«Ո՞ւր է 128 Միլիառ ԱՄՆ տոլարը»

Ընդդիմա­դիր «Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թիւն»ը (CHP) յա­­մառօ­­րէն կը շա­­րու­­նա­­­կէ հարցնել «Ո՞ւր է 128 Մի­­լիառ ԱՄՆ տո­­լարը»։ Հար­­ցում մը՝ որ օրըստօ­­­րէ աւե­­լի յա­­ճախ կը կրկնո­­ւի երկրի քա­­ղաքա­­կան մի­­ջավայ­­րին եւ հետզհե­­տէ աւե­­լի մեծ գլխա­­ցաւ կը դառ­­նայ Էր­­տո­­­ղանի իշ­­խա­­­նու­­թեան հա­­մար։ Ար­­դա­­­րեւ այս հար­­ցումը իշ­­խա­­­նու­­թեան են­­թա­­­կայ ար­­դա­­­րադա­­տական հա­­մակար­­գի մօտ կը դի­­տուի որ­­պէս անար­­գանք երկրի նա­­խագա­­հի հաս­­ցէին։

Այս մե­­ղադ­­րանքը տե­­ղի- ան­­տե­­­ղի այնքան յա­­ճախա­­կի կ՚ուղղո­­ւի մարդկանց, որու հե­­տեւան­­քով Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան անմրցե­­լի կեր­­պով կը դառ­­նայ աշ­­խարհի վրայ ամե­­նաշատ անար­­գո­­­ւած առաջ­­նորդը։ Այդ մե­­ղադ­­րանքով հա­­զարա­­ւոր­­ներ ար­­դէն իսկ բան­­տարկո­­ւած են եւ անոնց քա­­ռապա­­տիկի դա­­տավա­­րու­­թիւնը տա­­կաւ կը շա­­րու­­նա­­­կուի։ Այսպէս զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ դա­­տախազ­­ներ «Նա­­խագա­­հը անար­­գել»ու մե­­ղադ­­րանքով ար­­գի­­­լած են ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թեան որ­­մազդնե­­րը, որոնք հրա­­պարակ­­նե­­­րու վրայ կ՚ար­­ձա­­­գան­­գէին նոյն հար­­ցումը՝ «Ի՞նչ եղաւ 128 Մի­­լիառ ԱՄՆ տո­­լարը»։

Այստեղ ակ­­նարկո­­ւածը Կեդ­­րո­­­նական Դրա­­մատան պա­­հես­­տին գտնո­­ւող եւ այժմ շո­­գիացած հսկայ գու­­մարն է, որու հա­­մոզիչ բա­­ցատ­­րութիւ­­նը ցարդ չէ տրո­­ւած։

Նիւ­­թը օրա­­կար­­գի եկաւ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի փես­­ւոյն, Պե­­տական Գան­­ձի նախ­­կին նա­­խարար Պե­­րաթ Ալ­­պայրա­­քի յան­­կարծա­­կի հրա­­ժարու­­մով։ Այդ հրա­­ժարու­­մը այնքան յան­­կարծա­­կի ու անսպա­­սելի էր որ, իշ­­խա­­­նամէտ մա­­մու­­լը եր­­կար վա­­րանու­­մէ ետք, հա­­զիւ 27 ժա­­մուայ յա­­պաւու­­մով անդրա­­դար­­ձաւ նիւ­­թին՛ անա­­մօթա­­բառ «Վեր­­ջին ժամ» պի­­տակն ալ օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լով։ Նաեւ նշենք թէ Պե­­րաթ Ալ­­պայրա­­քի հրա­­ժառու­­մէն ետք Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան եր­­կու ան­­գամ կէս գի­­շերա­­յին որո­­շումնե­­րով պաշ­­տօ­­­նազրկեց Կեդ­­րո­­­նական Դրա­­մատան վա­­րիչը, պաշ­­տօ­­­նակո­­չելով նոր անուններ։

Հան­­րա­­­պետա­­կան­­նե­­­րու «Ի՞նչ եղաւ 128 Մի­­լիառ ԱՄՆ տո­­լարը» հար­­ցումին կը յա­­ջոր­­դեն «Որո՞ւ եւ ի՞նչ սա­­կով վա­­ճառե­­ցիք այդքան հսկայ գու­­մա­­­րը» հար­­ցումնե­­րը, որոնք նոյնպէս կը մնան ան­­պա­­­տաս­­խան։

Երկրէ ներս տի­­րող այս տե­­սակի զեղ­­ծա­­­րարու­­թեան օրա­­կար­­գին վրայ կու գայ աւել­­նա­­­լու ԱՄՆ-ի մէջ «Հալքպանք»ի դէմ յա­­րու­­ցո­­­ւած դա­­տավա­­րու­­թեան նոր փու­­լը, որ ատակ է ալ աւե­­լի մեծ գլխա­­ցաւ պատ­­ճա­­­ռելու Թուրքիոյ իշ­­խա­­­նու­­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ