Զօրակցութեան վերջին կոչը 26 Մարտին

Պետական պաշ­տօ­նեանե­րուն դա­տուած դա­տական գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը այ­լեւս հա­սած են վճիռ ար­ձա­կելու հանգրո­ւանին։ 5 Մար­տին կա­յացող նիս­տի ըն­թացքին կ՚ակնկա­լուէր որ վճի­ռը ար­ձա­կուի։ 14-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանի նիս­տին դա­տակազ­մի պետ Աքըն Կիւրլեք վեր­ջին եր­կու ակա­նատես­նե­րու վկա­յու­թիւնը լսե­լէ ետք յայ­տա­րարեց թէ դա­տակազ­մի ան­դամ դա­տաւոր­նե­րէն Ֆեր­հաթ Շա­հին սրտի գոր­ծո­ղու­թեան մը են­թարկո­ւած է եւ իրեն փո­խանա­կող դա­տաւորն ալ թղթած­րա­րը քննե­լու ժա­մանակ չու­նե­նալով մեր­ժած է նիս­տին մաս­նակցիլ։ 76 մե­ղադ­րեալ­նե­րով դա­տավա­րու­թիւնը ու­նե­ցաւ 130 նիս­տեր։ 2020-ի Դեկ­տեմբե­րին դա­տախա­զը ներ­կա­յացուց իր եզ­րա­կացու­թիւնը եւ մե­ղադ­րեալ­ներն ալ ներ­կա­յացու­ցին իրենց վեր­ջին պաշտպա­նու­թիւննե­րը։

Այս պայ­մաննե­րուն մէջ 26 Մարտ ուրբաթ օր պի­տի կա­յանայ վճի­ռի նիս­տը, որուն նա­խօրեակին «Հրան­դի Ըն­կերնե­րը» հար­թա­կը ան­գամ մը եւս զօ­րակ­ցութեան կոչ ուղղեց ժա­մը 09.30-ին Չաղ­լա­յանի Դա­տարա­նը C դրան մուտքին հա­ւաքո­ւելու հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ