Կոչ՝ Արցախի յուշարձաններու պաշտպանութեան համար

Ուղղա­փառու­թեան միջ­խորհրդա­րանա­կան վե­հաժո­ղովի գլխա­ւոր քար­տուղար, Յու­նաստա­նի խորհրդա­րանի ան­դամ, Մաք­սի­մոս Խա­րակո­պու­լո­սը անդրա­դար­ձած է Ար­ցա­խի քրիս­տո­նէական յու­շարձան­նե­րու պաշտպա­նու­թեան ուղղո­ւած յայ­տա­րարու­թիւնով մը, ու կ՚ըսո­ւի. «Ուղղա­փառու­թեան միջ­խորհրդա­րանա­կան վե­հաժո­ղովը բազ­միցս յայ­տա­րարած է հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքակրթու­թեան յու­շարձան­նե­րը պաշտպա­նելու անհրա­ժեշ­տութեան մա­սին՝. դէմ լըլ­լա­լով անոնց ոչնչաց­ման, ինքնու­թեան աղա­ւաղ­ման կամ նպա­տակի փո­փոխու­թեան։ Մարդկու­թիւնը զգա­լի առա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րած է հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան ցու­ցադրման մէջ։ Այն կը նե­րառէ կրօ­նական յու­շարձան­ներ, որոնք կամ շա­րու­նա­կեն իրենց առա­քելու­թիւնը կամ ալ դա­դարած են իրենց նպա­տակ­նե­րով օգ­տա­գոր­ծո­ւելէ։

Ժա­մանա­կակից քա­ղաքակրթու­թիւնը կը գի­տակ­ցի յու­շարձան­նե­րու հսկա­յական պատ­մա­կան եւ հո­գեւոր ար­ժէ­քին, որոնց մի­ջոցով տե­ղի կ՚ու­նե­նայ երկխօ­սու­թիւն պատ­մա­կան ան­ցեալի եւ մարդկա­յին ոգու վեհ մտայ­ղա­ցումնե­րու մի­ջեւ, ինչ որ նա­խադ­րեալ է մտքի հե­տագայ զար­գացման եւ մեր ընդհա­նուր ար­ժէքնե­րու ամ­րապնդման հա­մար։ Բա­ցի այդ, պատ­մութեան եւ պաշ­տա­մունքի իւ­րա­քան­չիւր յու­շարձա­նի նկատ­մամբ պատ­շաճ յար­գանքը կը նպաս­տէ կրօ­նական հա­մայնքնե­րու մի­ջեւ փո­խըմբռնման եւ ի վեր­ջոյ՝ ժո­ղովուրդնե­րու խա­ղաղ գո­յակ­ցութեան։

Սա­կայն, ցա­ւօք, այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կուի տե­ղի ու­նե­նալ իրա­դար­ձութիւններ, որոնց ար­դիւնքով այդ սկզբունքնե­րը կը խախ­տո­ւին։ Կան դէպ­քեր, երբ եր­կար պատ­մութիւն ու­նե­ցող եւ՛ գե­ղագի­տական, եւ՛ գե­ղարո­ւես­տա­կան ար­ժէք ներ­կա­յացող կրօ­նական յու­շարձան­նե­րը կա­մայա­կանօ­րէն կը վե­րափո­խուին ու կը վե­րածո­ւին իրենց հա­մար խորթ կրօ­նական մի­ջոցա­ռումներ կա­տարե­լու կամ այլ նպա­տակով օգ­տա­գոր­ծե­լի վայ­րե­րու։

Այսպէս, վեր­ջերս, Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թեան որոշ­ումով Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարը վե­րածո­ւեցաւ մզկի­թի, հա­կառակ որ ան կա­ռու­ցո­ւած էր Զ. դա­րուն եւ ընդգրկուած էր ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պաշ­տօ­նական ցու­ցա­կին մէջ։

Եր­բեմն պատ­մութեան եւ մշա­կոյ­թի յու­շարձան­նե­րը ամ­բողջու­թեամբ կը ոչնչա­ցուին, առանց նկա­տի ու­նե­նալու թէ անոնք կը վկա­յեն հա­մապա­տաս­խան տա­րածքնե­րուն այլ ժո­ղովուրդնե­րու, կրօն­նե­րու եւ քա­ղաքակրթու­թիւննե­րու դա­րաւոր ներ­կա­յու­թեան մա­սին։ Նման գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը բազ­միցս ար­ձա­նագ­րո­ւած են Կո­սովա եւ Մե­տոխիա, Սու­րիոյ եւ Իրա­քի գրա­ւեալ տա­րածքնե­րը, ինչպէս նաեւ թուրքա­կան բա­նակի կող­մէ գրա­ւուած Կիպ­րո­սի Հան­րա­պետու­թեան տա­րածքնե­րը։

Նշո­ւած­նե­րու հի­ման վրայ. որ­պէս բազ­մա­թիւ երկրնե­րու խորհրդա­րան­նե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ անհրա­ժեշտ կը հա­մարենք ամէն ան­գամ մեր կտրուկ ան­հա­մաձայ­նութիւ­նը յայտնել այս կար­գի գոր­ծարկնե­րու հետ եւ յոր­դո­րել մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն եւ կա­ռավա­րու­թիւննե­րուն կան­խել անոր օգ­տա­գոր­ծումը։

Այս կա­պակ­ցութեամբ մենք կը ցան­կա­նանք յա­տուկ ու­շադրու­թիւն հրա­ւիրել այն իրա­վիճա­կին, որ ստեղ­ծո­ւած է Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի արիւ­նա­լի պա­տերազ­մի աւար­տէն ան­մի­ջապէս յե­տոյ։ 2020 թ. Նո­յեմ­բե­րի 9-ին ստո­րագ­րո­ւած եռա­կողմ յայ­տա­րարու­թեան ար­դիւնքին Ատրպէյ­ճա­նի վե­րահսկո­ղու­թեան տակ ան­ցան հսկա­յական տա­րածքներ՝ հայ ժո­ղովրդի եւ անոր Առա­քելա­կան քրիս­տո­նէական եկե­ղեց­ւոյ մշա­կու­թա­յին գան­ձե­րով, որոնք հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքակրթու­թեան հա­մար ու­նին մեծ կրօ­նական, պատ­մա­կան եւ գե­ղարո­ւես­տա­կան ար­ժէք։

Կը կար­ծենք, որ այդ յու­շարձան­նե­րը ան­յա­պաղ նկա­րագրման եւ պաշտպա­նու­թեան կա­րիք ու­նին մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան եւ իրա­ւասու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կող­մէ։

Մենք կոչ կ՚ընենք ՄԱԿ-ին եւ ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ին. նպաս­տել ներ­կա­յիս Ատրպէյ­ճա­նի վե­րահսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող հայ ժո­ղովրդի մշա­կու­թա­յին հարստու­թեան եւ յու­շարձան­նե­րու պաշտպա­նու­թեան եւ կան­խել անոնց նպա­տակի փո­փոխու­թիւնը կամ ոչնչա­ցու­մը։ Ան­տարբե­րու­թիւնը կրնայ ան­դառնա­լի վնաս հասցնել ամ­բողջ մարդկու­թեանը պատ­կա­նող յու­շարձան­նե­րուն» ըսած է Տոք. Մաք­սի­մոս Խա­րակո­պու­լոսը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ