Մաս առ մաս կը փակուի Էթֆալ Հիւանդանոցը

Իսթան­պուլ քա­ղաքի կեդ­րո­նական Շիշ­լի թա­ղամա­սի կա­րեւոր առող­ջա­պահա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րէն մէկն է Էթ­ֆալ հի­ւան­դա­նոցը, որ ու­նի աւե­լի քան 120 տա­րուայ ան­ցեալ։ Վեր­ջերս օրա­կար­գի եկած էր հի­ւան­դա­նոցը մաս առ մաս փո­խադ­րել զա­նազան վայ­րեր եւ ի վեր­ջոյ անոր գրա­ւած տա­րած­քը վե­րար­ժե­ւորել աւե­լի շա­հաւետ նպա­տակի մը հա­մար։ Թուրքիոյ քա­ղաք­նե­րուն մատ­նո­ւած կա­րեւո­րագոյն դժո­ւարու­թիւնն է թա­լանի սպառ­նա­լիքը։ Բո­լոր այդ տա­րածքնե­րը որոնք շա­հոյթ ապա­հովե­լու տա­րողու­թիւն ու­նին կը սե­փակա­նացո­ւին եւ հարստա­նալու առիը կ՚ընդձե­ռեն իշ­խա­նու­թեան մօտ գոր­ծա­տէրե­րու։ Այդ ցան­կութիւ­նը չի խնա­յեր նոյ­նիսկ գնաց­քի կեդ­րո­նական կա­յան­նե­րը ինչպի­սիք են Հայ­տարփա­շա եւ Սիր­քե­ճի։ Շատ ան­գամ բնա­կավայ­րերն ալ կը բաժ­նեն նոյն ճա­կատա­գիրը, ուր եր­բեմնի սե­փական տու­նե­րու տեղ կը բարձրա­նան առեւ­տուրի կեդ­րոններ կամ երկնա­գեր կա­ռոյցներ։ Այդ թա­լանէն իրենց բա­ժինը ստա­ցած են գնչո­ւաբ­նակ պատ­մա­կան Սու­լուքու­լէ եւ Քուշթե­փէ թա­ղերը։

Էթ­ֆալ Հի­ւան­դա­նոցի վե­րացու­մը մտա­հոգու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ այդ հաս­տա­տու­թե­նէ օգ­տո­ւող բազ­մա­հազար քա­ղաքա­ցիներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ