600 տարի ետ գացեր են

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Վաքըֆ­­­նե­­­­­­­րու Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնու­­­թիւնը զգա­­­յացունց որո­­­շում մը կա­­­յաց­­­նե­­­­­­­լով Թաք­­­սիմ Հրա­­­պարա­­­կի այ­­­լեւս աշ­­­խարհա­­­ծանօթ «Կէ­­­զի» զբօ­­­սայ­­­գիի սե­­­փակա­­­նու­­­թիւնը առ­­­նե­­­­­­­լով Իս­­­թանպու­­­լի Քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանէն փո­­­խան­­­ցեց «Սուլթան Պա­­­յազիթ Հա­­­նը Վե­­­լի Հազ­­­րեթլե­­­րի» անուն հիմ­­­նադրա­­­մի մը։

Տնօ­­­րէնու­­­թեան այս մա­­­սին 19 Մարտ թո­­­ւակիր յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թեան մէջ կ՚ըսո­­­ւի հե­­­տեւա­­­լը։ «2008 թո­­­ւին ու­­­ժի մէջ մտնող 5737 հա­­­մար Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու օրէն­­­քի 30-րդ յօ­­­դուա­­­ծի մէջ նշո­­­ւած է հե­­­տեւեալ կէ­­­տը։ Հիմ­­­նադրա­­­մի մի­­­ջոցաւ գո­­­յացած եւ ինչ որ պատ­­­ճա­­­­­­­ռով ալ ըլ­­­լայ պե­­­տական գան­­­ձին, քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րան­­­նե­­­­­­­րուն, գիւ­­­ղե­­­­­­­րու եւ օրի­­­նական ինքնու­­­թիւննե­­­րու սե­­­փակա­­­նու­­­թեան ան­­­ցած մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ար­­­ժէքներ կը փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւին հիմ­­­նադրա­­­մին։ Հիմ­­­նարկու­­­թիւնը Օս­­­մա­­­­­­­նեան Կայսրու­­­թեան եւ նոյ­­­նիսկ աւե­­­լի վաղ Սել­­­չուքեան Իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան օրով հիմ­­­նո­­­­­­­ւած եւ այ­­­սօր այ­­­լեւս վա­­­րիչ չու­­­նե­­­­­­­ցող հիմ­­­նադրամ­­­նե­­­­­­­րը կը կո­չուին «Մազ­­­պութ Վա­­­քըֆ» եւ անոնց հիմ­­­նադրու­­­թեան նպա­­­տակին յար­­­մար կեր­­­պով շա­­­հագոր­­­ծումը կը ստանձնէ Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնու­­­թիւնը»։

Տնօ­­­րէնու­­­թիւնը յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թեան մէջ կը նշէ, որ Թուրքիոյ տա­­­րած­­­քին 1014 ան­­­շարժ գոյ­­­քեր փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւած են «Մազ­­­պութ Վա­­­քըֆ»ի, որոնց պահ­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը պի­­­տի ստանձնէ Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնու­­­թիւնը։

Իս­­­թանպու­­­լի Քա­­­ղաքա­­­պետ Էք­­­րեմ Իմա­­­մօղ­­­լու առար­­­կեց այս որո­­­շու­­­մին դէմ ըսե­­­լով թէ «Կէ­­­զի» զբօ­­­սայ­­­գին նախ­­­քան թնդա­­­նոթա­­­ձիգե­­­րու բա­­­նակա­­­տեղի ըլ­­­լա­­­­­­­լը 310 տա­­­րի առաջ մա­­­հացած Սուլթան Պէ­­­յազիթ Բ.-ի Հիմ­­­նադրա­­­մը հա­­­մարե­­­լով քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանէն առին։ Ան նշեց որ սե­­­փակա­­­նու­­­թեան իրա­­­ւունքը պա­­­հան­­­ջե­­­­­­­լու հա­­­մար դա­­­տարան պի­­­տի դի­­­մեն։

Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնու­­­թեան փո­­­խան­­­ցած 1014 կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րու մէջ է նաեւ Շիշ­­­լիի Էթ­­­ֆալ Հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցը։ Հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցը արդէն 2018-էն ի վեր մտած էր ու­­­րիշ վայր մը փո­­­խադ­­­րութեան գոր­­­ծընթա­­­ցի։ Այդ փո­­­խադ­­­րութիւ­­­նը կան­­­խե­­­­­­­լու հա­­­մար հիմ­­­նո­­­­­­­ւած զօ­­­րակ­­­ցութեան հար­­­թա­­­­­­­կի բան­­­բեր Իփեք Տե­­­նիզ «Ակօս»ին յայտնեց թէ իրենք կը պայ­­­քա­­­­­­­րէին հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի փո­­­խադ­­­րութիւ­­­նը կան­­­խե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Ստո­­­րագ­­­րա­­­­­­­հաւա­­­քի ար­­­շաւներ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պած էին եւ ղրկած Առող­­­ջա­­­­­­­պահա­­­կան Նա­­­խարա­­­րու­­­թեան։ «Այս նոր դրու­­­թեան մէջ ալ աւե­­­լի մտա­­­հոգ ենք։ Խել­­­քերնուն փչա­­­ծը ընե­­­լու կա­­­րողու­­­թիւն մը ու­­­նին, որ բո­­­լորիս մտա­­­հոգու­­­թիւն կը պատ­­­ճա­­­­­­­ռէ» ըսած է Իփեք Տե­­­նիզ։ Ան նաեւ յայտնած է որ իրա­­­ւաբա­­­նական գոր­­­ծընթա­­­ցի մը հա­­­մար ալ փնտռտուքնե­­­րու մէջ են եւ ամէն ինչ պի­­­տի ընեն հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցին իր գտնո­­­ւած տեղ­­­ւոյն վրայ նոյն առա­­­քելու­­­թիւնը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելուն հա­­­մար։

Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէն Պուրհան Էր­­­սոյ 23 Մար­­­տին մամ­­­լոյ ժո­­­ղով մը գու­­­մա­­­­­­­րելով յի­­­շեցուց որ «Սուլթան Պա­­­յազիթ Հա­­­նը Վե­­­լի Հազ­­­րեթլե­­­րի» հիմ­­­նադրա­­­մը 600 տա­­­րուայ ան­­­ցեալ ու­­­նե­­­­­­­ցող հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւն մըն է։ 2008-ին ըն­­­դունուած օրէն­­­քէն ետք տնօ­­­րէնու­­­թիւնը սկսած է յայտնա­­­բերել այս տե­­­սակի օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը եւ այժմ մէկ առ մէկ անոնք կը գրան­­­ցո­­­­­­­ւին իրենց հիմ­­­նադրման նպա­­­տակին յար­­­մար ձե­­­ւով։ Ցարդ փո­­­խանա­­­կուած 1014 կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րու մե­­­ծամաս­­­նութիւ­­­նը կը պատ­­­կա­­­­­­­նի Իս­­­թանպու­­­լի Քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանին, բայց այս աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւնը քա­­­ղաքա­­­կան նպա­­­տակ մը չի հե­­­տապնդեր։

Այս պա­­­հուն կ՚արդժէ յի­­­շել թէ Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնու­­­թիւնը, որ այդքան բա­­­րեխիղճ ու գերզգա­­­յուն եղած է 600 տա­­­րի առաջ հիմ­­­նո­­­­­­­ւած հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան մը իրա­­­ւունքը պաշտպա­­­նելու գոր­­­ծին, մէջ ար­­­դեօք այդ մին­­­չեւ 600 տա­­­րի ետ ճամ­­­բորդու­­­թեան ըն­­­թացքին մի­­­թէ չէ՞ հան­­­դի­­­­­­­պած Սուրբ Յա­­­կոբ Հիմ­­­նադրա­­­մի մը գո­­­յու­­­թեան, որ տա­­­կաւին ըն­­­դա­­­­­­­մէնը 100 տա­­­րի առաջ դա­­­տարան­­­նե­­­­­­­րու մէջ կը փոր­­­ձէր ապա­­­ցու­­­ցել իր գո­­­յու­­­թիւնը եւ չէր յա­­­ջողեր, որու հե­­­տեւան­­­քով ալ կը խլո­­­ւէր իր սե­­­փակա­­­նու­­­թիւնը եղող Փան­­­կալթըի Հա­­­յոց Գե­­րեզ­­մա­­­նատունը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ