Վճիռի արդարութիւն չէ բերած

Իսթանպու­­լի 14-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ Ատեանը մի­­ջակէտ մը դրած եղաւ 14 տա­­րուայ պատ­­մութեան մը վե­­րածուած Հրանդ Տին­­քի սպա­­նու­­թեան դա­­տավա­­րու­­թեան։ 26 Մարտ ուրբաթ օր Չաղ­­լա­­­յանի դա­­տարա­­նին մէջ կա­­յացած նիս­­տի ըն­­թացքին ամ­­բաստա­­նեալ­­նե­­­րու վեր­­ջին հայ­­ցե­­­րը լսե­­լէ վերջ դա­­տակազ­­մը ցկեանս բան­­տարկու­­թեան դա­­տապար­­տեց նախ­­կին ոս­­տի­­­կանա­­պետ­­ներ Ռա­­մազան Աք­­յիւրէք եւ Ալի Ֆո­­ւաթ Եըլ­­մա­­­զէրը։ Այս եր­­կուքը նման պա­­տիժի մը ար­­ժա­­­նացան ծրագ­­րո­­­ւած մար­­դասպա­­նու­­թեան մե­­ղադ­­րանքով։ Բա­­ցի այդ անոնք զա­­նազան պա­­տիժ­­ներ եւս ստա­­ցան պաշ­­տօ­­­նական փաս­­տա­­­թուղթե­­րը ոչնչաց­­նե­­­լու կամ պաշ­­տօ­­­նական փաս­­տա­­­թու­­թե­­­րը խե­­ղաթիւ­­րե­­­լու յան­­ցանքնե­­րու հա­­մար։

Նոյնպէս ցկեանս փան­­տարկու­­թեան դա­­տապար­­տո­­­ւած է նախ­­կին սպայ Մու­­հարրէմ Տե­­միր­­քա­­­լէ, որ կը մե­­ղադ­­րո­­­ւէր ծրագ­­րո­­­ւած մար­­դասպա­­նու­­թեան օժան­­դա­­­կելու յան­­ցանքով։ Օքան Շիմ­­շեք, Վէյ­­սել Շա­­հին եւ Տրա­­պիզո­­նի Ոս­­տի­­­կան Զօ­­րաց նախ­­կին հրա­­մանա­­տար Ալի Էօզ 25-ական տա­­րի ազա­­տազրկման դա­­տապար­­տո­­­ւեցան։

Դա­­տարա­­նը կարգ մը մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րու հա­­մար զա­­նազան ազա­­տազրկման պա­­տիժ­­ներ տա­­լէ զատ խումբ մը մե­­ղադ­­րեալ­­ներ ալ ան­­պարտ հռչա­­կուե­­ցան։ Դա­­տական վճի­­ռի յայ­­տա­­­րարու­­թե­­­նէ ետք Հրանդ Տինք ըն­­տա­­­նիքի իրաւապաշտպան Հա­­քան Պա­­քըր­­ճըօղ­­լու դա­­տարա­­նի մուտքին մեկ­­նա­­­բանեց կա­­յացած վճի­­ռը եւ ան­­գամ մը եւս նշեց այս դա­­տավա­­րու­­թեան թե­­րացումնե­­րը։ Նոյն շեշ­­տը դրին նաեւ «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­պետ Եդո­­ւարդ Տան­­ձի­­­կեան, «Հրան­­դի Ըն­­կերնե­­րը» հար­­թա­­­կի բան­­բեր Պիւ­­լենթ Այ­­տըն եւ «Լրագ­­րողներ Առանց Սահ­­մա­­­նի» մի­­ջազ­­գա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութեան Թուրքիոյ ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Էրօլ Էօն­­տե­­­րօղ­­լու։

Նոյնպէս Հրանդ Տինք ըն­­տա­­­նիքն ալ հրա­­պարա­­կեց մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը, որու մէջ կը նշո­­ւէր թէ 14 տա­­րուայ դա­­տավա­­րու­­թեան ըն­­թացքին դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով ան­­տե­­­սուած է այս ոճի­­րի բուն պա­­տուի­­րատու­­նե­­­րը եւ կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րը։ «Դա­­տական հա­­մակար­­գին այս աս­­տի­­­ճան վար­­կազրկո­­ւած պայ­­մաննե­­րու մէջ ար­­դէն կա­­րելի չէր ար­­դա­­­րու­­թեան կա­­յացու­­մը…։ Մենք որ­­պէս Հրան­­դի ըն­­տա­­­նիքը, ըն­­կերնե­­րը, փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը եւ անոր դա­­գաղը ու­­սամբարձ տա­­նող բա­­րեկամ­­նե­­­րը պի­­տի չվհա­­տինք այս ար­­դա­­­րու­­թեան պայ­­քա­­­րի մէջ։ Մին­­չեւ որ ամ­­բողջ մեր­­կութեամբ յստա­­կանայ այս սպա­­նու­­թեան տե­­ղի տո­­ւող մտայ­­նութիւ­­նը» ըսո­­ւած է ըն­­տա­­­նիքի յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ։

Փաս­­տա­­­բան Հա­­քան Պա­­քըր­­ճըօղ­­լուն ալ նշած է որ պի­­տի առար­­կեն այս որո­շու­մին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ