ՀՀ նախագահի ցաւակցութիւնը

ՀՀնախագահ Արմէն Սարգսեան արհիապատիւ Գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիեանի հասցէագրած նամակով մը յայտնած է իր վշտակցութիւնը Մխիթարեան Միաբանութեան բազմամեայ նուիրեալ Հայր Յարութիւն Վարդապետ Պզտիկեանի մահուան առթիւ։

Նախագահը ցաւակցագրին մէջ կը փառաբանէ ծագումով Մուսա լեռցի վարդապետի բազմաբնոյթ աշխատութիւնները եւ վաստակը։ Դիտել կու տայ թէ ան ծնած էր 1937-ին Պէյրութ։ 1950-էն ի վեր իր կեանքը կապած էր Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան հետ։ Ստացած էր բազմակողմանի կրթութիւն Հռոմի եւ Վենետիկի մէջ։ Բացի փիլիսոփայութենէ, Աստուածաբանութենէ եւ հոգեւոր երաժշտութենէ հրապուրուած էր նաեւ գեղանկարչութեամբ։

Երկար տարիներ ան զբաղած էր մանկավարժութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներու Մխիթարեան Վարժարաններէ ներս։ Ան մանաւանդ կապուած էր Փարիզի մերձակայ Սեւրի Սամուէլ Մուրատ Վարժարանի հետ, ուր դասաւանդած էր երկար տարիներ։ Իսկ կեանքի վերջին տարիներուն, երբ վարժարանը այլեւս չէր գործեր, ան դարձած էր այդ պատմական հաստատութեան վերատեսուչը եւ Մխիթարեան ժառանգութեան անսասան պահապանը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր վշտակցութեան նամակին մէջ կը նշէ նաեւ Հայր Յարութիւն Պզտիկեանի ապահոված ամուր կապը հայրենիքի հետ։ «Յատկապէս վերջին տարիներուն Հայր Յարութիւնի մի ոտքը Հայաստանն էր, ուր ան կը գնահատուէր ու կը սիրուէր իր յաճախ հանդէս եկած բանավիճային ելոյթներով, դասախօսութիւններով եւ նկարչական ցուցահանդէսներով։ Երկար տարիներ անձամբ ճանաչելով եւ շփուելով այդ բազմաշնորհ եւ կենսասէր անձնաւորութեան հետ՝ իմ մէջ ձեւաւորուել է մեծագոյն յարգանք ու համակրանք մեր հոգեւոր- մշակութային կեանքի այդ նուիրեալի նկատմամբ»։ ՀՀ նախագահը Գերապայծառ Տիրոջ ուղղեալ նամակը կ՚աւարտէ իր ցաւակցութիւնը յայտնելով Մխիթարեան Միաբանութեան, սաներուն եւ վարդապետի հարազատներուն ու մերձաւորներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ