Իմ Մանկութեան Զատիկը

ԱՆԻ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

«Մատամ Նուարդիմու, ձիւն տիղաց ձեր զատկին»։ Յոյն հա­րեւա­նի այս խօս­քը լսող լու­սա­հոգի մօրս բար­կութիւ­նը աչ­քե­րուս առ­ջեւ է տա­կաւին։ Մայրս առանց պա­տաս­խա­նելու, զայ­րոյթով ներս մտաւ։ «Այս հո­ռոմ կնի­կը ին­ծի կը ծաղ­րէ կոր։ Ի՞նչ եղեր է պուտ մը ձիւն տե­ղալով։ Մարդ բա­րի Զա­տիկ մը կը մաղ­թէ, ոչ թէ ձիւն տե­ղաց ըսէ»։ Եկե­ղեցա­կան տո­մարի հա­մաձայն մենք հա­յերս ընդհան­րա­պէս մէկ շա­բաթ աւե­լի կա­նուխ կը տօ­նենք Սուրբ Զա­տիկը, քան յոյ­նե­րը։ Հայրս իմաստ մը չէր կրցած տալ մօրս այդ բար­կութեան։ Ար­դէն ականջ չէր կա­խեր այդ տե­սակ նիւ­թե­րու։

Մեծ Պահ­քի վեր­ջին կի­րակին Ծաղ­կա­զարդ է, ձե­ւով մը կ՚աւե­տէ Զատ­կի գա­լուստը։ Բայց նախ­քան այդ, իր յա­տուկ ծէ­սերով պի­տի ապ­րո­ւէր Աւագ Շա­բաթը։ Մայրս ու քե­ռայրս մեր ըն­տա­նիքի հա­ւատա­ցեալ դա­սը կը կազ­մէին։ Ես ալ ինքնա­բերա­բար կը հար­կադրո­ւէի մօրս հետ եկե­ղեցի եր­թալ։ Ողոր­մա­ծիկ հայրս միայն Յու­նո­ւարի 6-ին, Ծննդեան տօ­նին եւ Զատ­կին եկե­ղեցի կ՚եր­թար։ Այն ալ մօրս պնդումնե­րով։ «Մենք Տէր Զօ­րի անա­պատը մո­լորած ատեն ո՞ւր էր Աս­տո­ւած» կը հարցնէր յա­ճախ։

Աւագ Շա­բաթը բա­ցի եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թիւննե­րու յա­րատե­ւու­թե­նէ, անօ­րինակ զօ­րաշար­ժի մը պատ­ճառ կը դառ­նար տան խո­հանո­ցին մէջ։ Մա­նուկ հա­սակի յի­շողու­թեանս մէջ տպա­ւորո­ւած եմ Սա­մաթիոյ ձկնորսնե­­րէն ապա­­հովո­­ւած ու­­լա­­­կանջնե­­րու կե­­ղեւ­­նե­­­րու տա­­ժանե­­լի մաքրման գոր­­ծը։ Մեծ մօրս միօրեայ աշ­­խա­­­տու­­թիւնով կը քեր­­թո­­­ւէին ու­­լա­­­կան­­ջի կե­­ղեւ­­նե­­­րուն կպած ու քա­­րացած կոշ­­կոռնե­­րը։ Խեղ­­ճին ձեռ­­նե­­­րը կաս­­կարմիր կը դառ­­նա­­­յին։ Մօր­­քուրս պատշգամ­­բը կը ջար­­դէր սո­­խերը։ Թո­­փիկի հա­­մար զատ, տե­­րեւի տոլ­­մա­­­յի հա­­մար զատ, ժա­­մեր կը տե­­ւէր այդ աշ­­խա­­­տան­­քը, որ այդ ցուրտին, վրան վե­­րար­­կու, գլխուն վզնոց մը փաթ­­թած կը կա­­տարէր։

Սա­­մաթիոյ կա­­յարա­­նին դի­­մաց կօշ­­կա­­­կար էր հայրս։ Թէ նոր կօ­­շիկ­­ներ կը սար­­քէր, եւ թէ մա­­շած­­նե­­­րը կը նո­­րոգէր։ Ինք կ՚ապա­­հովէր ձկնե­­ղէնը, քա­­նի Սա­­մաթիան ձու­­կի մայ­­րա­­­քաղաքն էր այդ ժա­­մանակ։ Ապխտած ձու­­կի պոլ­­սա­­­կան օրի­­նակը չի­­րոզ­­ներն են։ Իսկ մո­­մածածկ ձկնկի­­թը մեծ խնամ­­քով կը վե­­րածո­­ւէր թա­­րամա­­յի։ Մայրս մայ­­րա­­­քաղա­­քայի­­նը կը զար­­դա­­­րէր գետ­­նախնձո­­րէ պատ­­րաստած ճու­­տիկնե­­րով։ Ձո­­ւի սպի­­տակու­­ցով ալ վար­­դեր կը սար­­քէր։ Ամէն տա­­րի խնամ­­քով դուրս կը բե­­րուէին թո­­փիկի քուրչե­­րը։ Այդ ժա­­մանակ թո­­փիկը քուրչե­­րուն փա­­թաթո­­ւած կը խա­­շուէր։ Իսկ պա­­նիրը իբ­­րեւ կա­­նոն, ան­­պայման եռան­­կիւն պի­­տի կտրո­­ւէր։ Աւագ Շաբ­­թու ամե­­նաեր­­կար օրն էր Հինգշաբ­­թին։ Նախ կը մաս­­նակցէինք վեր­­ջին ընթրի­­քը խորհրդան­­շող արա­­րողո­­պու­­թեան։ Երե­­կոյան կը կա­­տարո­­ւէր ոտնլո­­ւայի ծի­­սակա­­տարու­­թիւնը։ Պա­­քըր­­գիւղի ու Ենի­­մահալ­­լէի բո­­լոր մայ­­րե­­­րը իրենց որ­­դի­­­ները կը բե­­րէին այդ արա­­րողու­­թեան։ Սար­­կա­­­ւագ­­նե­­­րը կը դժո­­ւարա­­նային բազ­­մութիւ­­նը կար­­գի դնե­­լու։ Այդ գի­­շերո­­ւայ ընթրի­­քը միայն կա­­նանչ ոսպն էր, որ սե­­ղան կու գար քա­­ցախով ու սո­­խով հա­­մեմո­­ւած ձե­­ւով։ Ոս­­պը կը խորհրդան­­շէ Մա­­րիամ Աս­­տո­­­ւածա­­մօր ար­­ցունքնե­­րը, որոնք հո­­սեցու­­ցած էր որդւոյն խա­­չափայ­­տին տակ։ Հա­­մատա­­րած աւան­­դութիւն մը հա­­յերուս հա­­մար։

Ըն­­թի­­­քի աւար­­տին կրկին եկե­­ղեցի կ՚եր­­թա­­­յինք այս ան­­գամ Լա­­ցի գի­­շերո­­ւայ կամ Խա­­ւարու­­մի աղօթքնե­­րը լսե­­լու։ Իրաւ ալ հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ ազ­­դո­­­ւելով յու­­զիչ եր­­գե­­­ցողու­­թե­­­նէն, չէին կրնար զսպել իրենց ար­­տա­­­սու­­քը, հեծկլտա­­լու ձայ­­ներ կը լսո­­ւէր։ Այդ պա­­հուն կը նկա­­տէի կարգ մը պա­­ռաւ կա­­նայք, որոնք շա­­րու­­նակ կա­­պեր կը դի­­զէին իրենց ձեռ­­քի պա­­րանին։ Մօրս մօտ գտնուղ պա­­ռաւ մըն ալ մշտե­­լով իրեն առա­­ջար­­կեց կա­­պեր կա­­պել «Կա­­պիր մեղ­­քերդ, ազա­­տուիր անոնցմէ» ստի­­պեց պա­­ռաւը։ Մայրս ճա­­րահատ ինք ալ ըն­­դօ­­­րինա­­կեց պա­­ռաւ­­նե­­­րուն ըրա­­ծը։ Էլիզ մեծ­­մայրս «Հեչ ասանք բան ալ տե­­սած չէի» ըսե­­լով յայտնեց իր զար­­մանքը։ Նա­­խորդ տա­­րի Լի­­բանան ներ­­կայ եղայ խա­­ւար­­ման արա­­րողու­­թեան ու հոն ալ նկա­­տեցի այդ նոյն կա­­պիչի սո­­վորու­­թիւնը։

Աւագ Ուրբա­­թի արա­­րողու­­թիւննե­­րը կը յի­­շատա­­կեն Քրիս­­տո­­­սի խա­­չելու­­թիւնը ու թա­­ղու­­մը։ Այդ օր ուխտա­­ւոր­­ներ սո­­վորա­­բար ծա­­ղիկ եւ խունկ կայ տա­­նին եկե­­ղեցի, թաղ­­ման թա­­փորը զար­­դա­­­րելու հա­­մար։

Աւագ Շա­­բաթը, որ ծա­­նօթ է նաեւ Խթում կո­­չու­­մով, ար­­դէն մեկ­­նա­­­կէտն է Զատ­­կին։ Այդ օր դար­­ձեալ ժամ պի­­տի եր­­թա­­­յինք եւ եկե­­ղեց­­ւոյ կան­­թե­­­ղի լոյ­­սը մո­­մեր ի ձե­­ռին տուն պի­­տի բե­­րէինք «Քրիս­­տոս յա­­րեաւ ի մե­­ռելոց» աւե­­տելով։ Իսկ տնե­­ցիք պի­­տի պա­­տաս­­խա­­­նէին «Օրհնեալ է յա­­րու­­թիւնը Քրիս­­տո­­­սի»։

Այդ օրե­­րուն Զատ­­կի «չէօրէք»ի բուրմունքը կը պա­­տէր թա­­ղի փո­­ղոց­­նե­­­րը։ Մեր տան չէօրէ­­քը մօր­­քուրս կը պատ­­րաստէր։ Ծութ ու մահ­­լեփ կ՚աւելցնէր թխած խմո­­րին։ Մեծ մօր­­մէս ալիւր կ՚ու­­զէր, ան ալ կ՚առար­­կէր «թը­­խըզ պի­­տի ըլ­­լայ, մի դներ» ըսե­­լով։ Չէր հիւ­­սեր, այլ 4-5 ժամ բրգա­­նալէն ետք կը տա­­րածէր ափ­­սէի մէջ եւ կ՚ու­­ղարկէր հա­­ցափուռ։

Հոգ չէ թէ կար­­ճա­­­տեւ, ան­­պայման պի­­տի կա­­տարո­­ւէին Զատ­­կի այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րը։ Նա­­խապա­­տուու­­թիւնը ըն­­տա­­­նիքի երէց­­նե­­­րուն էր եւ կնքա­­հօր, կնքա­­մօր։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր այ­­ցե­­­լու­­թե­­­նէ կը վե­­րադառ­­նա­­­յինք գու­­նա­­­ւոր հաւ­­կիթներ եւ չէօրէք­­ներ ստա­­նալով։

Խթման գի­­շեր­­նե­­­րը մեզ՝ երա­­խանե­­րուս հա­­մար ար­­տա­­­կարգ ու­­րա­­­խալի էին։ Նոյն սե­­նեակի մէջ զատ սե­­ղանի մը շուրջ կը նստէինք։ Տու­­նե­­­րը փոքր են, բայց սիր­­տե­­­րը լայն։ Իսկ տրա­­մադ­­րութիւննե­­րը գե­­րազանց։ Մեծ պահ­­քի եր­­կար շրջա­­նին չի հնչող բո­­լոր եր­­գե­­­րը իրա­­րու կը յա­­ջոր­­դէին հա­­յերէն, թրքե­­րէն, յու­­նա­­­րէն կամ ֆրան­­սե­­­րէնով։ Քե­­ռայրս, լու­­սանկա­­րիչ Յա­­կոբ Էօզ­­յերլի՝ որ տի­­յար­­պէ­­­քիր­­ցի էր, ան ալ իր կար­­գին պի­­տի կան­­չէր Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի եր­­գեր։ Այդ եր­­գե­­­րուն պի­­տի ըն­­կե­­­րակ­­ցէին ջու­­թա­­­կը, ու­­տը, ձեռ­­նա­­­դաշ­­նա­­­կը։

Երա­­նելի օրեր էին, որոնց շնոր­­հիւ մենք մենք դար­­ձանք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ