Ալ աւելի կը դժուարանայ Պալեանները ուրանալը

Ուշ Օս­մա­նեան շրջա­նի ճար­տա­րապե­տու­թեան մէջ անու­րա­նալի եւ ան­հերքե­լի իրո­ղու­թիւն է Պա­լեան Ճար­տա­րապետ ըն­տա­նիքի թո­ղած մեծ ժա­ռան­գը։ Երեք սե­րունդով ար­քունի ճար­տա­րապետ Պա­լեան­ներ բազ­մա­թիւ կո­թողա­յին շի­նու­թիւննե­րու կող­քին հե­ղինա­կած են նոյնքան բազ­մա­թիւ գոր­ծա­րան­ներ եւ ճար­տա­րագի­տական զա­նազան բնոյ­թի կա­ռոյցներ։

Երկրի մէջ տի­րող հա­յատեացու­թիւնը դի­տումնա­ւոր կեր­պով փոր­ձած է ան­տե­սել այս կա­րեւոր աւան­դը։ Գտնո­ւած են փրոֆ կո­չու­մով տի­պար­ներ, որոնք նոյ­նիսկ փոր­ձած են Պա­լեան­նե­րու ճար­տա­րապե­տի կո­չու­մը ու­րա­նալ։

Այդ տե­սակ­նե­րուն ար­ժա­նի պա­տաս­խան տո­ւող առա­ջին անու­նը եղաւ հա­յազ­գի պատ­մա­բան ու լե­զուա­գէտ Փարս Թող­լա­ճը իր հե­ղինա­կած «Պա­լեան Ըն­տա­նիքը» խո­րագ­րեալ հա­տորով։ Այժմ հրա­տարա­կու­թեան կը պատ­րաստո­ւի Պիւ­քէ Ու­րա­սի ու­սումնա­սիրու­թիւնը՝ «Պա­լեան­ներ» հա­տորը, որ 25 Մար­տէն ետք պի­տի տրա­մադ­րո­ւի թրքե­րէն եւ անգլե­րէն երկլե­զու ըն­թերցող­նե­րուն։ Նշենք որ այս հա­տորի հրա­տարա­կու­թեան մէջ կա­րեւոր ար­խի­ւային տո­ւեալ հայ­թայթած է Հա­յաս­տա­նի Ալեք­սանդր Թա­մանեանի անո­ւան Ճար­տա­րապետ­նե­րու ազ­գա­յին Թան­գա­րան- Ինստու­տուտի ար­խի­ւային նիւ­թե­րը, որոնք մօտ ան­ցեալին կի­սուած էին Հայ Ճար­տա­րապետ­նե­րու եւ Ճար­տա­րագէտ­նե­րու Միու­թեան հետ։

352 էջա­նի այս նոր հրա­տարա­կու­թեան մէջ տեղ կը գտնէ Պա­լեան Գեր­դաստա­նի ան­դամնե­րու դի­ման­կարնե­րը, հա­մաշ­խարհա­յին ար­խիւնե­րէն նիւ­թեր, կնիք­ներ, նա­խագի­ծեր, շի­նու­թիւննե­րու ճա­կատա­յին տե­սարան­ներ եւ պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող 158 լու­սանկարներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ