Տեղեկագիր վերջին անցուդարձերու մասին

Մար­դու իրա­­ւունքնե­­րու հե­­տապնդման Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը (HRW) 24 Մար­­տին կա­­տարած յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը վեր­­լուծու­­մը ըրաւ Էր­­տո­­­ղանի կա­­ռավա­­րու­­թեան մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու, ժո­ղովրդա­­վարու­­թեան չա­­փանի­­շերուն եւ իրա­­ւաբա­­նու­­թեան գե­­րակա­­յու­­թեան հա­­կասող երե­­ւոյթնե­­րուն։

Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան 19 Մարտ 2021-ին յան­­կարծա­­կի որո­­շու­­մով մը չե­­ղեալ հա­­մարեց կի­­ներու եւ ըն­­տա­­­նիքէ ներս բռնու­­թեան դէմ պայ­­քա­­­րը կան­­խե­­­լու ուղղո­­ւած Եւ­­րո­­­խոր­­հուրդի բա­­նաձե­­ւը, որ ծա­­նօթ է նաեւ Իս­­թանպու­­լի Հա­­մաձայ­­նա­­­գիր անու­­նով։

Նախ­­քան Էր­­տո­­­ղանի այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը Վճռա­­բեկ Ատեանի գլխա­­ւոր դա­­տախազն ալ յայ­­տա­­­րարած էր, որ արգիլման պա­­հան­­ջով դատ պի­­տի բա­­նայ Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղոժրդա­­վարութեան Կու­­սակցու­­թեան հան­­դէպ։ Մինչ այդ մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը իշ­­խա­­­նու­­թեան կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող խորհրդա­­րանն ալ կը վե­­րաց­­նէր մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու ան­­խոնջ պաշտպան Էօմեր Ֆա­­րուք Կեր­­կերլիօղ­­լո­­­ւի երես­­փո­­­խանու­­թիւնը։

Այս մա­­սին Մար­­դու Իրա­­ւուքնե­­րու Հե­­տապնդման Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ընդհա­­նուր կա­­ռավա­­րիչ Քենըթ Ռոթ յայտնեց թէ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան նպա­­տակադ­­րած է Թուրքիոյ հա­­սարա­­կու­­թիւնը վե­­րաձե­­ւաւո­­րելու ծրագ­­րին մէջ իր դի­­մաց ել­­լող բո­­լոր ար­­գելքնե­­րը չէ­­զոքաց­­նել։ «Խորհրդա­­րանի ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րուն, քիւրտե­­րուն եւ կի­­ներուն դէմ այս վեր­­ջին զար­­գա­­­ցումնե­­րը ու­­րիշ ոչ մէկ բան կը նշա­­նակէ, բա­­ցի այն որ Էր­­տո­­­ղան իր իշ­­խա­­­նու­­թիւնը շա­­րու­­նա­­­կելու հա­­մար որո­­շած է ոտ­­նա­­­կոխել մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րը եւ ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան սկզբունքնե­­րը»։

Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի կէս­­գի­­­շերա­­յին որո­­շու­­մով մը Իս­­թանպու­­լեան Հա­­մաձայ­­նագրէն հրա­­ժարու­­մը կը մի­­տի իր կու­­սակցու­­թե­­­նէն դուրս մնա­­ցած կրօ­­նամոլ շրջա­­նակ­­նե­­­րը սի­­րաշա­­հելու։ Սոյն շրջա­­նակ­­նե­­­րը այդ հա­­մաձա­­նագի­­րը իբ­­րեւ սպառ­­նա­­­լիք կը տես­­նէին ըն­­տա­­­նիք հաս­­կա­­­ցողու­­թեան դի­­մաց եւ ատե­­լու­­թիւնով կ՚ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւէին ԼԿՊԹ+ ան­­հատնե­­րու հան­­դէպ։ Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը կը նշէ թէ Թուրքիոյ մէջ իւ­­րա­­­քան­­չիւր տա­­րի բազ­­մա­­­հարիւր կի­­ներ կը սպա­­նուին իրենց ամու­­սիննե­­րուն կամ նախ­­կին ամու­­սիննե­­րուն ձե­­ռամբ։ Ռոթ կը նշէ թէ հա­­մաձայ­­նա­­­գիրէն հրա­­ժարե­­լը պի­­տի նշա­­նակէ շատ կա­­րեւոր ետ­­քայլ մը կի­­ներու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպա­­նու­­թեան գոր­­ծընթա­­ցին մէջ։

Գա­­լով կու­­սակցու­­թիւն փա­­կելու խնդրին, Թուրքիոյ մէջ անցնող 30 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին քրտա­­մէտ հինգ կու­­սակցու­­թիւններ ար­­գի­­­լուած էին։ Ինչպէս նա­­խորդնե­­րուն այս ան­­գամ ալ մե­­ղադ­­րանքը ուղղո­­ւած է «Պե­­տու­­թեան ամ­­բողջու­­թիւնը խան­­գա­­­րող գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րու մի­­ջոցաւ սահ­­մա­­­նադ­­րութիւ­­նը ոտ­­նա­­­կոխե­­լու»։ Վճռա­­բեկ Ատա­­նի գլխա­­ւոր դա­­տախա­­զու­­թիւնը բա­­ցի այս սոյն կու­­սակցու­­թեան շար­­քե­­­րուն մէջ գոր­­ծող 687 քա­­ղաքա­­ցինե­­րու դէմ ալ քա­­ղաքա­­կանու­­թեամբ զբա­­ղուե­­լու ար­­գելք կը պա­­հան­ջէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ