ԷՐՎԱՊ-ի բացակայութեան Պատրիարքական միջամտութիւն

Տրուած ըլ­­լա­­­լով թէ հա­­մավա­­րակի բեր­­մամբ եր­­կար ամիս­­նե­­­րէ ի վեր չեն կա­­յանար Հա­­մայնքա­­յին Հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու Խորհրդա­­կան հար­­թակ ԷՐ­­ՎԱՊ-ի ժո­­ղով­­նե­­­րը, յատ­­կա­­­պէս դպրոց ու­­նե­­­ցող հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու նիւ­­թա­­­կան դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը փո­­խան­­ցո­­­ւեցան Պատ­­րիար­­քա­­­րան։ Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք իր հետ ու­­նե­­­նալով հա­­մայնքէն կա­­մաւոր քննի­­չու­­թեան պաշ­­տօ­­­նակո­­չուած խորհրդա­­տու­­ներ, տո­ւեալ հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ եւ պատ­­րիար­­քա­­­կան հա­­մակար­­գող, եռօ­­րեայ առ­­ցանց ժո­­ղովով մը քննար­­կած են առ­­կայ կա­­ցու­­թիւնը եւ լուծման եղա­­նակ­­նե­­­րը։ Այսպէս 20-21 եւ 22 Ապ­­րիլ թո­­ւական­­նե­­­րուն կա­­յացող ժո­­ղով­­նե­­­րու ըն­­թացքին դպրոց ու­­նե­­­ցող հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը պար­­զած են թէ հա­­մավա­­րակի բեր­­մամբ թէեւ նո­ւազած է դպրոց­­նե­­­րու որոշ ծախ­­սեր, սա­­կայն կը շա­­րու­­նա­­­կեն ապ­­րիլ ելմտա­­կան լուրջ բաց մը, քա­­նի որ նմա­­նապէս նո­­ւազած է իրենց պատ­­կա­­­նող կա­­լուած­­նե­­­րէն ստա­­ցուած վարձքերն ալ։

Որ­­քան ալ հրա­­տապ թո­­ւի երե­­ւոյ­­թը ու­­նի եր­­կա­­­րատեւ բնոյթ, որ մին­­չեւ օրս կը փոր­­ձո­­­ւէր յաղ­­թա­­­հարել սի­­րոյ սե­­ղան­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ։ Տո­­ւեալ պայ­­մաննե­­րու մէջ ամե­­նատ­­րա­­­մաբա­­նական եղա­­նակը կը թո­­ւի տնտե­­սապէս աւե­­լի մեծ յար­­մա­­­րու­­թիւններ ու­­նե­­­ցող հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն հո­­վանա­­ւորու­­մը ապա­­հովել։ Պատ­­րիարք Սրբա­­զանը այդ մա­­սին երախ­­տա­­­պար­­տութեամբ կը յի­­շէ Օր­­թա­­­գիւ­­ղի Եկե­­ղեց­­ւոյ Թա­­ղական Խոր­­հուրդը, որ յօ­­ժարած է այս նիւ­­թի շուրջ իր­­մէ ակնկա­­լուա­­ծը ի կա­­տար բե­­րելու։ Քա­­նի որ չէ նշո­­ւած ու­­րիշ որե­­ւէ հաս­­տա­­­տու­­թեան անուն կա­­րելի է են­­թադրել թէ Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի, Գա­­րակէօզեան Որ­­բա­­­նոցի խնա­­մակա­­լու­­թիւննե­­րը կամ Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի եւ Պէյ­­քո­­­զի թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րը, որոնք ծա­­նօթ են իրենց բար­­գա­­­ւաճ տնտե­­սական դիր­­քով դժկա­­մած են զօ­­րակ­­ցե­­­լու նիւ­­թա­­­կան դժո­­ւարու­­թեան մատ­­նո­­­ւած դպրոց­­նե­­­րուն։ Եթէ խօ­­սինք Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի Հո­­գաբար­­ձութեան օրի­­նակով, գաղտնիք չէ թէ Ատե­­նապետ Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն յա­­ճախա­­կի կեր­­պով կոչ կ՚ընէր կարգ մը դպրոց­­նե­­­րը փա­­կելու հա­­մար։ Իր այդ առա­­ջարկնե­­րուն դէմ առար­­կողնե­­րուն, իբր պա­­տաս­­խան Շի­­րինօղ­­լու նա­­խապէս յայ­­տա­­­րարած էր, որ պի­­տի չօ­­ժան­­դա­­­կէ դպրոց­­նե­­­րու պիւտճէի բա­­ցերուն։ Այս մա­­սին լրա­­տուու­­թիւնը հրա­­տարա­­կուա­­ծ է պատ­­րիար­­քա­­­րանի կայ­­քէ­­­ջին վրայ հա­­մակար­­գող Խոս­­րով Քէօլէ­­դաւի­­թօղ­­լո­­­ւի ստո­­րագ­­րութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ