16 Մարտը պատմութեան մէջ

Օրա­ցոյ­ցի էջե­րուն մէջ 16 Մարտ թո­ւակա­նը տխուր յի­շատակ­ներ կը պա­հէ Թուրքիոյ հաշ­ւոյն։ Ող­բերգու­թիւննե­րու թո­ւական մըն է ան, քա­նի որ 1964 թո­ւին թուրքաբ­նակ բազ­մա­թիւ յոյ­ներ կա­ռավա­րու­թեան յան­կարծա­կի որո­շու­մով մը հար­կադրո­ւեցան իրենց ծննդա­վայր եր­կի­րը լքե­լու։ Հան­րա­պետու­թեան հիմ­նա­դիր Մուսթա­ֆա Քե­մալի եւ յու­նաց Նա­խագահ Վե­նիզե­լոսի ստո­րագ­րած հա­մաձայ­նա­գիրը միակող­մա­նի կեր­պով ջնջո­ւեցաւ Ինէօնի­ւի կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ։ Երկրէն վտա­րուող­նե­րուն ար­տօ­նուե­ցաւ իրենց հետ ու­նե­նալ 20 քկ. ծան­րութիւ­նով ճամբրուկ մը եւ 20 տո­լար սահմանումով տա­րադ­րամ։

Մար­դիկ ակա­մայ լքե­ցին իրենց պա­պենա­կան տնե­րը, խա­նութնե­րը եւ ամ­բողջ նիւ­թա­կան կու­տա­կու­մը։

Նոյն 16 Մարտ թո­ւակա­նը 14 տա­րի անց 1978-ին կը խորհրդան­շէ եօթը հա­մալ­սա­րանա­կան երի­տասարդնե­րու սպա­նու­թիւնը Իս­թանպու­լի Հա­մալ­սա­րանի դե­ղագոր­ծութեան բաժ­նի մուտքին։ Ոս­տի­կանու­թեան հետ հա­մագոր­ծակցա­բար կա­տարո­ւած ազ­գայնա­կան­նե­րու յար­ձա­կու­մը մին­չեւ օրս կը դա­սուի հե­ղինա­կը ան­յայտ ոճիր­նե­րու շար­քին։ Ար­դա­րեւ այս տա­րի ալ «78-ական­նե­րու հիմ­նարկ» հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւ­նը դէպ­քի յի­շատակ­ման հա­մար մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւն մը կա­տարեց ոճի­րին պա­տահած վայ­րին վրայ։

1988 թո­ւին այս ան­գամ մեծ ոճի­րը կը կա­յանար Թուրքիոյ սահ­մաննե­րէն դուրս, Ըրա­քի քրտաբ­նակ Հա­լեփ­չէ քա­ղաքին մէջ։ Սատ­տա­մի զի­նուոր­ները քի­միական կա­զով թու­նա­ւորե­ցին խա­ղաղ բնակ­չութիւ­նը թու­նա­ւոր կազ ար­ձա­կելով քա­ղաքին վրայ։ Պաշ­տօնական տո­ւեալ­նե­րով մա­հացող­նե­րու թի­ւը յայ­տա­րարո­ւեցաւ 6357 ըլ­լա­լով։ Անոնց մէջ մե­ծամաս­նութիւն կը կազ­մէին երա­խաներն ու կի­ները։

Այդ տա­րելի­ցի առ­թիւ ալ Թուրքիոյ զա­նազան քա­ղաք­նե­րու մէջ կա­տարուեցաւ յի­շատակ­ման եւ ոգե­կոչ­ման մի­ջոցա­ռումներ։

Ցա­ւալին այն է թէ ան­ցեալի այս դէպ­քե­րը բա­ցար­ձա­կապէս ան­ցեալի մէջ չեն մնա­ցած եւ ընդմիշտ կը կրկնո­ւին տար­բեր վայ­րե­րու մէջ, տար­բեր ձե­ւերով եւ միշտ պա­հելով իրենց ան­մարդկա­յին բնոյթը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ