Վերայայտնութիւն Ուլուսի Հայկական Գերեզմանատան

Անցեալ շա­բաթ Թուրքիոյ ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը պաշ­տօ­նագիր մը ուղղեց Յու­նաստա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն պա­հան­ջե­լով Հալ­քի­տիքիի եր­բեմնի իս­լա­մաց գե­րեզ­մա­նը որ յայտնա­բերո­ւած էր դպրո­ցի մը շի­նու­թեան ժա­մանակ, իս­կոյն պաշտպա­նու­թեան տակ առ­նո­ւի, բա­րեզար­դուի եւ ցու­ցա­տախ­տա­կով մըն ալ նշո­ւի իս­լա­մական գե­րեզ­ման ըլ­լա­լը։ Տա­կաւին այդ վերջնա­գիրի ար­ձա­գանգնե­րը կը շա­րու­նա­կէին Ան­գա­րա Ու­լուսի մէջ յայտնա­բերո­ւեցաւ հայ կա­թողի­կէ գե­րեզ­մա­նատուն մը։ Այդ շրջա­կայ­քի մէջ մզկի­թի մը շի­նու­թիւնը պատ­ճառ դար­ձած էր «Իլ­լեր Պան­քա­սը» շեն­քին փլուզման։ Այժմ մզկի­թի հա­րեւա­նու­թեամբ նոր շէն­քի կա­ռուցման պա­հուն յայտնա­բերո­ւած է Հա­յոց գե­րեզ­մա­նը։

Ան­գա­րայի ճար­տա­րապետ­նե­րու սե­նեակի պետ Թեզ­ճան Գա­րագուշ Ճան­տան պա­հան­ջեց, որ դադ­րի շի­նու­թեան աշ­խա­տանքնե­րը եւ տա­րած­քը գրան­ցո­ւի իբ­րեւ պատ­մա­կան վայր, քա­նի որ հոն կայ նաեւ եկե­ղեցիի մը աւե­րակները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ