Յուշամատեան Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի Տարելիցին Առթիւ

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Ս. Պատ­րիարք Հօր հրա­մանաւ եւ օրհնու­թեամբ Երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ Բ. Պատ­րիար­քի վախ­ճանման Բ. տա­րելի­ցին առ­թիւ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյս կող­մէ հրա­տարա­կուե­ցաւ յու­շա­մատեան մը։

Հա­տորը կը բա­ցուի Երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ Պատ­րիար­քի մե­ծադիր լու­սանկա­րով, կեն­սագրու­թիւնով եւ ապա մա­հազ­դով։ Հա­տորը պատ­րաստո­ւած է Հոգշ. Տ. Յո­վակիմ Աբղ. Սե­րով­բեանի կող­մէ, որ գրի առած է նաեւ առաջ­նորդող խօս­քը. «Հա­մեստ փունջ մը Երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ Բ. Պատ­րիարք Հօր յի­շատա­կին»։

Հա­տորը, որ կը բաղ­կա­նայ 21*21 սմ. չա­փերով 384 էջե­րէ եւ կ’ընդգրկէ Երա­նաշ­նորհ Պատ­րիարք Հօր վախ­ճա­նու­մէն մին­չեւ քա­ռասունք գրի առ­նո­ւած պաշ­տօ­նական նա­մակ­նե­րէ, տո­մարի ար­ձա­նագ­րութիւննե­րէ, հա­մացան­ցի կամ մամ­լոյ սիւ­նակնե­րուն մէջ լոյս տե­սած եր­կար կամ կարճ, հա­յերէն կամ այ­լա­լեզու գրու­թիւննե­րէ։

Այս մա­սին խմբա­գիրը կ’ըսէ. «Խոր­հե­ցանք, որ Մես­րոպ Պատ­րիար­քի նման գրա­սէր ու գրքա­սէր ան­հա­տակա­նու­թիւն մը ոգե­կոչե­լու լա­ւագոյն ձե­ւը պի­տի ըլ­լար գիրք մը հրա­տարա­կել՝ նոր գիրք մը աւելցնել Հայ գիր­քի հինգ հա­րիւ­րա­մեայ հա­ւաքա­ծոյին։ Ահա­ւասիկ իր երկրորդ տա­րելի­ցին առ­թիւ, Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը, հրա­մանաւ եւ օրհնու­թեամբ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր, այդ գրու­թիւննե­րէն փունջ մը կը հրա­տարա­կէ, ձօ­նուած՝ իր մե­ծանուն գա­հակա­լի բա­րի յի­շատա­կին»։

Իր ժո­ղովուրդին, յատ­կա­պէս Ստան­պուլա­հայ հա­մայնքի կա­րօտ­ցած հո­վուա­պետը յի­շեց­նե­լու նպա­տակաւ, գրու­թիւննե­րու վեր­ջա­ւորու­թեան կազ­մո­ւած է լու­սանկար­նե­րու հա­րուստ բա­ժին մը՝ Երա­նաշ­նորհ Պատ­րիարք Հօր կեան­քին զա­նազան շրջան­նե­րէն հա­ւաքո­ւած։

Իսկ փակ­ման խօսքն է քա­ռասունքի առ­թիւ մա­տու­ցո­ւած Ս. Պա­տարա­գի քա­րոզը, որ խօ­սած էր Աթո­ռոյս այժմու գա­հակա­լը՝ այն շրջա­նի Գերշ. Տ. Սա­հակ Եպս.ը։

Հա­տորի կող­քը պատ­րաստո­ւած է Արիս Քա­րաֆի­լի կող­մէ, հիմք ու­նե­նալով նկա­րիչ-ար­ձա­նագործ Էրօլ Սա­րաֆեանի պատ­րաստած դի­ման­կա­րը։

Այս հա­տորի նպա­տակն է ան­գամ մը եւս յի­շել ու յի­շատա­կը վառ պա­հել Երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ Պատ­րիարք Հօր։

Նկա­տի ու­նե­նալով, որ հա­մավա­րակի պատ­ճա­ռաւ սահ­մա­նափա­կումնե­րը կը շա­րու­նա­կուին ներ­կա­յիս կա­րելի չըլ­լար շնոր­հանդէս մը կազ­մա­կեր­պել։ Սա­կայն երբ առող­ջա­պահա­կան պայ­մաննե­րը գո­յանան պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի շնոր­հանդէս, ծա­նօթաց­նե­լու հա­մար ըն­թերցող մեր հա­սարա­կու­թեան։

Յի­շատակն ար­դա­րոց օրհնու­թեամբ եղի­ցի։

…Սուրբ Աթո­ռոյս յի­շատակ ըն­ծա­յողաց Ինքն ողոր­մեսցի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ