Փութին, Փաշինեան, Ալիեւ եռակողմ հանդիպում

Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան նա­խագահ Վլա­տիմիր Փու­թին 11 եւ 12 Մարտ թո­ւական­նե­րուն հե­ռախօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի եւ Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւի հետ։ Կրեմ­լի մամ­լոյ ծա­ռայու­թեան հա­ղոր­դումով հար­ցազրոյ­ցին քննար­կո­ւած է Ար­ցա­խի խնդրի շուրջ գո­յացած հա­մաձայ­նութեան գոր­ծադրման եղա­նակ­նե­րը։ Նշո­ւեցաւ նաեւ զի­նադա­դարը յար­գո­ւելուն եւ տա­րածաշրջա­նի վրայ խա­ղաղու­թիւն տի­րելու մա­սին գո­հու­նա­կու­թիւնը։ Երեք ղե­կավար­նե­րը քննար­կած են նաեւ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ տնտե­սական եւ փո­խադ­րա­կան ցան­ցե­րու հան­դի­պած ար­գելքնե­րը վե­րաց­նե­լու խնդիր­նե­րը։

Միւս կող­մէ Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ 14 Մարտ կի­րակի օր տե­սակ­ցե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նային նա­խագահ եւ Շո­ւէտի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Ան Լին­տէի հետ։ Ալիեւ այդ հան­դիպման ըն­թացքին նշեց թէ Ար­ցա­խի հա­կամար­տութիւ­նը աւար­տին հասցնե­լու հա­մար իբ­րեւ մեկ­նա­կէտ պատ­րաստ են Երե­ւանի հետ յա­րաբե­րու­թիւններ մշակելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ