Համավարակը կը կոտրէ, կ՚անցնի

Համա­վարա­կը կը շա­րու­նա­կէ Թուրքիոյ կա­րեւո­րագոյն հար­ցը մնալ, քա­նի որ վեր­ջերս կը գրան­ցո­ւին մին­չեւ այ­սօր ար­ձա­նագ­րո­ւած ամե­նաբարձր վա­րակ­ման ու մա­հաց­ման դէպ­քե­րը։ Այսպէս ամե­նօրեայ մօ­տաւո­րապէս 300 հա­զարի հաս­նող թես­թա­ւորումնե­րու աւար­տին կը յայտնա­բերո­ւի վա­րակ­ման շուրջ 60 հա­զար նոր դէպ­քեր։ Նոյնպէս ամե­նօրեայ մա­հացող­նե­րու ցու­ցակն ալ կը շա­րու­նա­կէ գե­րազան­ցել նա­խորդ օրե­րը հաս­նե­լով մտա­հոգիչ քանա­կու­թիւննե­րու։ Թուրքիա ամ­բողջ Եւ­րո­պայի մէջ կը ներ­կա­յանայ ամե­նաբարձր վա­րակ­ման դէպ­քե­րով։ Իսկ մա­հացող­նե­րը կը ­գերա­զան­ցեն 300-ը։ Ներ­կայ դրու­թեամբ Թուրքիոյ մէջ կրկնա­կի պա­տուաստուող­նե­րը 7 մի­լիոնէ աւե­լի է եւ մաս­նա­գէտ­ներ դի­տել կու տան թէ այդ զան­գո­ւածի մէջ վա­րակուելու դէպ­քեր ար­ձա­նագ­րո­ւելով հան­դերձ ծան­րօ­րէն հի­ւան­դա­ցող­ներ գրե­թէ չկան։ Այս ալ ապա­ցոյց մը կը հա­մարո­ւի պա­տուաս­տա­նիւ­թի տո­ւած դրա­կան ար­դիւնքին։

Նոյնպէս Առող­ջա­պահու­թեան Նա­խարա­րը դի­տել կու տայ որ խտա­ցեալ դար­մա­նու­մի կա­րիք ու­նե­ցող­նե­րու մէջ 65 տա­րեկա­նը ան­ցած ան­ցե­րը հա­զիւ 10 տո­կոսը կը կազ­մեն։

Նոր յատ­կութիւններ ստա­ցած ժահ­րը փո­խան­ցո­ւելու աւե­լի ըն­դունակ է եւ կը սպառ­նայ հա­մեմա­տաբար աւե­լի երի­տասարդ սե­րունդին։

Մաս­նա­գէտ­ներ հա­մավա­րակը կան­խե­լու հա­մար կրկին ու կրկին ան­գամ կոչ կ՚ընեն ամ­բողջա­կան մե­կու­սա­ցու­մի։ Անոնք դի­տել կու տան թէ երկշա­բաթա­նի նա­խընտրա­բար միամ­սեայ բա­ցար­ձակ մե­կու­սա­ցու­մով եւ մինչ այդ պա­տուաս­տումի թափ տա­լով կա­րելի է չէ­զոքաց­նել այս աղէ­տը։ Սա­կայն ի դէմ մաս­նա­գէտ­նե­րու այս խորհրդին կա­ռավա­րու­թիւնը հա­մավա­րակի կան­խա­միջոց­նե­րը կը շա­հագոր­ծէ քա­ղաքա­կան նպա­տակ­նե­րու հա­մար։ Երբ մոլ­լա­ներու թա­ղումնե­րը կը կա­յանան զան­գո­ւածա­յին բազ­մութիւննե­րու մաս­նակցու­թեամբ կամ իշ­խող կու­սակցու­թիւնը հա­մագու­մարներ կը կա­տարէ նոյն բնոյ­թով ան­դին հա­մավա­րակը պատ­րո­ւակ կը դառ­նայ իրա­ւունք պա­հան­ջողնե­րու դի­մաց։ Այսպէս զա­նազան կու­սա­կալ­ներ մին­չեւ 15 Մա­յիս ամէն տե­սակ հան­րա­հաւա­քի դէմ ար­գելքներ հռչա­կած են։ Ոչ ոգի հա­մար գաղտնիք չէ թէ այդ իբ­րեւ թէ կան­խա­միջոց­նե­րով նպա­տակադ­րո­ւած է Մա­յիս 1-եան ցոյ­ցե­րը կան­խել։

Նոյն մեր­ձե­ցու­մով ար­գի­լուած է 23 Ապ­րի­լի Ման­կանց Տօ­նի մի­ջոցա­ռումնե­րը։ Կու­սա­կալ­նե­րու շատ ան­գամ ալ ինքնա­կամ այս բնոյ­թի ար­գելքնե­րու հե­տաքրքրա­կան մէկ օրի­նակն ալ կը ներ­կա­յանայ հան­րա­պետու­թեան հիմ­նա­դիր Մուսթա­ֆա Քե­մալի ճա­ռախօ­սու­թիւննե­րուն դէմ։ Ընդդի­մադիր շրջա­նակ­ներ ծան­րօ­րէն կը դա­տապար­տեն այս ար­գելքը, յի­շեց­նե­լով թէ ան­նա­խադէպ երե­ւոյթ է Մուսթա­ֆա Քե­մալի ճա­ռախօ­սու­թիւննե­րու ար­գի­լու­մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ