Պոլսոյ Երբեմնի Բարեկենդանը

Անի Պարոնեան

Բազմամ­շա­կու­թա­յին քա­ղաք որ­պէս, Պոլ­սոյ մէջ բա­րեկեն­դա­նի սո­վորու­թիւններն ալ բազ­մե­րանգ էին։ Պոլ­սոյ հա­յերը մե­ծամաս­նութեամբ Մեծ Հայ­քէն գաղ­թած են։ Բայց կար նաեւ Պոլ­սոյ մէջ քա­նի մը հա­րիւ­րա­մեակ ան­ցեալ ու­նե­ցող ըն­տա­նիք­ներ, որոնցմէ մէ­կէն սե­րած էր մայրս։ Թէեւ անոնք ալ վա­նեցի էին իրենց ար­մատնե­րով։ Իսկ հօ­րենա­կան ճիւ­ղը եկած էր Պրու­սա, Քա­րաճա­պէյ Սալ­մա­սէն։ Աք­սո­րի տա­րինե­րուն մին­չեւ Տա­մաս­կո­սի մօ­տակայ Ճես Ալ Այն գիւ­ղը հա­սած ու ապա 1920 թո­ւին իբ­րեւ գաղ­թա­կան բնա­կած էին Պոլ­սոյ Գումգա­բու թա­ղը։

Ու­նե­ւոր հո­ղամ­շակ ըն­տա­նիք մը ըլ­լա­լով Սա­գաեան­նե­րը հի­մա ապաս­տա­նած էին նկու­ղա­յին բնա­կարան մը, որու լու­սա­մու­տէն ոչ թէ Քա­րաճա­պէյի լայն դաշ­տե­րը, այլ անցնող­նե­րուն կօ­շիկ­նե­րը կը դի­տուէր միայն։

Որ­դին ու դուստրը տա­րագ­րութեան ճամ­բա­ներուն Տա­մաս­կոս թա­ղած Նա­զիկ մեծ մայրս ապա Պոլ­սոյ մէջ եւս ու­նե­ցաւ եր­կու զա­ւակ, որոնք կնքեց կորցրած­նե­րուն անուննե­րով։ Որ­քան սրտա­ցաւ պատ­ճա­ռող, նոյնքան ալ սրտապնդող այդ պատ­մութեան մէջ ծնանք նաեւ մենք՝ որ ողոր­մութեամբ կը յի­շենք իրենց տխուր եւ յոյս ներշնչող յի­շատա­կը։

Գա­լով Բա­րեկեն­դա­նին, ան Մեծ Պահ­քի զրկանքնե­րու շրջա­նին նա­խոր­դող վեր­ջին ազատ օրն է, ուր կ՚ու­տես հա­մով ու­տեստներ, կը զո­ւար­ճա­նաս, կ՚ու­րա­խանաս, նոյ­նիսկ կը դի­մես չա­փազան­ցութեան, որ ար­տօ­նուած է միայն Բա­րեկեն­դա­նի սի­րոյն։ Ու­նէինք յոյն եւ պուլղա­րացի հա­րեւան­ներ, որոնց հետ եր­բեմն նոյն թո­ւակա­նի կը զու­գա­դիպէր Բա­րեկեն­դա­նը։ Այդ տա­րինե­րուն ալ աւե­լի մեծ եռանդ ու խինդ կը տի­րէր թա­ղին մէջ, որ­մէ ան­մասն չէին մնար նոյ­նիսկ իս­լա­մադա­ւան­նե­րը։

Նա­զիկ մեծ մայրս ու հայրս Բա­րեկեն­դա­նը կը դի­տէին Մեծ Պահ­քի նա­խոդող օր ըլ­լա­լով միայն։ Չէին ոգե­ւորո­ւեր այդ «զեւ­զեկ» սո­վորու­թիւննե­րով, որ ար­դէն իսկ պա­տած կ՚ըլ­լար մեր շուրջբո­լորը։ Մօրս կող­մը ընդհա­կառակ, խո­հանո­ցային եր­կար պատ­րաստու­թիւննե­րով կը դի­մաւո­րէին Բա­րեկեն­դա­նը։ Այդ նա­խապատ­րաստո­թիւ­նը կա­րելի է բնու­թագրել եր­կու բա­ռերով՝ խու­ճապ ու աղ­մուկ։ Սա­ներու, աման չա­մանի աղ­մուկին վրայ վազվզուք մը երկյար­կա­նի տան աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ մէկ վեր, մէկ վար ել­լել իջ­նե­լով։ Եւ խու­ճապ հիւ­րե­րու գալստեան պատ­րաստ ըլ­լա­լու կամ եթէ մենք պի­տի ժա­մանենք, չու­շա­նալու առու­մով։ Հայրս այս բո­լորին նա­յելով իր դժգո­հու­թիւնը ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար կը գոր­ծա­ծէր «խառ­նի­ճաղանճ» եզ­րը։

Այդ խու­ճա­պին մէջ բաց չէր թող­նո­ւեր Ղե­ւոն­դեաց Քա­հանա­յից Տօ­նը՝ այ­սինքն Վար­դա­նան­ցը։ Մայրս ան­պայման պի­տի հե­տեւէր արա­րողու­թեան ու վե­րադար­ձին մեծ ոգե­ւորու­թեամբ պի­տի պատ­մէր թէ որ­քան վե­հաշուք էին քա­հանա­յից դա­սու եր­գե­ցողու­թիւննե­րը։ Մայրս ինք ալ եր­կար տա­րիներ շա­պիկ հա­գած, դպրու­թիւն ըրած էր։ Նոյ­նիսկ երբ 1941 թո­ւին 20 դա­սակարգ զի­նուոր հա­ւաքո­ւեցաւ, զի­նուո­րագ­րո­ւած էր նաեւ Պա­գըր­գիւղի Ս. Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեցո­ւոյ երաժշտա­պետ Քալ­ճինճիեան էֆեն­տին։ Մօրս կազ­մա­կեր­պութեամբ գոր­ծել սկսաւ Հռիփ­սի­մեանց երգչա­խումբ մը, որուն ան­դամնե­րը կի­ներ էին։

Մօրս եկե­ղեցիէն գա­լով ալ աւե­լի թափ կը ստա­նար պատ­րաստու­թիւննե­րը, որոնք կար­ծես արա­րողա­կար­գի մը բնոյ­թը ու­նէին։ Տօ­նական սե­ղանին պար­տա­դիր էին մայ­րա­քաղա­քայի­նը, լո­պիի եւ ու­լա­կան­չի փի­լաքին, ձկնկի­թով պատ­րաստո­ւող թա­րաման, թո­փիկը, փոքր եռան­կիւննե­րով փա­թաթո­ւած «մուսքա» պէօրէ­քը, դար­ձեալ քա­րեգնդա­կի չա­փով գլո­րուած քիւֆթան։ Ենի­մահալ­լէ թա­ղի Փե­րու­զէն գնո­ւած հաւն ալ լաւ մը պի­տի խա­շէր ու ապա յատ­կա­պէս սպի­տակ մի­սերը պի­տի զար­դա­րէին կա­նան­չե­ղէնի սա­լատը։

Լա­քեր­տան հայրս կը բե­րէր Սա­մաթիայէն։ Նոյնպէս Սա­մաթիա «Մե­զեճի Զա­ւէն»էն կը գնէր եր­շիկ, ապուխտ եւ պա­նիրի տե­սակա­նի։

Անու­շե­ղէնը տնա­կան էր, բայց անոր հետ մա­տու­ցո­ւող կաթ­նա­սերը Գումգա­բուէն, Պո­րիսէն պի­տի առ­նէինք ան­պայման։

Հասկնա­լի է ըն­թերցո­ղի զար­մանքը կամ նոյ­նիսկ ագա­հու­թեան մե­ղադ­րանքը սե­ղանի այդ ճո­խու­թեան հան­դէպ։ Բայց պէտք չէ մոռ­նալ թէ այդ կե­րու­խումին պի­տի յա­ջոր­դէ յիս­նօ­րեայ զրկանքնե­րու շրջան մը, որ ձօ­նուած է ապաշ­խարհու­թեան, ինքնամ­փոփման եւ զսպուածու­թեան։ Նոյ­նիսկ տան հա­յելի­ները սեւ քօ­ղով կը ծած­կո­ւէին Մեծ Պահ­քի ըն­թացքին։

Նշեմ որ Վար­դա­նան­ցը նաեւ անո­ւանա­տօն է ո՛չ միայն Վար­դաննե­րու կամ Վարդ ար­մա­տով սկսող անուն ու­նե­ցող­նե­րու, այլ նաեւ բո­լոր անոնց հա­մար, որոնց անու­նը չէ նշո­ւած Աս­տուածա­շունչի մէջ։

Բնու­թեան վե­րակեն­դա­նացու­մը խորհրդան­շող Բա­րեկեն­դա­նի սո­վորու­թիւննե­րուն մէջ կա­րեւոր էր կեր­պա­րանա­փոխու­թիւնը։ Այդ օր մար­դիկ դի­մակ­նե­րով ու ան­սո­վոր տա­րազ­նե­րով կը շրջէին եւ պատ­ճառ կը դառ­նա­յին խինդ ու ծի­ծաղի։ Կա­նայք տղա­մար­դու, այ­րեր կա­նացի զգես­տով եւ ընդհան­րա­պէս բո­լորն ալ դի­մակով ան­ճա­նաչե­լի կը դառ­նա­յին։ Նման ան­ճա­նաչե­լիու­թե­նէն ալ կը ստա­ցուէր տե­սակ տե­սակ կա­տակ­ներ։ Ան­գամ մը երբ բո­լորս տունն էինք դու­ռը ուժգին թա­կուե­ցաւ։ Օտար մըն էր, որ պըռչկու­տուքով մը կանգնած էր շե­մին։ Մայրս լե­ղապա­տառ ներս վա­զեց «Թագ­ւոր քա­պատա­յի մը եկած կը պո­ռայ» ըսե­լով։ Խեղ­ճը ուրկէ գիտ­նար թէ եկո­ղը ըն­կե­րու­հի­ներէս մէկն էր, հօ­րը բաճ­կո­նը ու տա­բատը հա­գուած գլխուն գդակ մը եւ կեղծ պե­խերով։

Ոմանք ալ կ՚ան­հանգստա­նային, խիստ պա­հուած­քով «քե­փազէու­թիւն» կը հա­մարէին այդ կա­տակ­նե­րը։ «Մու­չի­նա» կամ «Մաս­քա­րա» կը կո­չէին չա­փազան­ցո­ւած դի­մայար­դա­րու­մը։ Այ­սօր ալ կը մտա­ծեմ, ի՞նչն էր այդ մի օրեայ զո­ւար­ճանքը դա­տապար­տող ան­հանդուրժո­ղու­թեան պատ­ճա­ռը։

Ափ­սոս որ այդ քաղցր յի­շատակ­նե­րը մնա­ցին ան­ցեալին։ Ես իմ հաշ­ւոյս խոս­տո­վանիմ որ կա­րօտած եմ Մու­չի­նայու­թիւնն ալ, Մաս­քա­րայու­թինն ալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ