Համայնքային նոր մարտահրաւէր թաղական կազմեր ձեւաւորելու համար

Նախորդ թի­­ւով ար­­դէն անդրա­­դար­­ձած էինք Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի յայ­­տա­­­րարած «Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Գործնա­­կան ծրա­­գիր»ի մա­­սին։ Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ այլ հո­­գեւոր պե­­տերու ըն­­դա­­­ռաջած էր յա­­տուկ հրա­­ւէրին եւ ներ­­կայ գտնո­­ւած Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի ծրա­­գիրը ծա­­նօթաց­­նող ելոյ­­թին։ Սրբա­­զան Պատ­­րիար­­քի վե­­րադար­­ձէն ետք Պատ­­րիար­­քա­­­րանի Դի­­ւանի ստո­­րագ­­րութեամբ ծա­­նօթագ­­րութիւն մը հրա­­պարա­­կուե­­ցաւ, որուն մէջ ընդգրկո­­ւած էր Սա­­հակ Բ. Սրբա­­զանի տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը։ Սրբա­­զանը գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն յայտնած էր լսած­­նե­­­րուն մա­­սին յատ­­կա­­­պէս ծան­­րա­­­նալով հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չութիւննե­­րուն ընտրու­­թեան մա­­սին խոս­­տումնե­­րուն։ Ան­­շուշտ որ հասկնա­­լի է Պատ­­րիարք Սրբա­­զանի ու­­րախ ակնկա­­լու­­թիւնը, բայց այս երե­­ւոյ­­թը ար­­գելք չէ աւե­­լի քան ու­­թը տա­­րիներ տե­­ւած զան­­ցա­­­ռու­­թիւնը ան­­տե­­­սելու հա­­մար։ Իս­­կա­­­պէս ալ բա­­ւակա­­նին սուղ ար­­ժած է եր­­կու ընտրաշրջա­­նի հաս­­նող այս ոտնձգու­­թիւնը, քա­­նի որ այժմու թա­­ղական խոր­­հուրդնե­­րու ան­­դամնե­­րը ար­­դէն իսկ կը լրաց­­նեն 12 տա­­րինե­­րու հաս­­նող պաշ­­տօ­­­նավա­­րու­­թեան շրջան մը։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով որ հա­­մայնքի միակ օրի­­նական մար­­միննե­­րը թա­­ղակա­­նու­­թիւններն ու խնա­­մակա­­լու­­թիւններն են ընտրու­­թիւննե­­րու բա­­ցակա­­յու­­թիւնը անըն­­դունե­­լի բաց­­թո­­­ղու­­մի մը վե­­րածո­­ւած է հա­­մայնքին հա­­մար։

Պատ­­րիար­­քա­­­րանի յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ ու­­շագրաւ է նաեւ այն կո­­չը, ուր ուղղո­­ւած է թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րուն, այս վեր­­ջին խոս­­տումին իրա­­կանաց­­ման հա­­մար պա­­հան­­ջա­­­տէր ըլ­­լա­­­լու մա­­սին։

Նշենք նաեւ թէ հա­­մայնքա­­յին կարգ մը երի­­տասարդ փաս­­տա­­­բան­­ներ ալ դա­­տարան­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ կը փոր­­ձեն ընտրութեան իրա­­ւունքի վե­­րահաս­­տա­­­տու­­մը։ Այս հանգրու­­նին կ՚ար­­ժէ օրա­­կար­­գի բե­­րել հա­­ւանա­­կան ընտրու­­թեան մը ըն­­թացքին նոր կազ­­մե­­­րու ձե­­ւաւոր­­ման ուղղեալ խորհրդա­ծու­թիւններ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ