Տիեզերական Պատրիարքի շնորհաւորանքը

Մեծայարգ Եդուարդ Տանձիկեան

Երջանկայիշատակ Հրանդ Տինքի նախաձեռնութեամբ հիմնուած «Ակօս» թերթի 25-ամեակը կը շնորհաւորենք եւ ամբողջ անձնակազմին խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Թուրքիոյ ոչ իսլամ քաղաքացիներու խնդիրներուն քաջաբար արձագանգելուն եւ լրատուական անկողմնակալութիւնը պահելուն համար։ Ոչ իսլամ տարրերը Թուրքիոյ հիմնական արժանիքներն են եւ կարելի չէ ուրանալ անոնց հասարակութեան այլ շերտերու հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու դերակատարութիւնը։ Յատկապէս Յոյն համայնքի, Տիեզերական Պատրիարքարանի եւ անձիս նկատմամբ բարեացակամութեան եւ մեր խնդիրներու հանդէպ գերզգայուն մերձեցման համար երախտապարտ ենք։ Այս առթիւ լրագրութեան սկզբունքներուն հաւատարիմ ճշգրիտ ու արդար լրատուութեան ճանապարհին բազում տարիներու յառաջընթացք կը մաղթեմ եւ Երկնաւորին աղօթք կը հայցեմ ձեզ օգնական ըլլալուն համար։

Հայրական աղօթքներով

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ