Մահ պատմաբան Վարդան Գրիգորեանի

«Օրօրա» մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութեան հա­մահիմ­նա­դիր եւ «Օրօ­րա» մրցա­նակի Ընտրող յանձնա­ժողո­վի ան­դամ, ամե­րիկա­հայ ակա­նաւոր մար­դա­սէր, գիտ­­նա­­­կան, հե­­ղինակ, ման­­կա­­­վարժ ու խորհրդա­­տու Վար­­դան որեան (1934–2021) մա­­հացած է ԱՄՆ-ի մէջ։

Աղս առ­­թիւ «Օրօ­­րա» Մար­­դա­­­սիրա­­կան նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը հրա­­պարա­­կած է յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը, ուր կը յայտնէ իր վիշ­­տը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով նաեւ Վար­­դան Գրիգորեանի կեն­­սագրու­­թեան կա­­րեւոր դրո­­ւագ­­նե­­­րը՝ որոնք կը փո­­խան­­ցենք մեր ըն­­թերցող­­նե­­­րուն։

«Իրա­­նի Թավ­­րիզ քա­­ղաքը ծնած Վար­­դան Գրիգորեանը ան­­հա­­­մար մար­­տահրա­­ւէր­­ներ է յաղ­­թա­­­հարած է, երի­­տասարդ տա­­րիքին Միացեալ Նա­­հանգներ ներ­­գաղթե­­լով։ Ան կեր­­տած է նշա­­նակա­­լի քա­­րիերա, որ տե­­ւած է մի քա­­նի տաս­­նա­­­մեակ եւ հա­­տած զինք հիւ­­րընկա­­լող երկրի գի­­տական, բա­­րեգոր­­ծա­­­կան եւ մշա­­կու­­թա­­­յին սահ­­մաննե­­րը։ Գրի­­գո­­­րեան կրթու­­թեան եւ լու­­սա­­­ւորու­­թեան ջեր­­մե­­­ռանդ ջա­­տագով էր, որու հա­­մար գրքե­­րը «յոյ­­սի, կրթու­­թեան եւ աւե­­լի լաւ ապա­­գայի կա­­յան­­ներ» էին։

1956 թ. Վ. Գրիգորեանը ըն­­դունո­­ւած է Ստեն­­ֆորդի հա­­մալ­­սա­­­րան, ուր մաս­­նա­­­գիտա­­ցած է պատ­­մութեան եւ հու­­մա­­­նիտար գի­­տու­­թիւննե­­րու բնա­­գաւա­­ռին եւ ան աւար­­տած է 1958 թ. Գե­­րազան­­ցութեամբ։ 1964 թ. Ստեն­­ֆորդի հա­­մալ­­սա­­­րանը Վար­­դան Գրիգորեանին շնոր­­հած է Պատ­­մութեան եւ հու­­մա­­­նիտար գի­­տու­­թիւննե­­րու դոկ­­տո­­­րի գի­­տական աս­­տի­­­ճան, իսկ 1969-ին ար­­ժա­­­նացած է Դան­­ֆորթ հիմ­­նադրա­­մի Է. Հ. Հար­­բի­­­սոնի «Ակա­­նաւոր դա­­սաւանդման» մրցա­­նակին (Distinguished Teaching Award)։ 1972 թ. ան միացած է Փեն­­սիլվա­­նիայի հա­­մալ­­սա­­­րանի փրո­­ֆեսո­­րադա­­սախօ­­սական կազ­­մին եւ նշա­­նակո­­ւած Թարզգա­­նի անո­­ւան ամ­­պիոնի պատ­­մութեան փրո­­ֆեսոր եւ Հա­­րաւա­­յին Ասիայի պատ­­մութեան փրո­­ֆեսոր. 1974 թ. ան եղած է Փեն­­սիլվա­­նիայի հա­­մալ­­սա­­­րանի Արո­­ւես­­տի եւ գի­­տու­­թիւննե­­րու ֆա­­կուլտե­­տի հիմ­­նա­­­դիր դե­­կանը, իսկ չորս տա­­րի անց դար­­ձած է նոյն հա­­մալ­­սա­­­րանի քսա­­ներե­­քերորդ ռեկ­­տո­­­րը՝ պաշ­­տօ­­­նավա­­րելով մին­­չեւ 1981 թո­­ւակա­­նը։

1981–1989 թթ. Վար­­դան Գրիգորեանը եղած է Նիւ Եոր­­քի հան­­րա­­­յին գրա­­դարա­­նի նա­­խագա­­հը եւ մեծ հե­­ղինա­­կու­­թիւն վաս­­տա­­­կած է գրա­­դարա­­նի մշա­­կու­­թա­­­յին նշա­­նակու­­թեան կար­­գա­­­վիճա­­կը վե­­րականգնե­­լու հա­­մար. 1989 թ. ան նշա­­նակո­­ւած է Պրաու­­նի հա­­մալ­­սա­­­րանի նա­­խագահ։ Անոր ղե­­կավա­­րու­­թեան ներ­­քոյ Պրաու­­նի հա­­մալ­­սա­­­րանը դար­­ձած է եւ՛ աւե­­լի կլո­­պալ, եւ՛ ակա­­դեմիական առու­­մով աւե­­լի մրցու­­նակ, եւ՛ ֆի­­նան­­սա­­­պէս աւե­­լի ապա­­հով։ Իր պաշ­­տօ­­­նավար­­ման ըն­­թացքին ան ղե­­կավա­­րած է նա­­խաձեռ­­նութիւն մը, որու շնոր­­հիւ հա­­ւաքո­­ւած է աւե­­լի քան 500 մի­­լիոն տո­­լար՝ հա­­տելով հաս­­տա­­­տու­­թեան հա­­սու­­թա­­­ւոր­­ման 1 մի­­լիարդ տո­­լարի սահ­­մա­­­նագի­­ծը. 1997 թո­­ւակա­­նէն Գրիգորեանը զբա­­ղեցու­­ցած է Նիւ Եոր­­քի Քար­­նե­­­գի կոր­­պո­­­րացիայի տաս­­ներկո­­ւերորդ նա­­խագա­­հի պաշ­­տօ­­­նը. 1998 թ. ԱՄՆ նա­­խագահ Քլին­­թո­­­նը անոր պար­­գե­­­ւատ­­րած է Ազ­­գա­­­յին հու­­մա­­­նիտար գի­­տու­­թիւննե­­րու մե­­տայ­­լով, իսկ 2004 թ. նա­­խագահ Պու­­շը պար­­գե­­­ւատ­­րած է Ազա­­տու­­թեան Նա­­խագա­­հական մե­­տալով՝ ԱՄՆ քա­­ղաքա­­ցիական բարձրա­­գոյն պար­­գե­­­ւով։

Վար­­դան Գրիգորեանը ներ­­քին հզօր ու­­ժի տէր մարդ էր, կա­­րեկ­­ցանքի ու ան­­սահման իմաս­­տութեան շտե­­մարան։ Ան ար­­ժա­­­նացած է բազ­­մա­­­թիւ դրա­­մաշ­­նորհնե­­րու, այդ թո­­ւում՝ Սայ­­մոն Գու­­գենհայ­­մի հիմ­­նադրա­­մէն, Ու­­սեալ հա­­սարա­­կու­­թիւննե­­րու ամե­­րիկեան խորհրդէն (American Council of Learned Societies), Հա­­սարա­­կագի­­տական հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու խորհրդէն (Social Science Research Council) եւ Ամե­­րիկեան փի­­լիսո­­փաեական հան­­րութե­­նէն (American Philosophical Society)։ Բա­­ցի այդ, ան ստա­­ցած է պա­­տուա­­ւոր բազ­­մա­­­թիւ աս­­տի­­­ճան­­ներ եւ պար­­գե­­­ւատ­­րութիւննե­­րու ար­­ժա­­­նացած Ֆրան­­սիայի, Իտա­­լիայի, Աւստրիայի ու Պոր­­տուգա­­լիայի կա­­ռավա­­րու­­թիւննե­­րու կող­­մէ։

Աշ­­խարհի մէջ բար­­գա­­­ւաճ­­ման ու խա­­ղաղու­­թեան հաս­­նե­­­լու իր առա­­քելու­­թեան մէջ Վար­­դան Գրիգորեանը միշտ հան­­դէս եկած է ամե­­նաաղ­­քատնե­­րու եւ իրա­­ւազուրկնե­­րու անու­­նէն։ Ըլ­­լա­­­լով ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան, խտրա­­կանու­­թեան եւ հե­­տապնդումնե­­րու վե­­րաց­­ման գոր­­ծի յանձնա­­ռու՝ իր կա­­րեկ­­ցանքով ու վճռա­­կանու­­թեամբ ոգեշնչո­­ւած բո­­լորի հա­­մար ան դար­­ձած է ու­­սուցիչ ու յոյ­­սի փա­­րոս։ Երի­­տասարդ սերնդին ան առաջ­­նորդած է բա­­րու­­թիւնով ու խո­­րաթա­­փան­­ցութիւ­­նով՝ փո­­խելով մարդկա­­յին կեան­­քե­­­րը եւ մշտա­­պէս առաջ­­նորդե­­լով անձնա­­զոհու­­թեան ու նո­­ւիրո­­ւածու­­թեան իր անձնա­­կան օրի­­նակով։

Ար­­գա­­­սալից հե­­ղինակ Վար­­դան Գրիգորեանը հրա­­տարա­­կած է շարք մը գրքեր, որոնց թո­­ւում են «Ճա­­նապարհ դէ­­պի տուն. Իմ կեան­­քը եւ ժա­­մանակ­­նե­­­րը» (The Road To Home: My Life and Times), «Իս­­լամ. Խճան­­կար, ոչ միաձոյլ» (Islam: A Mosaic, Not a Monolith) եւ «Ժա­­մանա­­կակից Աֆ­­ղանստա­­նի յայտնու­­թիւնը, 1880-1946 թթ.» (The Emergence of Modern Afghanistan, 1880-1946)։

2015 թ. ան, Նու­­պար Աֆէ­­յանի եւ Ռու­­բէն Վար­­դա­­­նեանի հետ, հիմ­­նադրած է «Օրօ­­րա» մար­­դա­­­սիրա­­կան նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը՝ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը վե­­րապ­­րողնե­­րու անու­­նէն՝ ի երախ­­տա­­­գիտու­­թիւն անոնց փրկող­­նե­­­րու։ «Օրօ­­րա» մար­­դա­­­սիրա­­կան նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը եւ անոր «Օրօ­­րա» մար­­դա­­­սիրա­­կան մրցա­­նակը կը ձգտին այդ փոր­­ձը վե­­րածե­­լու կլո­­պալ շարժման՝ անդրա­­դառ­­նա­­­լով աշ­­խարհի առ­­կայ մար­­դա­­­սիրա­­կան մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րուն եւ կեդ­­րո­­­նանա­­լով կա­­րիքի մէջ գտնո­­ւող­­նե­­­րուն օգ­­նե­­­լու վրայ։

Որ­­պէս «Օրօ­­րայի» հա­­մահիմ­­նա­­­դիր եւ «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի Ընտրող յանձնա­­ժողո­­վի ան­­դամ, Վար­­դան Գրիգորեանը ան­­խոնջ աշ­­խա­­­տած է՝ օգ­­նե­­­լու այդ տես­­լա­­­կանը կեան­­քի կո­­չելուն եւ երկրորդ հնա­­րաւո­­րու­­թիւն տա­­լու անոնց, ով­­քեր ամե­­նէն աւե­­լի ու­­նին անոր կա­­րիքը։ Մենք յա­­ւերժ երախ­­տա­­­պարտ ենք անոր փոր­­ձա­­­ռու­­թեան ու տես­­լա­­­կանի եւ «Օրօ­­րա» մար­­դա­­­սիրա­­կան նա­­խաձեռ­­նութեան ստեղծման ու զար­­գացման գոր­­ծին անոր ներդրած անգնա­­հատե­­լի աւան­­դի հա­­մար։

«Օրօ­­րան» կը սգայ Վար­­դան Գրիգորեանի մա­­հուան կա­­պակ­­ցութեամբ եւ աղօթք ու զօ­­րակ­­ցութիւն կը յղէ անոր ըն­­տա­­­նիքին եւ բո­­լոր անոնց, ով­­քեր օգ­­տո­­­ւած են անոր նշա­­նաւոր աշ­­խա­­­տան­­քէն եւ իմաստնու­­թե­­­նէն. Անոր ժա­­ռան­­գութիւ­­նը կ՚ապ­­րի եւ կը շա­­րու­­նա­­­կէ ապ­­րիլ յա­­ւեր­­ժութեան մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ