Խոստում փոքրամասնութեան մամուլին

Գրաւոր մա­մու­լի մէջ պե­տական ծա­նու­ցումնե­րը դա­սաւո­րող մար­մի­նը եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր զանց կ՚առ­նէր փոք­րա­մասնութիւ­նե­րու պատ­կա­նող թեր­թե­րը։ Գրա­ւոր մա­մու­լի մի­ջեւ այս անար­դա­րու­թիւնը վե­րաց­նե­լու նպա­տակով մամ­լոյ ծա­նու­ցումնե­րու հա­սատա­տու­թիւնը որո­շած էր 2001 թո­ւակա­նէն սկսեալ ծա­նու­ցումի փո­խարէն որոշ գու­մար տրա­մադ­րել հայ, յոյն եւ հրեայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն պատ­կա­նող պար­բե­րական մա­մու­լին նիւ­թա­կան աջակ­ցութիւն ապա­հովել։ Այդ աջակ­ցութիւ­նը չէր կա­յացած 2020 թո­ւակա­նին։ Կ՚ակնկա­լուէր թէ 17 Փետ­րո­ւարին կա­յացած ընդհա­նուր ժո­ղովին այդ բաց­թո­ղու­մը կը վե­րացո­ւի։ Սա­կայն ժո­ղովէն ետք հրա­պարա­կուած յայ­տա­րարու­թեան մէջ տես­նո­ւեցաւ որ քննար­կո­ւող նիւ­թե­րուն ցան­կին մէջ տեղ չէ տրուած ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւ­նե­րու մա­մու­լին զօ­րակ­ցե­լու նիւ­թին։ «Ակօս»ի այս ուղղու­թեամբ կա­տարած լրա­տուու­թե­նէ ետք Մա­մու­լի Ծա­նու­ցումնե­րու Կազ­մա­կեր­պութիւ­նը 12 Մար­տին իր կայ­քէ­ջին վրայ յայ­տա­րարեց թէ 17 Փետ­րո­ւարի ժո­ղովին 350 հա­զար լի­րա ար­ժո­ղու­թեամբ յատ­կա­ցում մը վե­րապա­հուած է փոք­րա­մաս­նութեան մա­մու­լին համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ