Հռոմի մէջ պատարաք սրբադասուած նահատակներու յիշատակին

Հայոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան Սուրբ Նա­հատակ­նե­րու յի­շատա­կի օրո­ւայ առ­թիւ մի­ջեկե­ղեցա­կան արա­րողու­թիւն կա­տարոեցաւ Հռո­մի Ս. Բար­դո­ղիմեոսի եկե­ղեցին, նա­խաձեռ­նութեամբ՝ Սուրբ Աթո­ռի Հայ Եկե­ղեցո­ւոյ ներ­կա­յացու­ցիչ՝ Տ. Խա­ժակ ար­քե­պիս­կո­պոս Պար­սա­մեանի ու Քրիս­տո­նէական միաս­նութեան խթան­ման քա­հանա­յապե­տական խոր­հուրդի նա­խագահ՝ գար­դի­նալ Գուրտ Գո­խի եւ մաս­նակցու­թեամբ՝ Սուրբ Աթո­ռի եւ Իտա­լիոյ ՀՀ դես­պաններ՝ Կա­րեն Նա­զարեանի եւ Ծո­վինար Համ­բարձու­մեանի, ինչպէս նաեւ Քա­հանա­յապե­տական Լե­ւոնեան հայ վար­ժա­րանի մե­ծավոր Հայր Նա­րեկ Նաոմեանի։

Արա­րողու­թեանը ներ­կայ էին Արե­ւելեան կա­թոլիկ եկե­ղեցի­ներու ժո­ղովի կա­ռավա­րիչ գար­տի­նալ Լեոնար­տօ Սանդրին, ՀՀ կա­թոլիկ հա­յերու առաջ­նորդ Տ. Ռաֆ­այէլ Արք. Մի­նասեանը, Սուրբ Աթո­ռի Անգլի­կան եկե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յացու­ցիչ Արք. Յան Էռ­նեստը, Մշա­կոյ­թի քա­հանայ­պաետա­կան խոր­հուրդի քար­տուղար եպիս­կո­պոս Փոլ Տա­յը, ղպտի ուղղա­փառ, ռու­մի­նական ուղղա­փառ, կա­թոլիկ, անգլի­կան, ավե­տարա­նական-լու­թե­րական եւ մե­թոդիս­տա­կան եկե­ղեցի­ներու ներ­կա­յացու­ցիչներ, իտա­լական խորհրդա­րանի ան­դամներ, բազ­մա­թիվ դես­պաններ, հայ հա­վատա­ցեալ­նե­րը եւ հիւ­րեր։

Արա­րողու­թեան ըն­թացքին, հան­դի­սապե­տու­թեամբ՝ Տ. Խա­ժակ ար­քե­պիս­կո­պոս Պար­ս ա­մեանի եւ գար­տի­նալ Գուրտ Գո­խի, ըն­թերցո­ւեցան սուրբգրա­յին հա­տուած­ներ, սաղ­մոսներ, քա­րոզ­ներ եւ եր­գո­ւեցան շա­րական­ներ։

Այ­նուհե­տեւ քա­րոզով դի­մեց ներ­կա­ներուն Գ ար­դի­նալ Գուրտ Գո­խը։ Ան նշեց, որ Վա­տիկա­նի Բ ժո­ղովը նա­հատա­կու­թիւնը կը ճանչնայ որ­պէս «ողոր­մութեան գե­րագոյն ապա­ցույց» ոչ միայն կա­թոլիկ եկե­ղեց­ւոյ, այլ նաեւ քրիս­տո­նէական այլ եկե­ղեցի­ներու եւ եկե­ղեցա­կան հա­մայնքնե­րու նա­հատակ­նե­րու հա­մար. «Այս խոր ճա­նաչու­մը, հետզհե­տէ աւե­լի տա­րածո­ւեցաւ մեր քրիս­տո­նեանե­րու շրջա­նին, մա­նաւանդ ան­ցեալ դա­րուն, որու սկզբին տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ քրիս­տո­նեանե­րու մեծ եւ արիւ­նա­լի նա­հատա­կու­թիւնը անոնց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մանակ, ի յի­շատակ որու մենք հա­ւաքո­ւած ենք աղօ­թելու այ­սօր» ըսաւ ան։ Գար­դի­նալ Գո­խը մաս­նա­ւորեց, որ Հայ նա­հատակ­նե­րը մեզ կը յի­շեց­նեն, որ նա­հատա­կու­թիւնը քրիս­տո­նէու­թեան մեջ լու­սանցքա­յին երե­ւոյթ չէ, այլ Եկե­ղեց­ւոյ հիմ­քը։ Քրիս­տո­նեայ նա­հատա­կը, չի նա­հատա­կուիր պար­զա­պէս գա­ղափա­րի հա­մար, այլ կը խա­չուի «Քրիս­տո­սի հետ» եւ մա­հանայ «մէ­կու հետ, որ ար­դէն մա­հացած է իր հա­մար». Հայ նա­հատակ­նե­րը իւ­րո­վի վկա­յեցին քրիս­տո­սաբա­նու­թեան այս գա­ղափա­րը»։

Արա­րողու­թիւնը աւար­տե­ցաւ Գերշ. Տ. Խա­ժակ ար­քե­պիս­կո­պոս Պար­սա­մեանի խօս­քով, ուր Սրբա­զան Հայ­րը յի­շեց Հռո­մի Պապ Փրան­գիսկո­սի բա­ռերը՝ 2015 թ. Ապ­րի­լի 12-ին Ս. Պետ­րո­սի տա­ճարը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րելի­ցին նո­ւիրո­ւած պա­տարա­գի ժա­մանակ. «Կա­տարո­ւածը յի­շելը պար­տա­դիր է ոչ միայն հայ ժո­ղովրդի եւ հա­մընդհա­նուր եկե­ղեց­ւոյ, այ­լեւ ողջ մարդկա­յին ըն­տա­նիքի հա­մար, որ­պէսզի այս ող­բերգու­թիւնէն եկող նա­խազ­գուշա­ցու­մը մեզ ազա­տէ վերստին նման ար­հա­վիրքնե­րու մէջ իյ­նա­լէ, քան­զի անոնք կը վի­րաւո­րեն Աստծուն եւ մարդկա­յին ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը»։ Աւար­տին Սրբա­զան Հայ­րը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց այն բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն, որոնք միաս­նա­կան աղօ­թեցին Յա­րու­թիւն առած Քրիս­տո­սին՝ Սուրբ Նա­հատակ­նե­րու եւ այլ սուրբե­րու միջ­նորդու­թեամբ, աշ­խարհի խա­ղաղու­թեան հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ