­խաննե­րու կազ­մա­կեր­պած սա­կաւա­թիւ խումբե­րու ֆե­տայա­կան բնոյ­թի յար­ձա­կումնե­րով երե­սուն տա­րի դի­մադ­րե­լէ ետք սա­սանեան իշ­խա­նու­թիւնը կը յօ­ժարի հա­յոց իրենց քրիս­տո­նէական հա­ւատով ապ­րե­լուն։ Այս ձեռքբե­րու­մով պար­տութիւ­նը կը վե­րածո­ւի յաղ­թա­նակի։ Կը սրբա­դասո­ւին 1036 մար­տիկնե­րը եւ հայ եկե­ղեցին զա­նոնք կը յի­շատա­կէ Բար­կենդա­նի նա­խոր­դող Հինգշաբ­թի օր, հո­գեւոր եղա­նակով Ս. Պա­տարա­քի եւ աշ­խարհիկ առու­մով ալ զա­նազան մի­ջոցա­ռումնե­րով։

Հա­յոց աւան­դութիւննե­րը նիւթ ու­նե­ցող աղ­բիւրնե­րու մէջ չենք հան­դի­պած նման սո­վորոյ­թի, հե­տեւա­բար եզա­կի է Վար­դաննե­րու յի­շատակ­ման օրը «հար­բուցնո­ղուց ուր» այ­սինքն հար­բեցնող­նե­րու օր կո­չելու երե­ւոյ­թը։ Վար­դա­նան­ցը մեկ­նա­կէտն է մին­չեւ Բուն Բա­րեկեն­դան շա­րու­նա­կուող եռօ­րեայ խրախ­ճանքին։

Բուն Բա­րեկեն­դան

Բա­րեկեն­դան կը կո­չենք բո­լոր տե­սակի ծո­մապա­հու­թիւննե­րու նա­խոր­դող ազատ կե­րու­խումի օրե­րը։ Իսկ եօթ­շա­բաթա­նի մեծ պահ­քի նա­խոր­դող կի­րակին կը կո­չուի Բուն Բա­րեկեն­դան։ Ու­րա­խու­թեան, զո­ւար­ճանքի, կե­րու­խումի ձօ­նուած այս օրն ալ տեղ­ւոյն բար­բա­ռով դար­ձած է «Բար­կընտընք»։ Իրա­կանու­թեան մէջ բա­ցի զո­ւար­ճանքի վեր­ջին երեք օրե­րէն, տան մսա­տու մա­տաղին մոր­թո­ւելով, ինը օր աւե­լի կա­նուխ կը սկսի Բա­րեկեն­դա­նը։ Նախ մա­տաղի մի­սը օգ­տա­գոր­ծո­ւելիք ճա­շատե­սակին հա­մապա­տաս­խան կեր­պով կը բա­ժանուի, իսկ մնա­ցածն ալ խար­կո­ւելով կը պա­հուի մեծ պահ­քին յա­ջոր­դող օրե­րուն հա­մար։

Բար­կընտըն­քի գլխա­ւոր ու­տեստներն են գլու­րը (մի­ջու­կով քուֆթա), թրա­կը (անա­սու­նի աղ­բի նմա­նուու­թեամբ) սի­նըրա­ղան (սի­նիի մէջ պատ­րաստո­ւած աղա­ցած միս), շամ­բեր մես (շամ­բուրի միս), հի­րիսի (հա­րիսա), կու­լուկո­սի թըթ­թը­ջեր (գո­լոգո­սի մի­սով ճաշ)։ Ասոնց կ՚ըն­կե­րանա­յին զա­նազան թթու­ներ, քաղցր ու աղի բո­կեղ­ներ ու այլ թխո­ւածքներ։

Զո­ւար­ճանքը կը սկսէր զուռնա­ճի (զուռնա փչող) եւ տա­ւուլճի­ներու (թմբկա­հար­նե­րու) խրախ­ճանքի դաշ­տը մտնե­լով։ Անոնք նախ ծանր եւ ապա հետզհե­տէ աշ­խոյժ կշռոյ­թի եղա­նակ­նե­րով ժո­ղովուրդը կը կան­չէին պա­րի։ Իւ­րա­յատուկ էր «ծունտր հա­ւուեն», որ բա­ւակա­նին ծանր կշռոյ­թով ան­հա­տօրէն կը պա­րէին եր­կու ձեռ­քե­րուն եր­կու թաշ­կի­նակ բռնած։ Մերթ ան­հա­տաբար, մերթ ալ եր­կու այ­րե­րով կը պա­րէին «Չալ­մի թան­կը հա­ւու» (դա­շոյ­նով պար)։ Իսկ «Տափ­քի»ն կի­ներու ալ մաս­նակցու­թեամբ շուրջպար մըն էր, որ դար­ձեալ ծանր կշռոյ­թով կը սկսէր եւ հետզհե­տէ կ՚արա­գանար։

Կար նաեւ տնա­միջեան խա­ղիկ­ներ որոնցմէ «Թըր­րը­տիլ»ը յատ­կա­պէս կա­նանց յա­տուկ երգ ու պար էր։ Թըր­րը­տիլին կը յա­ջոր­դէր «Շա­րիլ»ը, ուր այս ան­գամ գե­ղաձայն ու հնա­րամիտ կա­նայք նիւ­թի մը շուրջ յան­կարծա­բանու­թեամբ քա­ռեակ­ներ կ՚եր­գէին եւ կի­ներու խումբն ալ կը կրկնէր յան­կերգնե­րը։

«Ապ­տիլ»ը եւս Մու­սա Լե­րան գիւ­ղե­րու յա­տուկ խաղ մըն է, քա­նի որ անոր նմա­նին չենք հան­դի­պած որե­ւէ աղ­բիւրի մէջ։ «Ապ­տիլ» սար­քե­լու հա­մար թոն­րի ափ­սէի փոս երե­սին կը լեց­նէին ժայ­ռի աղի կտոր­ներ, առանց բա­րակ աղե­լու եւ կը դնէին կրա­կի վրայ, մին­չեւ որ ինք եւս ստա­նայ կրա­կի ջեր­մութիւ­նը եւ գոյ­նը։ Կը հան­գեցնէին բո­լոր լոյ­սե­րը եւ արախ կամ ալ­քոլ կը լեց­նէին այ­րած աղին վրայ։ Դուրս եկած շո­գին իս­կոյն կը բռնկէր, կամ եթէ ոչ լուցկիի մը մի­ջոցաւ կը բռնկեց­նէին եւ կը ստա­ցուէր շա­րու­նակ գու­նա­փոխո­ւող յա­տուկ լու­սա­տու մը։ Անոր ցոլ­քին մէջ եր­բեմն ծի­ծաղե­լի, եր­բեմն ալ սար­սա­փելի տես­քեր կը ստա­նային մարդկանց դէմքերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ