24 Ապրիլի Մասին Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի Արտայայտութիւնը

«Ահա ես նոր բան մը պի­տի ընեմ,

որ հի­մա պի­տի յայտնո­ւի։

Մի­թէ զա­նիկա պի­տի չգիտ­նա՞ք»

(Եսա­յի, 43.19)

24Ապ­րիլ 1915 թո­ւակա­նով սկսած ցա­ւառիթ ըն­թացքին եւ իր ազ­դե­ցու­թիւննե­րուն բեր­մամբ Հայ ժո­ղովուրդին մօտ գո­յացած է ակ­նարկնե­րը դէ­պի ան­ցեալ սե­ւեռե­լու սո­վորու­թիւնը, որ անխզե­լի կեր­պով կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ ցայ­սօր։ Դիւ­րին չէ, մեր ժո­ղովուրդին կէ­սէն աւե­լին կլա­նող Մեծ Եղեռ­նը մեր ըն­կե­րային ծի­ներուն ներ­մուծո­ւած ըլ­լա­լով, սե­րունդէ սե­րունդ փո­խացո­ւած է ցա­ւերու բո­լոր երան­գա­ւորումնե­րով եւ իր յա­ռաջա­ցու­ցած բար­կութիւնն ու ար­դա­րու­թեան պա­հանջքը գրե­թէ վե­րածո­ւած է ազ­գա­յին նկա­րագ­րի։ Այնպէս որ, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի մէջ Հա­յոց դէմ հան­դի­ման մնա­ցած բո­լոր հար­ցե­րուն ըն­կե­րաբա­նական վեր­լուծման պա­րագա­ներուն, Մեծ Եղեռ­նը ան­պայման կ՚ըն­կա­լուի որ­պէս սկզբունքա­յին հիմ­նա­կէտ։ 24 Ապ­րի­լը մե­զի հա­մար եղած է սկզբնա­կէտի դժբախտ թո­ւական մը։ Հա­յեր, ժա­մանա­կի հա­շուարկման պա­րագա­յին նկա­տի կ՚առ­նեն Մեծ Եղեռ­նը նա­խոր­դող եւ անոր յա­ջոր­դող ժա­մանա­կաշրջան­նե­րը։

Բնա­կանա­բար այս պար­տադրեալ ցա­ւին ծանր հա­շուե­ցու­ցա­կի անդրա­դար­ձը ցո­լացած է Հա­յոց հո­գեկան նե­րաշ­խարհին վրայ։ Ցա­ւը, շատ ան­գամներ բնա­կան գո­յացու­թեան չար­տօ­նէր։ Որով­հե­տեւ ցա­ւը իմաս­տա­ւորե­լը ամե­նադ­ժո­ւարին հար­ցե­րէն մին է։ Սա­կայն հար­կադրո­ւած էք զայն իմաս­տա­ւորել։ Որով­հե­տեւ միշտ ու­նիք քա­լելու ճա­նապարհներ, ընե­լիք գոր­ծեր, պար­տա­ւորու­թիւններ եւ ցան­կութիւններ։ Որ­քան ատեն որ ցա­ւը կը գո­յատե­ւէ, կը մնայ որ­պէս բան­տարկեալ ան­խօս ապստամ­բութեան ծի­րէն ներս։ Ան, ներ­կան ան­ցեալի բո­լոր սեւ երան­գա­ւորումնե­րով կը գու­նա­ւորէ եւ ի վեր­ջոյ դուք ձեզ կը դա­տապար­տէք մոխ­րա­գոյն եւ տժգու­նած կեան­քի մը տի­րանա­լու վի­ճակին։ Ցա­ւերը, ի մաս­նա­ւորի մեծ ցա­ւերը կը ներ­կա­յանան որ­պէս մե­ծագոյն խցան, ար­դիւնա­բերու­թեան եւ նոր սկիզբնե­րու առ­ջեւ։

Ան­ցեալի աղէտ­նե­րուն յա­ռաջա­ցու­ցած վէր­քե­րու յոր­ձանքէն պէտք է ուշ կամ կա­նուխ ձեր­բա­զատո­ւիլ։ Սուգ պա­հելը ապա­քին­ման ըն­թացք մը ըլ­լա­լով հան­դերձ, զայն կա­րելի չէ ըն­կա­լել որ­պէս ընդմիշտ շա­րու­նա­կելի վար­մունք։ Ահա­ւասիկ հա­զարա­ւոր տա­րիներ առաջ նման հա­րուած­նե­րու տակ տո­ւայ­տող Իս­րա­յէլա­ցիներ երբ ան­ցեալի դառն յի­շատակ­նե­րէն չէին կրնար ձեր­բա­զատո­ւիլ, Աս­տո­ւած Հին Ուխտի մար­գա­րէնե­րէն Եսա­յիի մի­ջոցաւ կը յայտնէր, թէ սխալ էր իրենց որ­դեգրած յո­ռետես կե­ցուած­քը եւ զա­նոնք կը հրա­ւիրէր յու­սադրո­ւելու.

«Առա­ջուան­նե­րը մի՛ յի­շէք, ու հին բա­ները մտքեր­նիդ մի՛ բե­րէք։ Ահա ես նոր բան մը պի­տի ընեմ, որ հի­մա պի­տի յայտնո­ւի։ Մի­թէ զա­նիկա պի­տի չգիտ­նա՞ք։ Ես անա­պատի մէջ ալ ճամ­բայ պի­տի բա­նամ Ու անջրդի երկրի մէջ գե­տեր պի­տի բղխեց­նեմ։ (Եսա­յի, 43.18-19)

Այս փա­ռաւոր տիեզեր­քը ամէն օր նո­րանոր հնա­րաւո­րու­թիւննե­րով, բո­լորո­վին նոր հո­րիզոն­նե­րու կը բա­ցուի։ Ժա­մանա­կը միայն ան­ցեալէն ու ներ­կա­յէն չէ որ կը գո­յանայ։ Ապա­գան, հա­զարու­մէկ անակնկալ­նե­րով պատ­րաստ է ան­հատներն ու ազ­գե­րը օրհնե­լու։ Անսպա­սելի ան­կիւննե­րէն յոյս կը բղխի։ Բաւ է որ սեր­մը կա­րենայ ապ­րիլ. ան, ժայ­ռե­րու մէջ ան­գամ իր ճա­նապար­հը կը գտնէ։ Տիեզեր­քի ար­դար Տէ­րը հար­կաւ թէ հա­լածո­ւած­նե­րու հա­մար «անա­պատի մէջ ճամ­բայ, անջրդի երկրի մէջ գե­տեր» պատ­րաստած է։ Իւ­րա­քան­չիւր օր կը ծնի նոր արե­ւածա­գով եւ նո­րանոր առիթ­նե­րով։ Որ­պէսզի կա­րենանք սոր­վիլ մեր նե­րոյ­ժին վստա­հիլ, լա­ւագոյնս գի­տակ­ցիլ մեր ի ձե­ռին ու­նե­ցած ար­ժէքնե­րուն, եւ գո­հու­թիւն ու փառք տալ Աս­տուծոյ ան­սահման ողոր­մութեան փո­խարէն, պար­տինք ան­ցեալի նե­ղու­թիւննե­րը պահ մը մոռ­նալ։

Ահա այս իմաս­տութեամբ Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեցին 2015 թո­ւին, 24 Ապ­րի­լի վրա­յէն հա­րիւր տա­րուան սու­գի քօ­ղը վերցնե­լով զայն վե­րածած է ար­ժա­նաւո­րապէս տօ­նելի Սրբոց Նա­հատա­կաց տօ­նակա­տարու­թեան։

Այ­սօր մենք կը յի­շատա­կենք Ա. Հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մի օրե­րուն իրենց կեան­քը կո­րու­սած մեր ժո­ղովուրդի եկե­ղեցա­կան եւ աշ­խարհա­կան զա­ւակ­նե­րը, որոնք սրբա­դասո­ւած ըլ­լա­լով կը դի­մենք անոնց բա­րեխօ­սու­թեան. Տօ­նակա­տար­ման օրն է այ­սօր ան­հուն ան­հա­մար նա­հատակ­նե­րու ծաղ­կապսակ յի­շատա­կը պան­ծացնե­լու. Սուրբ Եկե­ղեցին որո­շեց ու վճռեց իր խո­րաթա­փանց իմաս­տութեամ­բը պայ­ծա­ռակեր­պել բիւ­րա­ւոր նա­հատակ­նե­րու յի­շատա­կը, սրբա­դասե­լով զա­նոնք օրա­ցոյ­ցի նոր տնօ­րինու­մով մը եւ իրենց արեան կար­մի­րը օծե­լով երկնա­յին լու­սա­ճաճանչ կա­պոյ­տով. Սուրբե՜ր են բո­լորը. Ար­ժա՛ն եւ իրա՛ւ.

Բայց եւ այնպէս գի­տենք, թէ շա­տեր չու­նին այս Աս­տո­ւածա­տես հա­յեաց­քը եւ կ’ու­զեն մխրճո­ւիլ ու մնալ ընդմիշտ Եղեռ­նի անել լա­բիւ­րինթոս­նե­րու մղձա­ւան­ջին մէջ. Բայց մենք կեն­դա­նի ազգ մըն ենք. ու­նինք քա­լելիք ճամ­բա­ներ ու կա­պոյտ հո­րիզոն­ներ, հաս­նե­լիք եւ կեր­տե­լիք փայ­լա­տեսիլ ապա­գայ մը. Մեր Եկե­ղեցին երբ 24 Ապ­րի­լի վրա­յէն սու­գի քօ­ղը վեր­ցուց, հոն միայն աւե­րում, ար­ձունք, կոր­սո­ւած կեան­քեր չգտանք, այլ գտանք նաեւ ող­բերգու­թեան ճնշու­մով գո­յացած մարդկու­թեան ադա­մանդնե­րը. տո­կու­նութիւն, իր մո­խիր­նե­րէն վերստին յառ­նե­լու ճար­պի­կու­թիւն, հա­կառակ ամէն ին­չի գո­յատե­ւելու կամք եւ «սու­րի մնա­ցոր­դացնե­րէն» իսկ բազ­մա­նալու անսպառ ար­տադրո­ղակա­նու­թիւն, որոնք շատ քիչ ժո­ղովուրդի վի­ճակած են։ Ուստի, երբ մեր ժո­ղովուրդի ներ­կան եւ ապա­գան կ՚ար­ժե­ւորենք, պէտք է գիտ­նանք նաեւ հպար­տա­նալ ան­ցեալէն մե­զի մնա­ցած այս ժա­ռան­գով։

Պէտք է յի­շենք եւ յի­շեց­նենք ան­ցեալը ոչ թէ այնպէս, ինչպէս՝ կար­ծես թէ երէկ պա­տահած ան­բուժե­լի հա­րուած­ներ են անոնք, այլ ան­հերքե­լի փաս­տարկնե­րը՝ մեր ազ­գա­յին ու կրօ­նական զօ­րու­թեան, տո­կու­նութեան, կեն­սունա­կու­թեան ու գո­յատեւ­ման եռան­դին. Պի­տի յի­շենք եւ ու­րիշնե­րուն պի­տի յի­շեց­նենք 24 Ապ­րի­լը որ­պէսզի չկրկնո­ւին ան­մարդկա­յին նման դէպ­քեր.

Սա­կայն պար­տինք յի­շել նաեւ այն մե­ծագոյն ճշմար­տութիւ­նը, ըստ որում մեր ապ­րած աշ­խարհագ­րութիւ­նը պար­տադրած է, որ բա­զում ազ­գեր կողք կող­քի, իրա­րու հետ եւ իրա­րու մէջ ապ­րին։ Ան­ցեալէն մե­զի հա­սած հար­ցե­րը այս լոյ­սին տակ պէտք է ձեռք առ­նո­ւին։ Մեր բո­լորին եւ ի մաս­նա­ւորի քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու պար­տա­կանու­թիւնը պէտք է ըլ­լայ բա­րեկա­մական կա­մուրջներ կեր­տել, մշա­կու­թա­յին եւ առեւտրա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը զար­գացնել եւ աշ­խարհագ­րութիւ­նը բո­լորին հա­մար շա­հաբեր ու օրհնա­լից սե­ղանի մը վե­րածել։ Ասոր այ­լընտրան­քը ցամ­քած աշ­խարհագ­րութիւն մըն է, ուր բաղ­խումնե­րու եւ պա­տերազմնե­րու հե­տեւան­քով ժո­ղովուրդներ զի­րար կը սպա­ռեն եւ հետզհե­տէ կ՚աղ­քա­տանան։ Դար մը առաջ, 1914ին, քա­ղաքա­գէտ­ներ հար­ցե­րու լու­ծումը պա­տերազ­մի մէջ որո­նեցին։ Իրենց ժո­ղովուրդնե­րը հա­մոզե­ցին, թէ պա­տերազ­մը ան­խուսա­փելի էր։ Հե­տեւան­քը, մարդկու­թեան հա­մար եղաւ ամօ­թի պատ­մութիւն մը։

Թուրքե­րու եւ Հա­յերու մի­ջեւ հաշ­տութեան, բա­րեկա­մու­թեան եւ խա­ղաղու­թեան գո­յաց­ման հա­մար մենք եւս, նման՝ հո­գելոյս պատ­րիարքնե­րու, պի­տի շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յանալ մեր բա­րի մաղ­թանքնե­րով։ Պի­տի քա­ջալե­րենք, յա­րաբե­րու­թիւննե­րու հա­սարա­կաց դրաց­նութեան եւ շա­հու յայ­տա­րար­նե­րու վրայ ան­յա­պաղ վե­րականգնու­մը, որ կա­րելի պի­տի ըլ­լայ կեան­քի կո­չել հա­րիւրվեց տա­րի առաջ պա­տահած դէպ­քե­րը հա­զարա­մեայ հա­սարա­կաց պատ­մութեան ցա­ւալի մէկ բա­ցառու­թիւնը ըն­կա­լելով։

Թուրքիա եւ Հա­յաս­տան եր­կու դրա­ցի պե­տու­թիւններ են։ Այս առու­մով եր­կու եր­կիրներ հար­կադրո­ւած են իրենց աշ­խարհագ­րա­կան դիր­քե­րը պա­հելով միաս­նա­բար ապ­րիլ։ Մենք կը հա­ւատանք, որ Թուրք եւ Հայ յա­րաբե­րու­թեանց մէջ հաս­տա­տուած եղ­բայրու­թեան եւ սի­րոյ երա­նելի պա­հը պի­տի ող­ջունենք Աս­տուծոյ կամ­քով։ Մար­դոց հա­մար ան­կա­րելին, Աս­տուծոյ հա­մար կա­րելի է։ Եթէ կ՚ու­զենք այս պա­հը ող­ջունել պար­տինք ու­նե­նալ բա­րի կա­մեցո­ղու­թիւն, որ­մէ ան­բա­ժան պէտք է մնայ մեր առ Աս­տո­ւած առա­քած աղօթքնե­րը։

Եր­կու ժո­ղովուրդներ ու­նին դրաց­նութեան կա­պեր, որոնք այս հո­ղերուն մաս­նա­յատուկ ըլ­լա­լով, գո­յու­թիւն ու­նին աւան­դութեանց մէջ։ Մենք կը նա­խընտրենք յոյ­սով ակնկա­լող­նե­րէն ըլ­լալ, որ այս կա­պերը Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նական մար­միննե­րու մի­ջեւ եւս կեն­դա­նանան։ Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան Պատ­մութեան մէջ Վսե­մաշուք Նա­խագահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տօ­ղան եղաւ եզա­կան դէմ­քը, որ թէ՛ ան­ցեալին որ­պէս վար­չա­պետ եւ թէ՛ յե­տագա­յին որ­պէս հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ, այս յի­շատա­կու­թեանց առ­թիւ հրա­պարա­կեց պատ­գամներ։ Այս պատ­գամնե­րուն մէջ դրսե­ւորո­ւած է ցա­ւակ­ցա­կան ոգի, նաեւ տա­րագ­րութեան դժբախ­տութիւ­նը ապ­րե­լով իրենց կեան­քե­րը կո­րու­սած մեր ազ­գի զա­ւակ­նե­րու յի­շատակ­նե­րուն նկատ­մամբ ար­տա­յայ­տո­ւած՝ յար­գանք։ Ըստ մե­զի այդ բո­լորը տե­ղին կ՚ըլ­լայ ար­ժե­ւորել որ­պէս դրա­կան քայ­լեր, որոնք կրնան ապա­գային զար­գա­նալ ի նպաստ բաղ­ձա­լի մեր­ձե­ցու­մին։ Երա­նի՜ թէ Նո­րին Վսե­մու­թեան առա­ջար­կած հա­սարա­կաց պատ­մութեան յանձնա­խումբը կա­րելի ըլ­լար կազ­մել, բան մը որուն մի­ջոցաւ կա­րելի կ՚ըլ­լար գո­նէ տաս­նեւհինգ տա­րուան յա­ռաջա­ցում մը ար­ձա­նագ­րել։ Երա­նի՜ թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ մշա­կուած հա­մաձայ­նագրե­րը կեան­քի կո­չուած ըլ­լա­յին, սահ­մաննե­րը բա­ցուէին։ Գու­ցէ Լեռ­նա­յին Ղա­րապա­ղի բաղ­խումնե­րու լու­ծումը կա­րելի կ՚ըլ­լար տար­բեր մի­ջոց­նե­րով որո­նել։ Յա­մենայն դէպս կը մտա­ծենք թէ տա­կաւին ուշ չէ։ Մեր Վսե­մաշուք Նա­խագա­հին, Կով­կա­սի հա­մար առա­ջար­կած եւ վեց պե­տու­թիւննե­րու մաս­նակցու­թեամբ հաշ­տութեան մի­ջավայր գո­յանաց­նե­լու ծրա­գիրը այս շրջա­նի ժո­ղովուրդնե­րուն կրնայ մա­տու­ցել ներ­կայ դա­րու խա­ղաղու­թիւնը։

Շի­նիչ երկխօ­սու­թեան յա­ռաջա­ցու­մը պի­տի դիւ­րա­նայ, երբ կող­մե­րը բծախնդրօ­րէն ար­տա­յայ­տո­ւելու ոճ մը որ­դեգրեն, եւ խու­սա­բին՝ ազ­գա­յին ար­ժա­նապա­տուու­թիւննե­րը վի­րաւո­րող ար­տա­յայ­տութիւննե­րէն։ Մենք խո­րապէս կը յու­զո­ւինք, երբ կը տես­նենք թէ մեր ժո­ղովուրդին ցա­ւը եւ մեր հայ­րե­րու սուրբ յի­շատա­կը կարգ մը եր­կիրնե­րու կող­մէ առօ­րեայ քա­ղաքա­կան նպա­տակ­նե­րու որ­պէս գոր­ծիք կը ծա­ռայէ։ Տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր այս հար­ցը զա­նազան խորհրդա­րան­նե­րու օրա­կար­գին վրայ կը բե­րուի, բան մը որ դուռ կը բա­նայ ձգտեալ կա­ցու­թեան մը ստեղ­ծումին, եւ չի ծա­ռայեր եր­կու ժո­ղովուրդնե­րու մեր­ձեցման։ Ընդհա­կառա­կը թշնա­մական զգա­ցումնե­րու հրահրմամբ, պատ­ճառ կը դառ­նայ հաշ­տութեան յա­պաղու­մին։ Նախ եւ առաջ պէտք է բա­րեկա­մու­թեան եւ մտեր­մութեան կա­մուրջներ կա­ռու­ցել։ Միայն այսպի­սի մի­ջավայ­րի մը մէջ իրա­գոր­ծո­ւած պատ­մա­կան դէպ­քե­րու ար­ժե­ւորումնե­րը կրնան շատ աւե­լի շի­նիչ եւ գո­հացու­ցիչ ըլ­լալ։ Կ՚ակնկա­լուի, որ եր­րորդ կող­մի եր­կիրներ այս ուղղու­թեամբ ու­նե­նան քա­ջալե­րիչ ներդրումներ։

Ա. Հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մի տա­րագ­րութեան դժբախտ եւ ցա­ւառիթ դէպ­քե­րու հե­տեւան­քով մեր ժո­ղովուրդի զա­ւակ­նե­րուն կրած նիւ­թա­կան եւ բա­րոյա­կան կո­րուստնե­րը երբ կը յի­շենք, մե­զի հա­մար քաղցր պար­տա­կանու­թիւն է յի­շել բա­րի, ազ­նիւ եւ աս­տո­ւածա­վախ այն Օս­մա­նեան պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րը եւ անոնց ոգիով ըն­թա­ցած խղճա­միտ ոչ-Քրիս­տո­նեայ ան­ձե­րը, որոնք նոյ­նիսկ իրենց կեան­քե­րը վտան­գե­լով տէր կանգնած են տա­րագ­րեալ ըն­տա­նիք­նե­րու, որ­քա­նով որ կա­րելի էր։ Անոնց ցու­ցա­բերած մար­դա­սիրա­կան կե­ցուած­քը ար­ժա­նի է գնա­հատան­քի այնչափ, որ­չափ ար­ժա­նի են Քրիս­տո­նեայ բա­րեսի­րական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը։ Ու­րախ ենք որ խղճա­միտ կե­ցուածք որ­դեգրած­ներ կը յի­շատա­կուին իրենց անու­րա­նալի մար­դա­սիրու­թեամբ։

Թող Աս­տո­ւած ներ­գործէ Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի հայ­րե­նակից­նե­րու սրտե­րէն ներս, որ­պէսզի զգան թէ որ­քան կա­րեւոր է դրա­ցիական բա­րի յա­րաբե­րու­թիւննե­րը. Կեր­տեն միաս­նա­բար բա­րին ու գե­ղեցի­կը ու վա­յելեն անոնց բա­րիք­նե­րը միաս­նա­բար։ Վստա­հինք Աս­տուծոյ եւ Անոր շի­նարար մի­ջամ­տութեան։ Կ՚աղօ­թենք մեր հա­րեւան­նե­րուն հա­մար։ Մեր հա­րեւան­ներն ալ թող աղօ­թեն մե­զի հա­մար, որ­պէսզի Թուրք եւ Հայ ժո­ղովուրդնե­րու մի­ջեւ բա­րեկա­մական կա­մուրջ մը հաս­տա­տուի։

Երբ կը շա­րու­նա­կենք ապ­րիլ Քրիս­տո­սի հրա­շափառ Սուրբ Յա­րու­թեան աւե­տիսի ու­րա­խու­թիւնը, թող Ամե­նաբա­րին Աս­տո­ւած Սուրբ Կոյս Մա­րիամ Աս­տո­ւածած­նի, եկե­ղեց­ւոյ հին եւ նոր, ծա­նօթ եւ ան­ծա­նօթ բո­լոր սուրբե­րու բա­րեխօ­սու­թեամբ լսէ մեր աղա­չանքնե­րուն ձայ­նը։ Այ­լեւս վերջ գտնեն աշ­խարհա­ւեր պա­տերազմնե­րը, մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու սպառ­նա­ցող կռիւ­նե­րը։ Աս­տուծոյ սէ­րը, ողոր­մութիւ­նը եւ շնորհնե­րը յա­ւիտեան թա­գաւո­րէ ի շի­նու­թիւն եւ ի բա­րօրու­թիւն հա­մայն աշ­խարհի մարդկու­թեան, առանց ցե­ղի, ազ­գի եւ կրօն­քի խտրու­թեան. Ամէն։

ՍԱ­ՀԱԿ Բ.

Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք

Գումգա­բու, Ստան­պուլ

23 Ապ­րիլ 2021

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ