Զանգեզուրի միջանցքը կռուախնձոր

«Սի­վիլ­­նեթ»ի լրա­­տուու­­թեան հա­­մաձայն Ատրպէյ­­ճա­­­նի նա­­խագահ Իլ­­համ Ալիեւը սպառ­­նա­­­ցած է Հա­­յաս­­տա­­­նին «Զան­­գե­­­զու­­րի մի­­ջանցքի հար­­ցը» ու­­ժի մի­­­ջոցով լու­­­ծե­­­­­­­լու մա­­­սին։ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի պե­­­տական հե­­­ռուստա­­­տեսու­­­թեան տո­­­ւած հար­­­ցազրոյ­­­ցի ըն­­­թացքին Ալիեւի խօս­­­քե­­­­­­­րը փո­­­խան­­­ցած է ՌԻԱ Նո­­­վոստի լրա­­­տու գոր­­­ծա­­­­­­­կալու­­­թիւնը։

Ալիեւ յայ­­­տա­­­­­­­րարած է, թէ «Զան­­­գե­­­­­­­զու­­­րի մի­­­ջանցքի» ստեղ­­­ծումը լիովին կը հա­­­մապա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի ազ­­­գա­­­­­­­յին, պատ­­­մա­­­­­­­կան եւ ապա­­­գայ շա­­­հերուն. «Մենք Զան­­­գե­­­­­­­զու­­­րի մի­­­ջանցք կ՚իրա­­­կանաց­­­նենք։ Եթէ Հա­­­յաս­­­տան ցան­­­կա­­­­­­­նայ, աւե­­­լի հեշտ կ՚ըլ­­­լայ այդ հար­­­ցը լու­­­ծել, իսկ եթէ չու­­­զէր, ու­­­ժով կը լու­­­ծենք»։

Աւե­­­լի վաղ՝ Ապ­­­րի­­­­­­­լի 13-ին, Ալիեւը յայ­­­տա­­­­­­­րարած էր, որ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հետ սահ­­­մա­­­­­­­նին ռազ­­­մա­­­­­­­կան գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թեան որե­­­ւէ ծրա­­­գիր չու­­­նի։

Ալիեւի յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թեան ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գած է Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ԱԳՆ խօս­­­նակ Ան­­­նա Նաղ­­­դա­­­­­­­լեանը։

«Խստօ­­­րէն կը դա­­­տապար­­­տենք Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի տա­­­րած­­­քա­­­­­­­յին ամ­­­բողջա­­­կանու­­­թեան դէմ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի նա­­­խագա­­­հի նկրտումնե­­­րը եւ ուժ կի­­­րառե­­­լու սպառ­­­նա­­­­­­­լիք­­­նե­­­­­­­րը. Նման յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւննե­­­րը լրջօ­­­րէն կը վնա­­­սեն տա­­­րածաշրջա­­­նային խա­­­ղաղու­­­թիւնը եւ կա­­յու­­նութիւ­­նը. Ասոնք կը բա­­ցայայ­­տեն խա­­ղաղու­­թեան եւ հաշ­­տութեան վե­­րաբե­­րեալ վեր­­ջին ժա­­մանակ­­նե­­­րուն Ատրպէյ­­ճա­­­նի յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն սին եւ կեղծ բնոյ­­թը։

Յատ­­կանշա­­կան է, որ նման սպառ­­նա­­­լիք­­ներ կը կա­­տարո­­ւին Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան տա­­րելի­­ցին ըն­­դա­­­ռաջ եւ նպա­­տակ ու­­նին ու­­ժի դիր­­քե­­­րէն խօ­­սելու հայ ժո­­ղովրդի հետ։

Մենք մշտա­­կան կա­­պի մէջ ենք մեր ռազ­­մա­­­վարա­­կան դաշ­­նակցի, ինչպէս նաեւ Հա­­րաւա­­յին Կով­­կա­­­սի խա­­ղաղու­­թիւնով շա­­հագրգռո­­ւած բո­­լոր գոր­­ծընկեր­­նե­­­րու հետ։

Հա­­յաս­­տա­­­նը կը ձեռ­­նարկէ բո­­լոր անհրա­­ժեշտ մի­­ջոց­­նե­­­րը՝ իր ինքնիշ­­խա­­­նու­­թիւնը եւ տա­­րած­­քա­­­յին ամ­­բողջա­­կանու­­թիւնը պաշտպա­­նելու հա­­մար», նշած է Նաղ­­դա­­­լեան իր յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ