Լոյս Տեսաւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Հրապարակումներու Երկհատորեակը

ԵՐԵ­ՒԱՆ, «Ար­­­մէնփրէս».- Օս­­­մա­­­­­­­նեան Թուրքիոյ մէջ 1890-1922 թո­­­ւակա­­­ներուն գոր­­­ծադրո­­­ւած հա­­­յերու կո­­­տորած­­­նե­­­­­­­րուն եւ Հա­­­յոց Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան վե­­­րաբե­­­րեալ ամե­­­րիկեան հե­­­ղինա­­­կաւոր թեր­­­թին՝ «Ուա­­­շինկթըն Փոսթ»ի անդրա­­­դար­­­ձե­­­­­­­րը եւ հրա­­­պարա­­­կումնե­­­րը հա­­­մալ­­­րո­­­­­­­ւած են «Հա­­­յոց Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւն. Նա­­­խեր­­­գանք Եւ Յետ Գրու­­­թիւն, Հա­­­ղոր­­­դումներ Ամե­­­րիկեան Մա­­­մու­­­լին Մէջ. «Ուա­­­շինկթըն Փոսթ»ի 1890-1922 Թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու Հրա­­­պարա­­­կումնե­­­րը» եր­­­կու հա­­­տորէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցած գիր­­­քին մէջ, զոր կազ­­­մած են Մխի­­­թարեան միաբա­­­նու­­­թեան միաբան Վա­­­հան Ծ. վրդ. Օհա­­­նեան եւ Արա Քե­­­թիպեան։

16 Ապ­­­րի­­­­­­­լին, Հա­­­յոց Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան թան­­­գա­­­­­­­րան-հիմ­­­նարկին մէջ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ գիր­­­քին շնոր­­­հա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սը, որուն ըն­­­թացքին հիմ­­­նարկի տնօ­­­րէն Յա­­­րու­­­թիւն Մա­­­րու­­­թեան ըսաւ, որ «Ուա­­­շինկթըն Փոսթ»ի՝ 1890-1922 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն հրա­­­պարա­­­կած՝ Հա­­­յոց Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան վե­­­րաբե­­­րող յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րէն բաղ­­­կա­­­­­­­ցած հա­­­տոր­­­նե­­­­­­­րը հսկա­­­յական եւ ար­­­ժէ­­­­­­­քաւոր տե­­­ղեկու­­­թիւններ կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն հե­­­տազօ­­­տող­­­նե­­­­­­­րուն ու ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար։

«Այդ տա­­­րինե­­­րին եւ այ­­­դուհետ՝ Հա­­­յոց Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը վե­­­րապ­­­րածնե­­­րի նկատ­­­մամբ ԱՄՆ կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան ու ժո­­­ղովրդի դրա­­­կան վե­­­րաբեր­­­մունքը պայ­­­մա­­­­­­­նաւո­­­րուած էր նաեւ կո­­­տորած­­­նե­­­­­­­րին ամե­­­րիկեան մա­­­մու­­­լի խո­­­րը անդրա­­­դար­­­ձե­­­­­­­րով», նշեց Մա­­­րու­­­թեան։

Ըստ հա­­­տոր­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մահե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կուն՝ Արա Քե­­­թիպեանի, «Ուա­­­շինկթըն Փոսթ»ի առանձնա­­­յատ­­­կութիւ­­­նը՝ իբ­­­րեւ Ամե­­­րիկա­­­յի մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քին մէջ լոյս տես­­­նող թերթ, քա­­­ղաքա­­­կան բնոյթ ու­­­նե­­­­­­­նալն է։

«Այն, ինչ ԱՄՆ Կոնգրէ­­­սում խօ­­­սուել է հա­­­յերի մա­­­սին՝ թեր­­­թում ար­­­ձա­­­­­­­գանգ է գտել։ Յատ­­­կանշա­­­կան է, որ այդ տա­­­րինե­­­րին դի­­­ւանա­­­գիտա­­­կան ու քա­­­ղաքա­­­կան գաղտնիք­­­ներն այնքան խստօ­­­րէն չէին պահ­­­պանւում, որ­­­քան՝ ներ­­­կա­­­­­­­յում։ Շատ յօ­­­դուած­­­ներ կան, որոն­­­ցում տեղ են գտել Թուրքիայում ԱՄՆ դես­­­պա­­­­­­­նու­­­թեանը Վա­­­շինգտո­­­նից ուղղո­­­ւած նա­­­մակ­­­ներ», ըսաւ Արա Քե­­­թիպեան՝ աւելցնե­­­լով, որ երկհա­­­տորեակը կ՚ամ­­­բողջաց­­­նէ ամե­­­րիկեան մա­­­մու­­­լին մէջ Հա­­­յոց Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան անդրա­­­դար­­­ձին վե­­­րաբե­­­րող նա­­­խորդ 5 հա­­­տոր­­­նե­­­­­­­րը։

Հա­­­յոց Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան 1890-1922 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու գծով Ամե­­­րիկեան մա­­­մու­­­լին մէջ տեղ գտած անդրա­­­դարձնե­­­րուն վե­­­րաբե­­­րեալ, ընդհա­­­նուր առ­­­մամբ, ար­­­դէն տպագ­­­րո­­­­­­­ւած են 7 հա­­­տոր­­­ներ։ Կազ­­­մողնե­­­րը կը նա­­­խատե­­­սեն լոյս ըն­­­ծա­­­­­­­յել 3 հա­­­տոր­­­ներ եւս։

Շնոր­­­հա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սին ըն­­­թացքին Հա­­­յոց Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան թան­­­գա­­­­­­­րան-հիմ­­­նարկի փոխտնօ­­­րէն Լու­­­սի­­­­­­­նէ Աբ­­­րա­­­­­­­համեան եւ Հայկ Մկրտչեան հա­­­մառօտ կեր­­­պով ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցին երկհա­­­տորեակի բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւնը։

Առա­­­ջին հա­­­տորին մէջ յատ­­­կա­­­­­­­պէս ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւած են «Ուա­­­շինկթըն Փոսթ»ի հրա­­­պարա­­­կումնե­­­րը՝ Թուրքիոյ մէջ 1890-1900-ական­­­նե­­­­­­­րու կո­­­տորած­­­նե­­­­­­­րուն մա­­­սին։ Երկրորդ հա­­­տորին մէջ տեղ գտած են 1200 յօ­­­դուած­­­ներ՝ 1916-1922 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն Հա­­­յոց Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան, հա­­­յերու ու հայ­­­կա­­­­­­­կան թե­­­մանե­­­րուն վե­­րաբե­­րեալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ