Ողջոյն մահը մահով յաղթողներուն

«Մահուամբ զմահ կո­խեաց եւ յա­րու­թեամբն իւ­րով մեզ զկեանս պար­գե­ւեաց, նմա փառք յա­ւիտեանս. ամէն»։ Այսպէս կը բնու­թագրէ Յա­րու­թեան Տօ­նի շա­րակա­նը, որ կ՚եր­գենք Զատ­կի տա­ղաւա­րին։ Սուրբ Զատ­կի խոր­հուրդը բո­լորիս կը յու­շէ վե­րակեն­դա­նաց­ում։ Բան մը՝ որ զբա­ղեցո­ւցած է մարդկա­յին միտ­քը պատ­մութեան հնա­գոյն ժա­մանակ­նե­րէն ի վեր։ Այ­սօր կար­ծես թէ օդի կամ ջու­րի նման անհրա­ժեշ­տութիւն մըն է յոյ­սը, որ օրըս­տօ­րէ կը կորսնցնենք աշ­խարհով մէկ։ Իսկ յոյ­սի սպա­ռու­մը կեան­քի վեր­ջա­կէտ կրնայ դառ­նալ։ Ու­րեմն պար­տա­ւոր ենք յոյ­սը վառ պա­հելու, որուն եղա­նակ­նե­րէն մէկն ալ եղած է մա­հուն ճամ­բով ան­մա­հանա­լու խոր­հուրդը։

Յի­շենք Մով­սէս Խոր­հե­նացու պատ­գա­մը «Մահ չի­մացեալ մահ, մահ իմա­ցեալ ան­մա­հու­թիւն»։ Այս հա­ւատք ու գի­տակ­ցութեամբ կը պատ­րաստո­ւինք դի­մաւո­րել Սուրբ Զատ­կի տօ­նը, որու խոր­հուրդով պի­տի յաղ­թա­հարո­ւի Հա­յոց երկրի եւ առ­հա­սարակ երկրա­գունդի վրայ կու­տա­կուած սեւ ամ­պե­րը։

Այս հա­ւատ­քով ու յոյ­սով

Քրիս­տոս Յա­րեաւ Ի Մե­ռելոց՝ Օրհնեալ Է Յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ