Հակազդեցութիւններ Հայր Ահոյի դատապարտութեան դէմ

Մարտի­նի Սոր Եաքուբ Վան­քի վա­նահայր Սե­ճեր Ահօ Պի­լէչեն 9 Յու­նար 2020-ին բեր­ման են­թարկո­ւած՝ յա­ջորդ օր ձեր­բա­կալո­ւած եւ 14 Յու­նո­ւարին ալ ազատ ար­ձա­կուած էր։ «Կազ­մա­կեր­պութեան օգ­նել»ու մե­ղադ­րանքով յա­րու­ցո­ւած դա­տավա­րու­թեան Ե. նիս­տը կա­յացաւ Մար­տի­նի 4-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանի մէջ։ Նիս­տի աւար­տին Հայր Ահօ դա­տապար­տո­ւեցաւ 2 տա­րի 1 ամիս բան­տարկու­թեան։

Դա­տարա­նի վճի­ռը տե­ղի տո­ւաւ զա­նազան հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու։ Մի­տեաթի Մօր Կապ­րիէլ Վան­քի վար­չութիւ­նը յայ­տա­րարու­թիւն մը ընե­լով հեր­քեց իշ­խա­նամէտ մա­մու­լի մէջ վար­դա­պետին վե­րագ­րո­ւած խօս­քե­րը։ Օրո­ւայ թեր­թե­րը պնդած էին թէ Ահօ վար­դա­պետ ստանձնած էր իրեն ու­ղո­ւած մե­ղադ­րանքը ըսե­լով թէ «Հա­ւատ­քիս հրա­մայա­կանն էր, ինձմէ հաց ու­զե­ցին ես ալ տո­ւի»։

Վար­չութեան ատե­նապետ Քու­րիաքոս Էր­կիւն «Ակօս»ին տո­ւած լու­սա­բանու­թեան մէջ նշեց թէ պի­տի առար­կեն այս վճի­ռին եւ խնդի­րը պի­տի փո­խադ­րեն Վճռա­բեկ Ատեան։

Միւս կող­մէ «Եւ­րո­պայի Ասո­րինե­րու Միու­թիւն»ն ալ վճի­ռը մեկ­նա­բանեց իբ­րեւ ժո­ղովրդա­վարա­կան սկզբունքնե­րու, մար­դու իրա­ւունքնե­րու, փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն եւ անա­պահով խումբե­րուն պահ­պանման ուղղեալ հա­րուած մը ըլ­լա­լով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ