Էրտողանի հանդէպ Եւրոպայի բարեհաճութիւնը ինքնասպանութիւն է

ՆԻԿՈԼԱ ՏԱՒԻԹԵԱՆ

Պելկիայի հայերու կոմիտէի նախագահ

Հակառակ թո­ւեցեալին, Թուրքիոյ հա­յերու ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, որ կը ոգե­կոչենք այ­սօր՝ Ապ­րի­լի 24-ին, չա­փազանց ար­դիական է։ Յի­րաւի, կա­րելի էր մտա­ծել, որ ճա­նաչե­լով փաս­տե­րու իրո­ղու­թիւնը՝ թէ­կուզ ու­շա­ցու­մով, Պել­կիան եւ եւ­րո­պական այլ պե­տու­թիւններ կը մտա­հոգո­ւէին ժխտո­ղական Թուրքիոյ ներ­կա­յացու­ցած եզա­կի սպառ­նա­լիքով։

Իրա­կանին, կար ան­հանգստա­նալու պատ­ճառ։ 2020թ. Սեպ­տեմբե­րի 27-ին հէնց թուրքա­կան բա­նակը ղե­կավա­րեց Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի հա­յերու դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած յար­ձա­կու­մը՝ կա­ռավա­րելով Ատ­պէյճա­նի զի­նուած ու­ժե­րը։ Այդ պա­տերազ­մը հա­կադ­րեց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու ժա­ռանգնե­րուն եւ դա­հիճ­նե­րու յետ­նորդնե­րուն եր­կու հզօր բռնա­պետու­թեան, որոնք պաշ­տօ­նապէս ատե­լու­թիւն կը սեր­մա­նեն հա­յու եւ փոքր ժո­ղովրդա­վարու­թեան դէմ։ Նա­խայար­ձակ հա­կառա­կոր­դի կամ­քի մէջ հա­յերը տե­սան էթ­նիկ զտումնե­րու քա­ղաքա­կանու­թեան տրա­մաբա­նական շա­րու­նա­կու­թիւնը, որուն են­թարկո­ւած էին։

Թուրքիոյ նա­խագահ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղանը փաս­տերն այլ կերպ չէր տես­ներ։ 2020թ. Դեկ­տեմբե­րի 10-ին Պա­քու յաղ­թա­նակի տո­նակա­տարու­թիւննե­րու առի­թով ան յի­շատա­կեց Էն­վեր Փա­շան՝ 1915թ. ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­րագ­լուխնե­րէն մէ­կուն, եւ Կով­կա­սի իս­լա­մական բա­նակը, որ տա­րածաշրջա­նին շա­րու­նա­կեց Թուրքիոյ մէջ իրա­կանա­ցուած զտումնե­րը։ Այդ թե­րեւս հա­ւասա­րազօր է, որ Ան­կե­լա Մեր­քե­լը ար­ժա­նին մա­տու­ցեր Հայնրիխ Հիմ­լե­րին եւ ՍՍ-ին։

Այո, Թուրքիայում փայ­փա­յում են ցե­ղաս­պաննե­րու յի­շատա­կը։ Եւ միան­գա­մայն բնա­կան է, որ Էր­տո­ղանի ծրա­գիրը կը ներգրա­ւէ ժա­մանա­կակից թուրք ազ­գի անար­ժան հայ­րե­րի գոր­ծի շա­րու­նա­կակա­նու­թեան մէջ՝ գա­ղափա­րախօ­սու­թիւն, որ եր­բե­ւէ չէ մեր­ժո­ւած։

Ուստի, Եւ­րո­պան ոչ միայն ոչինչ չը­րաւ՝ պաշտպա­նելու հա­մար Թուրքիոյ կող­մէ վտան­գո­ւած բնակ­չութեան, այ­լեւ բա­ցար­ձակ ոչինչ չը­սաւ։ Եւ­րո­պան չդա­տապար­տեց ո՚չ լայ­նա­ծաւալ յար­ձա­կու­մը, ո՚չ ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րը, ո՚չ ար­գի­լուած զէն­քի կի­րառու­մը, ո՚չ սու­րիացի ճի­հատա­կան­նե­րու ներգրա­ւու­մը, ո՚չ էթ­նիկ զտումնե­րը։ Հա­կամար­տութե­նէ ետք աւե­լին չը­սաւ, ոչ ալ գոր­ծեց՝ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ դե­ռեւս անա­զատու­թեան մէջ պա­հուող ռազ­մա­գերի­ներու ազատ ար­ձա­կումն ապա­հովե­լու, վեր­ջիննե­րուս խոշ­տանգումնե­րը կամ սպա­նու­թիւննե­րը կան­խե­լու կամ վտան­գո­ւած հո­գեւոր ճար­տա­րապե­տական ժա­ռան­գութիւ­նը ոչնչա­ցու­մից փրկե­լու հա­մար։

Ան­շուշտ, ըն­դունո­ւած է հա­մարել, որ Եւ­րո­պան առաջ­նա­հերթ պէտք է զբա­ղուի իր ներ­քին խնդիր­նե­րով եւ թող­նէ Թուրքիոյ, Ռու­սաստա­նին եւ ԱՄՆ-ին եղա­նակ ստեղ­ծել իր ծայ­րա­մասին։ Սա­կայն, հարկ է գի­տակ­ցիլ, որ այսպէս ձեռ­քե­րը լո­ւանա­լով, շու­տով ստի­պուած կ՛ըլ­լայ նաեւ հրա­ժարիլ իր մարմնա­ւորած ար­ժէ­քէն՝ որն է մայրցա­մաքի մա­կար­դա­կով մար­դա­սիրա­կան ու ին­տերնա­ցիոնա­լիս­տա­կան իտեալ եւ տե­ւական խա­ղաղու­թեան, մար­դու իրա­ւունքնե­րու ու մշա­կոյթնե­րու մի­ջեւ փոխ­յա­րաբեր­ման առ­հա­ւատ­չեայ հան­դի­սանա­լը։

Եթէ ճանչնա­յինք պատ­մութիւ­նը, աւե­լի լաւ կը գի­տակ­ցէինք վտան­գի բնոյ­թը։ Առա­ջին հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մէն ետք յաղ­թողնե­րը, ըստ էու­թեան, խստօ­րէն դա­տեցին պար­տո­ւող­նե­րէն ոմանց՝ Գեր­մա­նիան, Աւստրիական կայսրու­թիննը եւ Հունգա­րիան։ Սա­կայն, ձգտե­լով զսպել Պոլ­շե­ւիկեան Ռու­սաստա­նը, անոնք նա­խընտրե­ցին գոր­ծարքի եր­թալ թուրք ազ­գայնա­կան առաջ­նորդ Մուստա­ֆա Քե­մալի հետ՝ ի հե­ճուկս վեր­ջի­նիս երկրին իրա­կանա­ցուած յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու։ Այդժամ, բրի­տանա­ցինե­րը հրա­ժարե­ցան դա­տել 1915թ. ցե­ղաս­պա­նու­թեան մե­ղաւոր­նե­րուն, որոնք, սա­կայն, իրենց ձեռ­քերն էին, եւ ստո­րագ­րե­ցին Լո­զանի հա­մաձայ­նա­գիրը, ուր հա­յերու մա­սին նոյ­նիսկ չէր յի­շատա­կուած։

Միեւ­նոյն ժա­մանակ, պար­տո­ւած եւ նո­ւաս­տա­ցած Գեր­մա­նիոյ մէջ հիաց­մունքով կը հե­տեւին թրքա­կան ար­կա­ծախնդրու­թեան։ Թուրքա­կան զի­նուած ու­ժե­րու կազ­մին կը ծա­ռայէր ոմն Հանս Թրյոբստ անու­նով սպայ։ Վե­րադառ­նա­լով Գեր­մա­նիա՝ ան կը գրէ մի շարք յօ­դուած­ներ «Heimatland» օրա­թեր­թի հա­մար, իր հայ­րե­նակից­նե­րուն գո­վեր­գե­լով թուրքա­կան մօ­տելը։ «Փոքր Ասիայի հան­գա­մանքնե­րը նոյնն էին, ինչ այստեղ [Գեր­մա­նիա], օրի­նակ կը գրէ ան։ Թուրքա­կան ազ­գա­յին մարմնի տզրուկներն ու մա­կաբոյծնե­րը յոյ­ներն ու հա­յերն էին։ Անոնք պէտք է ոչնչա­ցուէին եւ վնա­սազեր­ծո­ւէինե։ (15 Հոկ­տեմբե­րի 1923թ.) Ըն­թերցե­լով Թրյոբստի յօ­դուած­նե­րը՝ Հիտ­լե­րը վեր­ջի­նիս կը հրա­ւիրէ հան­դիպման, որ­մէ ետք կը գրէ անոր « Ար­դեօ՞ք այն, ին­չին ակա­նատես էք եղել Թուրքիայ, մենք պէտք է իրա­կանաց­նենք ապա­գային յա­նուն մեր ազա­տագրմա­ն»։ Ի դէպ, Հիտ­լերն ան­վերջ բո­լորին կը կրկներ, որ իր եր­կու չա­փանիշ­ներն էին Պե­նիդօ Մու­սո­լինին եւ Մուստա­ֆա Քե­մալը։ Այդժամ գոր­ծի կը դրո­ւի պատ­մա­կան նեն­գա­դաւ մե­խանիզ­մը եւ, այսպի­սով, բար­բա­րոսու­թիւնը, որը յա­ջողու­թեամբ պսա­կուած էր Անա­տոլիայում, պա­տու­հա­սէ նաեւ Եւ­րո­պան։

Թրքա­կան փոր­ձի եւ նա­ցիզ­մի մի­ջեւ կա­պը քօ­ղար­կո­ւած է մէ­կդա­րեայ ժխտողակա­նու­թեամբ։ Մինչդեռ այն պէտք է նա­խազ­գուշա­ցում հան­դի­սանար։ Եթէ 1945թ. յե­տոյ Եւ­րո­պան որո­շեց հրա­ժարիլ էթ­նիկ զտումնե­րէն եւ աւ­տո­րիտա­րիզ­մէն, ապա մօ­տելը, որով այդքան հիանում էին Թրյոբստն ու Հիտ­լե­րը, կը շա­րու­նա­կէ մնալ հիմ­նա­րար Թուրքիոյ մէ­ջե։

Իր վեր­ջին «Քա­ղաքակրթու­թիւննե­րու խոր­տա­կու­մ» աշ­խա­տու­թեան մէջ գրող Ամին Մաալու­ֆը կա­րօտով կը նկա­րագ­րէ ար­դէն կոր­սո­ւած աշ­խարհը՝ բազ­մամշա­կոյթ Մի­ջին Արե­ւել­քը, որ­տեղ ժո­ղովուրդներն ու դա­ւանանքնե­րը խա­ղաղ կը գո­յակ­ցէին։ Հա­յերուն քաջ ծա­նօթ այդ Մի­ջին Արե­ւելքն այ­սօր հրի եւ սրի է մատ­նո­ւած, իսկ անոր փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը՝ ոչնչա­ցուած եւ վտա­րուած։ Ամին Մաալու­ֆը մեզ կը՛զգու­շացնէ, որ այսժամ «գոր­ծի դրո­ւած է մե­խանիզ­մը». «Լե­ւան­տի (Արե­ւելք, Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի երկրներ) լոյ­սե­րը մա­րեցին, կը գրէ ան։ Ապա խա­ւարը սփռո­ւեց մո­լորա­կով մէկ։ Եւ իմ տե­սան­կիւնէն, այդ լոկ պա­տահա­կանու­թիւն չէե։

Թուրքա­կան պե­տու­թիւնը մե­խանիզ­մի հիմ­նա­կան անիւ­նե­րէն մէկն է։ Յի­րաւի, թուրքա­կան մօ­տելը ու­ժի եւ գե­րիշ­խա­նու­թեան կա­պի մշտա­կան փնտռտուքն է։ Ցան­կա­ցած զի­ջողա­կանու­թիւն անոր հա­մար թու­լութեան նշան է՝ հե­տեւա­բար կ՚ար­հա­մարէ կա­յու­նութեան եւ հա­ւասա­րակշռու­թեան որո­նու­մը, վստա­հու­թեան, փոխ­զիջման եւ հա­մընդհա­նուր կա­նոն­նե­րու կա­պը։ Հէնց այս քա­ղաքա­կան մշա­կոյթն է Էր­տո­ղանին խան­գա­րողը բա­րեխղճօ­րէն բա­նակ­ցիլ իր հա­րեւան­նե­րու հետ, ին­չով ալ կը բա­ցատ­րո­ւի Թուրքիոյ հա­րեւա­նու­թեամբ՝ Պալ­կաննե­րից մին­չեւ Մի­ջին Արե­ւելք, այդչափ հա­կամար­տութիւննե­րու առ­կա­յու­թիւնը ։

Նման կե­ցուած­քը կը յան­գեցնէ ամե­նադա­ժան ճնշման եւ էթ­նիկ զտումնե­րու, երբ գե­րիշ­խողն է Թուրքիան, եւ մշտա­կան բա­խումնե­րու, երբ բաղ­ձա­լի գե­րիշ­խա­նու­թիւնը դեռ ձեռքբե­րուած չէ։

Ուստի, վեր­ջին քսան տա­րինե­րուի ըն­թացքին ոչինչ չէ արո­ւած Թուրքիային այդ չա­րիքէն բու­ժե­լու հա­մար, քան­զի Եւ­րոպան պար­բե­րաբար խու­սա­փած է խնդրա­հարոյց թե­մանե­րէն։ Փո­խանակ Թուրքիան փո­խելու փորձ ընել, մենք Էր­տո­ղանին թոյլ տո­ւինք հզօր ցան­ցե­րով ներ­թա­փան­ցել բուն Եւ­րո­պա, այնտեղ տե­ղակա­յել իր դրա­ծոնե­րուն եւ սպառ­նալ իր հա­կառա­կորդնե­րուն եւ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն։ Ան կ՚օգ­տա­գոր­ծէ փախստա­կան­նե­րու սպառ­նա­լիքը Եւ­րա­միու­թիւնը շան­տա­ժի են­թարկե­լու հա­մար եւ մէ­կը միւ­սի ետե­ւէն քա­ղաքա­կան յար­ձա­կում կը նա­խաձեռ­նէ իրեն հա­կազ­դող եւ­րո­պացի առաջ­նորդնե­րու եւ եւ­րո­պական պե­տու­թիւննե­րու դէմ։

Եւ­րո­պայի քա­ղաքա­ցինե­րը, իրենց հեր­թին, տես­նե­լով, թէ ինչ հեշ­տօ­րէն Եւ­րո­պան կը զի­ջէ Էր­տո­ղանին եւ կը հրա­ժարի սե­փական ար­ժէքնե­րէն՝ կը կորսնցնեն վստա­հու­թիւնը։ Վեր­ջերս Ան­գա­րայի մէջ Շառլ Մի­շելի եւ Ուրսու­լա Վոն Դեր Լէ­յենի մաս­նակցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած «Sofagate»-ի մի­ջադէ­պը ակ­նե­րեւի ցոյց դրաւ, բո­լոր անոնց հա­մար, որոնք այս առըն­չութեամբ կաս­կածներ ու­նէին, Եւ­րո­պայի սի­րողա­կանու­թիւնն ու ան­միաբա­նու­թիւնը ընդդէմ հզօր Ան­գա­րայի։

Հա­յերը շատ ցա­ւագին ըն­դունե­ցին Եւ­րո­պայի լռու­թիւնն ու ան­տարբե­րու­թիւնը պա­տերազ­մի ըն­թացքին եւ ան­կէ ետք։ Այս Ապ­րի­լի 24-ին մենք կը յի­շէնք, որ յատ­կա­պէս Թուրքիոյ պատ­մութեան վե­րաշա­րադ­րումը եւ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան քա­ղաքա­կան հե­տեւանքնե­րու մո­ռացումն էին, որ խան­գա­րեցին եւ­րո­պական ընտրա­նիին ըն­կա­լել Եւ­րո­պային սպառ­նա­ցող վտանգի բնոյթը եւ ժամանակին հակազդել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ