Հրանդ Ներկիզ Յուշեր Տէրիքի Մօտ Անցեալէն

Նախորդ դա­րաս­կիզբին 1700 հայ բնակ­չութիւն ու­նե­ցող գա­ւառ մըն է Տէ­րիք։ Ու­նե­ցած է եօթ եկե­ղեցի­ներ, որոնցմէ եր­կուքը մնա­ցած էին մեր օրե­րուն։ Հայ Առա­քելա­կան եւ Հայ Կա­թողի­կէ այդ եր­կու եկե­ղեցի­ներէն բա­ցի կար աղջկանց եւ ման­չե­րու հա­մար զատ զատ եր­կու դպրոց։ Գի­տէինք նաեւ այդ միւս եկե­ղեցի­ներու վայ­րե­րը, աւե­լի ճիշդ աւե­րակ­նե­րը։

Սա­րսափի օրե­րէն ետք միայն 80 հա­յեր մնա­ցած էին, որոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը ան­չա­փահաս­ներ։ Ինքնու­թիւնը պահ­պա­նելու միակ մի­ջոցն էր նե­րըն­տա­նեկան ամուսնու­թիւննե­րը, որոնք կրօ­նաբա­րոյա­կան իմաս­տով անըն­դունե­լի ըլ­լա­լով հան­դերձ կա­տարուեցան այդ փոք­րա­թիւ հա­մայնքի մէջ։

Տէ­րիքի Սուրբ Գէորգ եկե­ղեցին՝ որ մին­չեւ օրս կ՚օգ­տա­գոր­ծենք իբ­րեւ աղօ­թատե­ղի, զոյգ դպրոց­նե­րուն հետ միասին եր­կար տա­րիներ գրա­ւուած էր պե­տու­թեան կող­մէ։ Այդ շրջա­նին եկե­ղեցին տրա­մադ­րած էին բա­նակին, որ եր­կար ժա­մանակ օգ­տա­գոր­ծեց իբ­րեւ պա­հես­տա­նոց եւ ապա ուղտե­րու ախոռ։ Որոշ ժա­մանակ շար­ժանկա­րի սրահ եւ ապա դար­ձեալ ախոռ ըլ­լա­լով շա­հագոր­ծո­ւած է։

Վեր­ջա­պէս քա­ղաքի իշ­խա­նու­թիւննե­րը կ՚որո­շեն հա­յերէ գրա­ւուած կա­լուած­նե­րը աճուրդի ճամ­բով վա­ճառել։ Տէ­րիքի հա­յու­թիւնը կ՚ու­զէ այս առի­թէն օգ­տուելով վե­րատի­րանալ իր եր­բեմնի Սուրբ Գէորգ եկե­ղեց­ւոյ։ Ըն­տա­նիք­ներ, իրենց նիւ­թա­կան կա­րողու­թիւննե­րու սահ­մաննե­րը կը գե­րազան­ցեն այս սրբա­զան նպա­տակին հա­մար։ Հա­մաքա­ղաքա­ցի մահ­մե­տական­ներն ալ կ՚որո­շեն աճուրդի չմաս­նակցիլ, որ­պէսզի կան­խեն կա­լուա­ծի ար­ժէ­քի ալ աւե­լի բարձրա­ցու­մը։ Այսպէս վե­րատի­րացանք մեր նախ­կին եկե­ղեց­ւոյ եւ 1955-1956 տա­րեթի­ւերուն ստա­ցանք սրբա­վայ­րի սե­փակա­նու­թիւնը հաս­տա­տող փաս­տա­թուղթին (Թա­փու)։ Ու­նինք խո­չըն­դոտ մը եւս։ Յա­տուկ հիմ­նադրա­մի մը բա­ցակա­յու­թեան պատ­ճա­ռաւ մեր եկե­ղեց­ւոյ կա­լուա­ծը գրան­ցո­ւած է հա­մայնքէն վստա­հելի ան­ձի մը վրայ։

Այդ տա­րինե­րոն ոչ մենք Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րանին ճամ­բան գի­տէինք, ոչ ալ պատ­րիար­քա­րանը տե­ղեակ էր մեր գո­յու­թե­նէն։ Երախ­տի­քով կը յի­շեմ թէ Տէ­րիքի հա­յոց բո­լոր հո­գեւոր ծա­ռայու­թիւննե­րը կը ստանցնէին ասո­րի հո­գեւո­րական­նե­րը։ Ան­հա­մար են Խոր Սա­մուէ­լի (Աք­տե­միր) կա­տարած մկրտու­թեան, պսա­կադ­րութեան եւ թաղ­ման խորհրդա­կատա­րու­թիւննե­րը։ Մին­չեւ հայ հո­գեւո­րական­նե­րու հետ հա­ղոր­դո­ւիլը, իրենք եղան մեր քրիս­տո­նէական ապ­րումնե­րը ապա­հովո­ղը։

Տա­րինե­րու տե­ւողու­թեամբ աճած հա­մայնքը հա­սած էր 80 ըն­տա­նիքի։ Մեր կա­րողու­թիւննե­րու չա­փով կը փոր­ձէինք վառ պա­հել հայ­կա­կան աւան­դութիւննե­րը։ Եկե­ղեց­ւոյ վե­րատի­րանա­լէ ետք կրօ­նական տօ­ները շատ աւե­լի մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցան։ Յատ­կա­պէս Զա­տիկը՝ որ կը յա­ջոր­դէր եօթ շա­բաթա­նի պահ­քի շրջա­նին։ Զատ­կի օրը հայրս եւ Թով­մաս հօ­րեղ­բայրս Աս­տո­ւածա­շունչէն յօ­դուած­ներ կը կար­դա­յին։ 1960-ական թո­ւական­նե­րուն Տի­յար­պէ­քիրի հո­գեւոր հո­վիւ Տէր Ար­սէն եւ իր մա­հէն ետք ալ Տէր Կի­րակոս իրենց քա­ղաքի Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեց­ւոյ մէջ Զատ­կի Պա­տարա­քը մա­տու­ցե­լէ քա­նի մը օր ետք կ՚այ­ցե­լէին նաեւ Տէ­րիք, մեզ ալ ան­մասն չթո­ղելով Հա­յաս­տա­նեաց եկե­ղեց­ւոյ կա­րեւո­րագոյն ծի­սակա­տարու­թե­նէն։

Զատ­կի շնոր­հա­ւորու­թեան այ­ցե­լու­թիւննե­րը Տէ­րիքի հա­յոց կող­մէ ալ ըն­դունո­ւած սո­վորու­թիւն էր։ Ար­դէն փոք­րա­թիւ հա­մայնքի բո­լոր բնա­կիչ­նե­րը կ՚այ­ցե­լէին զի­րար, ստա­նալով շա­քարե­ղէն։ Ինչպէս բո­լոր հայ­կա­կան գա­ղութներ, Տէ­րիքի հա­յերն ալ ու­նէին Զատ­կի յա­տուկ խմո­րեղէն, որ կը կո­չուէր «Քը­լիչէ»։

Գե­րեզ­մա­նը մէկ քի­լոմեթր հե­ռաւո­րու­թիւն ու­նէր քա­ղաքէն։ Կ՚այ­ցե­լէինք մեր ննջե­ցեալ­նե­րը ու կ՚աղօ­թէինք անոնց հոգ­ւոյն խա­ղաղու­թեան հա­մար։ Մե­ռելո­ցի օրը ոչ աշ­խա­տան­քա­յին էր բո­լորիս հա­մար։ Քա­նի որ քա­ղաքի բո­լոր արուես­տա­գէտ­նե­րը հա­յեր էին, շու­կան ալ հա­մարեա կ՚ամա­յանար մե­ռելոց­նե­րուն։

Մեր քա­ղաքի մօտ ան­ցեալի պատ­մութեան մէջ ան­մո­ռանա­լի է 1986 թո­ւակա­նը, երբ ու­րա­խու­թիւնը վա­յելե­ցինք Թուրքիոյ Հա­յոց 82-րդ Պատ­րիար­քին՝ Շնորհք Գա­լուստեանի այ­ցե­լու­թեան։ Ես այդ ժա­մանակ Իս­թանպուլ կը բնա­կէի։ Այդ այ­ցե­լու­թեան նա­խապատ­րաստու­թիւննե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար նա­խօրօք վե­րադար­ձայ ծննդա­վայրս։ Զինք դի­մաւո­րեցինք քա­ղաք մտնե­լէն 15-20 քի­լոմեթր առաջ։ Այդ օր շուրջ 5, 6 հա­րիւր հո­գինոց սե­ղան սար­քե­ցինք։

Շնորհք Պատ­րիար­քէն ետք Մես­րոպ Պատ­րիարքն ալ այ­ցե­լեց Տէ­րիք։ Ես դար­ձեալ հոն էի։ Թմբուկ- Զուռնա­յով դի­մաւո­րեցինք զինք։ Եկե­ղեցին խուռնե­րամ բազ­մութիւն մը կար։ Ինչպէս որ կ՚ըսեն «ասեղ քցես գե­տին չիյ­նար»։ Շուրջ հա­զար հո­գի եկած էր իր քա­րոզ պատ­գա­մը լսե­լու։ Մես­րոպ Պատ­րիար­քի խօս­քե­րը խո­րապէս տպա­ւորած էին նաեւ մեր մահ­մե­տական հա­մաքա­ղաքա­ցինե­րը։

Յա­ջորող տա­րինե­րուն մեր քա­ղաքը կրկին վե­րածո­ւեցաւ լքեալ աւա­նի։ Գաղ­թի հո­սան­քը սկսած էր 1960-ական տա­րինե­րուն։ Նախ քա­նի մը ըն­տա­նիք­ներ, որոնք առեւ­տուրով կը զբա­ղէին հա­րեւան եր­կիրնե­րու հետ, գաղ­թե­ցին դէ­պի Սու­րիա եւ Լի­բանան։ Ապա աւե­լի մեծ հոսք մը եղաւ դէ­պի Պո­լիս։ Պո­լիս եկած­նե­րուն ալ մէկ մա­սը գաղ­թե­ցին Եւ­րո­պայի զա­նազան եր­կիրներ կամ Ամե­րիկա։ Այժմ Տէ­րիքի մէջ միայն մէկ ըն­տա­նիք ու­նինք՝ Նաիֆ եւ Սրբու­հին ամո­լը, մէկ ալ վեր­ջերս իր ըն­տա­նիքի աւան­դա­կան արո­ւես­տը՝ օճա­ռաշի­նու­թիւնը շա­րու­նա­կող Զե­քերիա Սա­պունճուն։ Ներ­կա­յիս Պո­լիս կը բնա­կին մօտ 200 Տէ­րիք­ցի ըն­տա­նիք­ներ։

Մին­չեւ քա­նի մը տա­րի առաջ տա­րին մէկ ան­գամ Պատ­րիար­քի պաշ­տօ­նակո­չած հո­գեւո­րակա­նի մը ըն­կե­րակ­ցութեամբ կ՚այ­ցե­լէինք մեր 300 տա­րուայ ան­ցեալ ու­նե­ցող եկե­ղեցին։ Խունկ կը վա­ռէինք մեր ննջե­ցելոց շի­րիմ­նե­րուն վե­րեւ։

Այ­սօր եթէ հարց տան թէ ի՞նչ կը ցան­կաս, ապա­գային ալ Սուրբ Գէոր­գին տէր կանգնած մարդկանց գո­յու­թիւնը միայն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ