Հրանդ Տինք վարժարանի սաներու ուրախութիւնը

Սուրբ Յարութեան տօնի ընդառաջ Հրանդ Տինքի անուան վարժարանի սաները ամէն տարուայ պէս քաղցր նուէրներ ստացան իրենց հոգեբարձուներու կողմէ։ Այս դժուար օրերուն աշակերտներու համար մեծ ուրախութիւն էր նման ուշադրութիւնը։ Սուրբ Զատիկի շոկոլադները ստանալով՝ երախաները միմեանց շնորհաւորեցին «Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի» խօսքերով՝ ամենապայծառ եւ նուիրական տօնի ոգուն համահունչ: յատկանշական է նաեւ, որ այս օրերուն մանկապարտէզի փոքրիկները Սուրբ Յարութեան տօնի առթիւ հանդէս կը պատրաստեն, որ այս տարի, ցաւօք, առանց հանդիսատեսներու կը կատարեն՝ առցանց ձեւաչափով։ Ինչ կը վերաբերէ տարրական եւ միջին դասարաններու աշակերտներուն, անոնց համար հեռավար կապի միջոցով աշխատեցինք տօնական տրամադրութիւն ապահովել՝ անմասն չթողնելով դպրոցի մէջ տիրող տօնական մթնոլորտէն։ Թէ՛ մանկապարտէզի փոքրիկները, թէ՛ աշակերտները եւ թէ՛ ուսուցիչները անհամբեր կը սպասեն, թէ երբ կարող են նորէն դպրոց վերադառնալ։ Յատկապէս կը կարօտինք մեր տօնական հանդէսները դպրոցի մէջ եւ մեզ այցելող հիւրերուն։

Ամէն դէպքին անգամ այսպիսի պայմաններուն կ՚նենք առաւելագոյնը ընկերութեան, միասնութեան, փոխօգնութեան գաղափարը վառ պահելու, իսկ տօներուն՝ տօնական մթնոլորտ ապահովելու համար։ Մեր վարժարանի անունով կը շնորհաւորենք մեր համայնքին գալիք Սուրբ Յարութեան տօնի առիթով, որը, կը հաւատանք, առողջութիւն եւ խաղաղութիւն պիտի բերէ աշխարհին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ