Շնորհաւորանք Ս. Զատկի ու ջերմագին բարեւներ Աղեքսանտրիայէն


ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Երեք ամիս առաջ, Դեկ­տեմբե­րի վեր­ջին օրե­րուն, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ձե­­զի ներ­­կա­­­յացու­­ցեր էի 1900-1930-ական թո­ւական­­նե­­­րուն գրի առ­­նո­­­ւած ամա­­նօրեայ հայ­­կա­­­կան բա­­ցիկ­­ներ, որոնք ու­­նէին նրբա­­ճաշակ ձե­­ռագիր եւ ազ­­նիւ լե­­զու ջերմ ու պաշ­­տօ­­­նական։ Իսկ այ­­սօր, երբ հայ­­կա­­­կան աշ­­խարհը կը պատ­­րաստո­­ւի Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի հրա­­­շափառ յա­­­րու­­­թիւնը տօ­­­նելու, այս ան­­­գամ կը փա­­­փաքիմ վե­­­րանա­­­յիլ Զա­­­տիկը եւ Ս. Յա­­­րու­­­թիւնը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորող 1920-30-ական­­­նե­­­­­­­րու հայ­­­կա­­­­­­­կան բա­­­ցիկ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մեստ մէկ տրցա­­­կին։ Գի­­­տեմ։ Բա­­­րեկրթու­­­թեան օրէնքնե­­­րուն կը հա­­­կառա­­­կի ու­­­րի­­­­­­­շի նա­­­մակը կամ բա­­­ցիկը ըն­­­թերցել։ Սա­­­կայն, ասի­­­կա կը կա­­­տարեմ ձեր թոյլտուու­­­թեամբ եւ այդ սա­­­կաւա­­­կեաց թղթիկ­­­նե­­­­­­­րուն երկրորդ կեանք մը պար­­­գե­­­­­­­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լու հա­­­ճոյ­­­քով։

Կ՚ար­­­ժէ յի­­­շել, թէ 1915-էն յե­­­տոյ, ի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թեան բնա­­­կիչ հայ ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րու նա­­­խորդ տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րուն ու­­­ղարկո­­­ւած բա­­­ցիկ­­­նե­­­­­­­րու, դադ­­­րած է Տրա­­­պիզո­­­նէն, Զմիւռնիայէն, Օր­­­տո­­­­­­­ւէն, Սամ­­­սո­­­­­­­նէն կամ Նի­­­կոմի­­­դիայէն դէ­­­պի Պո­­­լիս եւ հա­­­կառակ ուղղու­­­թեամբ հաս­­­ցէագ­­­րած շնոր­­­հա­­­­­­­ւորա­­­կան բա­­­ցիկ­­­նե­­­­­­­րու հո­­­սան­­­քը։ Յայտնո­­­ւած են նոր ուղղու­­­թիւններ՝ ինչպէս Պո­­­լիս-Ֆրան­­­սա, Պո­­­լիս-ԱՄՆ, Եգիպ­­­տոս-Պո­­­լիս։ Ահա այդ օրե­­­րէն մնա­­­ցորդ 6 բա­­­ցիկ՝ նոյն օրե­­­րու հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին կեան­­­քը նկա­­­րագ­­­րող հա­­­մառօտ տո­­­ւեալ­­­նե­­­­­­­րով։

Առա­­­ջին եր­­­կու բա­­­ցիկ­­­նե­­­­­­­րը կը կրեն 1924 թո­­­ւակա­­­նը։ Այդ տա­­­րի Զա­­­տիկը 20 Ապ­­­րի­­­­­­­լին էր։ Եթէ չէք յի­­­շեր, թէ աշ­­­խարհի վրայ ին­­­չեր պա­­­տահեր էին 1924-ին՝ ահա հա­­­կիրճ ակ­­­նարկ մը։ Ռու­­­սաստան. Ս. Պե­­­տերսպուրգը վե­­­րանո­­­ւանո­­­ւեցաւ ու դար­­­ձաւ Լե­­­նինկրատ, մա­­­հացաւ ու Կար­­­միր Հրա­­­պարա­­­կի մէջ թա­­­ղուե­­­ցաւ Լե­­­նինը։ ԱՄՆ. Հիմ­­­նո­­­­­­­ւեցաւ IBM եւ MGM ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րը։ Գեր­­­մա­­­­­­­նիա. Հիմ­­­նո­­­­­­­ւեցաւ Mercedes-Benz ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը։ Ֆրան­­­սա. Փա­­­րիզի մէջ սկսան ողիմ­­­պիական խա­­­ղերը։ Իսկ վե­­­րապ­­­րած եւ վե­­­րաշի­­­նուող հայ­­­կա­­­­­­­կան աշ­­­խարհի հա­­­մար բա­­­րեբեր տա­­­րի էր 1924ը։ Երե­­­ւանի մէջ բա­­­ցուե­­­ցաւ բամ­­­բա­­­­­­­կազ­­­տիչ գոր­­­ծա­­­­­­­րանը, Մար­­­տի­­­­­­­րոս Սա­­­րեանի ղե­­­կավա­­­րու­­­թեամբ հիմ­­­նադրո­­­ւեցաւ «Գիր­­­ք» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­կան ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը։ Ծնունդնե­­­րով բախ­­­տա­­­­­­­ւորո­­­ւած տա­­­րի էր նաեւ 1924-ը. Փա­­­րաջա­­­նով, Պա­­­րոյր Սե­­­ւակ, Զահ­­­րատ, Շառլ Ազ­­­նա­­­­­­­ւուր, Գո­­­հար Գաս­­­պա­­­­­­­րեան... 1924ին բո­­­լորը նո­­­րածին­­­ներ էին։ Բայց, Զա­­­տիկէն եր­­­կու շա­­­բաթ առաջ մա­­­հացեր էր Մատ­­­թէոս Զա­­­րիֆեանը, հայ­­­կա­­­­­­­կան քնա­­­րական բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան վեր­­­ջին ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցի­­­­­­­չը։

1924-ի առա­­­ջին բա­­­ցիկի դի­­­մերե­­­սին վրայ կայ լեհ հռչա­­­կաւոր դե­­­րասա­­­նու­­­հի Էլե­­­նա Մա­­­քովսքա­­­յի լու­­­սանկա­­­րը, իսկ դար­­­ձե­­­­­­­րեսի վրայ հե­­­տեւեալ գրու­­­թիւնը. «Սի­­­րելի Սիւ­­­զիս, կը շնոր­­­հա­­­­­­­ւոր[եմ] Ս. Զա­­­տիկը մաղ­­­թե­­­­­­­լով եր­­­կար եւ եր­­­ջա­­­­­­­նիկ տա­­­րիներ։ Քու ան­­­կեղծ ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­հիդ Ման­­­նիկ։ Ապ­­­րիլ 1924։ Constantinople, Pera»։ Երկրորդ բա­­­ցիկը ու­­­նի չա­­­փազանց մանր ու ազ­­­նիւ ձե­­­ռագիր։ Ու­­­սա­­­­­­­նող Գա­­­ւաֆեանը գրեր է. «Առ սի­­­րելի հայ­­­րիկս, Սրբ. Զատ­­­կի առ­­­թիւ ձեզ կը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորեմ, եր­­­կայն եւ եր­­­ջա­­­­­­­նիկ տա­­­րիներ եւ նաեւ Օր. Եպ­­­րագսէին ալ եւ ձեր գոր­­­ծե­­­­­­­րուն յա­­­ջողու­­­թիւն կը մաղ­­­թեմ։ Քեզ մտա­­­ծող զա­­­ւակդ Ա. Գա­­­ւաֆեան, աշա­­­կերտ Մու­­­րատ-Ռա­­­ֆաէլեան վար­­­ժա­­­­­­­րանի։ 18.IV.924»։

«Joyeuses Paques»՝ ահա թէ ի՛նչ է գրո­­­ւած 1926-ի բա­­­ցիկի դի­­­մերե­­­սի վրայ։ Հոն պատ­­­կե­­­­­­­րուած է եր­­­կար պա­­­րանէ կա­­­խուած սի­­­րու­­­նիկ պա­­­տանի մը դեղ­­­ձան, որ կը փոր­­­ձէ խո­­­շոր ոս­­­կե­­­­­­­գոյն զան­­­գակ մը ղօ­­­ղան­­­ջել։ Իսկ ցատկռտող ցնծուն գառ­­­նուկ մը կ՛աւե­­­տէ գա­­­րու­­­նը։ Բա­­­ցիկի դար­­­ձե­­­­­­­րեսը ու­­­նի ըն­­­տիր ձե­­­ռագիր կա­­­պոյտ մե­­­լանով գրո­­­ւած. «Սի­­­րելի Տ. Ներ­­­կա­­­­­­­տի եւ մօ­­­րեղ­­­բօր Ս. Զա­­­տիկի տօ­­­նին առ­­­թիւ ան­­­կեղծ շնոր­­­հա­­­­­­­ւորու­­­թիւններ եւ յա­­­ջողու­­­թիւններ։ [Անըն­­­թեռնե­­­լի ստո­­­րագ­­­րութիւն]։ Pour M/eur et M/me Mokossian, 30 Mars 1926, Yenikeuy»։

Հի­­­մա դուք կ՚ու­­­զէք գիտ­­­նալ, թէ ին­­­չե՞ր եղան 1926-ին։ Կա­­­րեւոր բա­­­ներ։ Գեր­­­մա­­­­­­­նիա. Հիմ­­­նադրո­­­ւեցաւ Lufthansa օդա­­­նաւա­­­յին ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը։ Սպա­­­նիա. Ֆրան­­­քօն դար­­­ձաւ երկրի Հրա­­­մանա­­­տարը։ Թուրքիա. եր­­­կի­­­­­­­րը ան­­­ցաւ Գրի­­­գորեան օրա­­­ցոյ­­­ցին։ Հա­­­յաս­­­տան. Երե­­­ւանի մէջ հիմ­­­նադրո­­­ւեցաւ կա­­­րի առա­­­ջին գոր­­­ծա­­­­­­­րանը, Արզնիի մէջ բա­­­ցուե­­­ցաւ առող­­­ջա­­­­­­­րան։ Պէտք է նաեւ յի­­­շել, թէ այդ տա­­­րի Պոլ­­­սոյ մէջ ծնաւ բա­­­նաս­­­տեղծ Զա­­­րեհ Խրա­­­խու­­­նին։

Ապ­­­րիլ 1927-ին ֆրան­­­սա­­­­­­­կան բա­­­ցիկի մը վրայ Վե­­­հանու­­­շը գրի առաւ նուրբ ու ջերմ խօս­­­քեր՝ Քում Քա­­­փու բնա­­­կող իր սի­­­րելի­­­ներուն ուղղո­­­ւած. «Չրա­­­քեան եւ Գա­­­զազեան, Կը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորեմ Սուրբ Զա­­­տիկը համ­­­բոյրնե­­­րով։ Վե­­­հանոյշ։ 11 Ապ­­­րիլ 1927։ Հաս­­­ցէ՝ Mademoiselle Tchirakian, Koum-Kapou, Rue Sou-Terazi»։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, եթէ այս յօ­­­դուա­­­ծը կ՚ըն­­­թերցէք Պէյ­­­րութի, Աթէն­­­քի կամ Հա­­­լէպի մէջ ու ծա­­­նօթ չէք Պոլ­­­սոյ թա­­­ղամա­­­սերուն, ըսեմ, թէ Քում Քա­­­փուն պոլ­­­սա­­­­­­­հայ կեան­­­քի սիրտն է, ուր կայ Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանը եւ Սուրբ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին մայր եկե­­­ղեցին։ Ծո­­­վեզե­­­րեայ այս թա­­­ղամա­­­սը յայտնի է նաեւ իր ձկնորսնե­­­րով եւ ձու­­­կի ճա­­­շարան­­­նե­­­­­­­րով, որոնք բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հայ գրող­­­նե­­­­­­­րու եւ լու­­­սանկա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րու ու­­­շադրու­­­թիւնը գրա­­­ւած են։

Իսկ 1927 թո­­­ւակա­­­նին աշ­­­խարհի վրայ տե­­­ղի կ՚ու­­­նե­­­­­­­նային նո­­­րանոր զար­­­գա­­­­­­­ցումներ եւ յա­­­ռաջա­­­ցումներ։ ԱՄՆ. Հիմ­­­նո­­­­­­­ւեցաւ PanAm օդա­­­նաւա­­­յին ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը։ Սպա­­­նիա. Հիմ­­­նո­­­­­­­ւեցաւ Iberia օդա­­­նաւա­­­յին ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը։ Շո­­­ւետ. Իր առա­­­ջին ինքնա­­­շար­­­ժը ար­­­տադրեց Volvo ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը։ Իրաք. Եր­­­կի­­­­­­­րը ան­­­կա­­­­­­­խացաւ։ Իտա­­­լիա։ Հիմ­­­նադրո­­­ւեցաւ Roma ոտ­­­նագնդա­­­կի ակումբը։ Գեր­­­մա­­­­­­­նիա. Լոյս տե­­­սաւ Ֆրից Լան­­­կի աշ­­­խարհահռչակ, ապա­­­գայա­­­պաշտ Metropolis շար­­­ժանկա­­­րը։ Իսկ հայ­­­կա­­­­­­­կան աշ­­­խարհը ցնցո­­­ւեցաւ եր­­­կու մա­­­հով, ԱՄ­­­Նի մէջ իր աչ­­­քե­­­­­­­րը փա­­­կեց Անդրա­­­նիկ Օզա­­­նեանը, իսկ Երե­­­ւանի մէջ Շու­­­շա­­­­­­­նիկ Կուրղի­­­նեանը։

Մէկ այլ ֆրան­­­սա­­­­­­­կան բա­­­ցիկի մը վրայ գրո­­­ւած է. «Շատ սի­­­րելի Քոյրս Ժօ­­­զէֆին, Քե­­­զի եւ ամե­­­նուդ կը մաղ­­­թեմ Յի­­­սու­­­սի Ս. եւ հրա­­­շափառ Յա­­­րու­­­թիւնը [...] գալ տա­­­րի միասին եւ մէկ տեղ պի­­­տի կա­­­տարենք։ Այս է որ կը խնտրեմ Աս­­­տուծմէ։ Աղօ­­­թենք, եղի­­­ցի, եղի­­­ցի...։ Քոյդ Յով­­­հաննէս Քա­­­զէզեան։ 17-4-1930, Marseille»։ Ահա այս կա­­­րօտա­­­լի խօս­­­քե­­­­­­­րով շնոր­­­հա­­­­­­­ւորեց Յով­­­հաննէ­­­սը իր քրոջ Ս. Յա­­­րու­­­թեան տօ­­­նը։ Այս բա­­­ցիկի դի­­­մերե­­­սին վրայ կայ ծաղ­­­կած ճիւ­­­ղի մը վրայ դրո­­­ւած կո­­­ղով, որ լի է հաւ­­­կիթնե­­­րով։ Անոնց մէ­­­ջէն նո­­­րափե­­­տուր ճու­­­տիկներ ե՜րգ կ՛եր­­­գեն ու կ՚աւե­­­տեն գա­­­րու­­­նը- «Joyeuses Paques»։ Մինչ Յով­­­հաննէ­­­սը կը փա­­­փաքէր յա­­­ջորդ Զա­­­տիկը տօ­­­նել իր ըն­­­տա­­­­­­­նիքի հետ, աշ­­­խարհի ու­­­րիշ ծայ­­­րե­­­­­­­րը մար­­­դիկ ու­­­նէին այլ ապ­­­րումներ եւ մտա­­­հոգու­­­թիւններ։ ԱՄՆ. Առա­­­ջին ան­­­գամ լոյս տե­­­սաւ «Mickey Mouse»ը։ Ու­­­րուկո­­­ւայ. Առա­­­ջին ան­­­գամ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ FIFA աշ­­­խարհի բա­­­ժակի խա­­­ղերը, որ աւար­­­տե­­­­­­­ցաւ հիւ­­­րընկալ երկրի ախո­­­յեանու­­­թեամբ։ Հա­­­յաս­­­տան. Մա­­­հացաւ ամե­­­նայն հա­­­յոց կա­­­թողի­­­կիս Գե­­­ւորգ Ե. Սու­­­րե­­­­­­­նեան­­­ցը։ Թուրքիա. Բա­­­նակը ներ­­­խուժեց Պարսկաս­­­տան քրտա­­­կան զի­­­նեալ ոյ­­­ժե­­­­­­­րը հե­­­տապնդե­­­լու հա­­­մար։ Կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին մար­­­միննե­­­րուն դի­­­մեց Կոնստանդնու­­­պո­­­­­­­լիսը եւ Ան­­­գո­­­­­­­րան վե­­­րանո­­­ւանե­­­լու, որ­­­պէս՝ Իս­­­թանպուլ եւ Ան­­­քա­­­­­­­րա։

Վեր­­­ջին բա­­­ցիկը կը պատ­­­կա­­­­­­­նի 1938 թո­­­ւակա­­­նին, զոր Աղեք­­­սանտրիայէն Պո­­­լիս ու­­­ղարկեր է պր. Սա­­­գայեանը հե­­­տեւեալ խօս­­­քե­­­­­­­րով. «Շնոր­­­հա­­­­­­­ւորանք Ս. Զատ­­­կի ու ջեր­­­մա­­­­­­­գին բա­­­րեւ­­­ներ Աղեք­­­սանտրիայէն։ Յար­­­գանքով Սա­­­գայեան»։ Բա­­­ցառիկ է պա­­­րոն Սա­­­գայեանի ձե­­­ռագի­­­րը։ Հայ­­­կա­­­­­­­կան գե­­­ղագ­­­րութեան լա­­­ւագոյն նմոյշնե­­­րէն մէկն է ան։ Ու­­­նի ոլո­­­րուն եւ զար­­­դա­­­­­­­րուն տա­­­ռեր։ Բարձրա­­­ճաշակ է եւ նուրբ։ Բա­­­ցիկը հաս­­­ցէագ­­­րո­­­­­­­ւած է հե­­­տեւեալ ձե­­­ւով. «Famille K. Aba, Pangalti, Cayir 11, Istanbul (Turquie)»

Գար­­­նան այդ օրե­­­րուն Պա­­­րոն Սա­­­գայեանը ան­­­կասկած գի­­­տէր, թէ Եգիպ­­­տո­­­­­­­սի թա­­­գաւոր Ֆա­­­րու­­­քը Յու­­­նո­­­­­­­ւարին ամուսնա­­­ցեր էր Սա­­­ֆինազ Զիւլֆի­­­քարին հետ ու հար­­­սը դար­­­ձեր էր հռչա­­­կաւոր Թա­­­գու­­­հի Ֆա­­­րիտան։ 1938-ի Փետ­­­րո­­­­­­­ւարին առա­­­ջին ան­­­գամ ար­­­տադրո­­­ւեցաւ «նայ­­­լո­­­­­­­ն» ակ­­­ռա­­­­­­­յի խո­­­զանա­­­կը, Մարտ ամ­­­սոյն մէջ Սաու­­­տա­­­­­­­կան Արա­­­բիոյ հո­­­ղերու վրայ առա­­­ջին ան­­­գամ գտնո­­­ւեցաւ քա­­­րիղը եւ Գեր­­­մա­­­­­­­նիան գրա­­­ւեց Աւստրիոյ։ Սա­­­կայն, Պա­­­րոն Սա­­­գայեանը չէր գի­­­տեր, թէ այդ բա­­­ցիկէն օրեր անց ԱՄՆ-ի մէջ առա­­­ջին ան­­­գամ լոյս պի­­­տի տես­­­նէր «Superman»ը, Յու­­­նի­­­­­­­սին Իտա­­­լիան պի­­­տի տի­­­րանար ոտ­­­նագնդա­­­կի աշ­­­խարհի բա­­­ժակին եւ Արե­­­ւելեան Մի­­­ջերկրա­­­կանի Հա­­­թայ քա­­­ղաքը պի­­­տի հռչա­­­կէր իր ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թիւնը։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, վեր­­­ջին տողս երախ­­­տա­­­­­­­գիտա­­­կան խօս­­­քեր են մեծ մար­­­դա­­­­­­­սէր, հա­­­յասէր Նան­­­սէ­­­­­­­նի հաս­­­ցէին, ան որ օգ­­­նեց հայ գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն, բազ­­­մա­­­­­­­հազար հայ փախստա­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն տրա­­­մադ­­­րեց «Նան­­­սե­­­­­­­նեան անձնա­­­գիր», որ մա­­­սամբ թե­­­թեւ­­­ցուց անոնց դրու­­­թիւնը, հայ գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն Խորհրդա­­­յին Հա­­­յաս­­­տան վե­­­րադարձնե­­­լու հա­­­մար պայ­­­մաններ ստեղ­­­ծել առա­­­ջար­­­կեց եւ գլխա­­­ւորեց հայ­­­րե­­­­­­­նադար­­­ձութեան յանձնա­­­ժողո­­­վը։ Այդ մե­­­ծագործ այր Ֆրի­­­դեոֆ Նան­­­սե­­­­­­­նի անու­­­նով՝ իր մա­­­հէն քիջ յե­­­տոյ ՄԱ­­­Կ-ի կող­­­մէ հիմ­­­նադրո­­­ւած «Նան­­­սեն Գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու Գրա­­­սե­­­­­­­նեակ»ը 1938-ի Դեկ­­­տեմբե­­­րին՝ գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան գոր­­­ծի մէջ կա­­­տարած աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի հա­­­մար ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ Նո­­­պելեան Խա­­­ղաղութեան մրցա­­­նակի։

Փոքր են բա­­­ցիկ­­­նե­­­­­­­րը եւ խիստ առ­­­ժա­­­­­­­մեայ։ Սա­­­կայն իրենց փոքր տա­­­րածու­­­թեան մէջ անոնք կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն պատ­­­կե­­­­­­­րալից պատ­­­մութիւններ։ Հին բա­­­ցիկ­­­նե­­­­­­­րը նաեւ ծնունդ կու տան կա­­­րօտա­­­լի զրոյցնե­­­րու։ Այ­­­սօր, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, կը յոր­­­դո­­­րեմ, որ դուք ալ բա­­­նաք ձեր ըն­­­տա­­­­­­­նեկան սնտուկ-արկղնե­­­րը եւ կրկին կար­­­դաք հին ըն­­­կերնե­­­րու, հին դրա­­­ցինե­­­րու կամ՝ հին սի­­­րելի­­­ներու գրի առած ազ­­­նիւ ու ջերմ խօս­­­քե­­­­­­­րը, յա­­­նուն հին օրե­­­րու բա­­­րի յի­­­շատա­­­կին՝ այդ սա­­­կաւա­­­կեաց թղթիկ­­­նե­­­­­­­րուն երկրորդ կեանք մը պար­­­գե­­­­­­­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լու հա­­­ճոյ­­քով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ