Զուսպ հակազդեցութիւն Պայտընի ելոյթին

ԱՄՆ նա­­խագահ Ճօ Պայ­­տը­­­նի սոյն տա­­րուայ 24 Ապ­­րի­­­լեան ու­­ղերձը, ինչպէս կ՚ակնկա­­լուէր, փոքր ինչ ցնցու­­մի մը պատ­­ճառ դար­­ձած է Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան գետ­­նի վրայ։ Բաղ­­դատմամբ հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան պաշ­­տօ­­­նական ճա­­նաչ­­ման նա­­խորդ օրի­­նակ­­նե­­­րուն, ԱՄՆ-ի դէմ բո­­ղոքի ձայ­­նե­­­րը հնչած են աւե­­լի շատ պատ­­շա­­­ճը ի կա­­տար բե­­րելու մար­­մա­­­ջով։ Ու­­շագրաւ է յատ­­կա­­­պէս Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի զուսպ պա­­հուած­­քը։ Ընդդի­­մադիր­­ներ այս երե­­ւոյ­­թը կը փոր­­ձեն շա­­հագոր­­ծել «Առիւ­­ծը մռա­­ւեց» ըսե­­լով։

Գաղտնիք չէ Թուրքիոյ ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մէջ դէմ առ դէմ մնա­­ցած մե­­կու­­սա­­­ցու­­մը։ Ան կը ձգտի եր­­կու գեր­­տէ­­­րու­­թիւննե­­րու՝ ԱՄՆ եւ ՌԴ-ի մէջ հա­­ւասարկշռու­­թիւն պա­­հել մերթ մեր­­ձե­­­նալով մէ­­կուն եւ մերթ ալ միւ­­սին։ Ան ԱՄՆ-ի դէմ գնած է ռու­­սա­­­կան Ս-400 հրթիռ­­ներ եւ ամե­­րիկա­­ցինե­­րուն ալ խոս­­տա­­­ցած է այդ հրթիռ­­նե­­­րը չէ­­զոք դիր­­քի մէջ պա­­հել։ Սա­­կայն ակնյայ­­տօ­­­րէն ճգնա­­ժամի մատ­­նո­­­ւած տնտե­­սական հա­­մակար­­գը եւս կ՛ար­­գի­­­լէ Էր­­տո­­­ղանի իշ­­խա­­­նու­­թեան հա­­կազ­­դե­­­լու կա­­րողու­­թիւնը։

Տո­­ւեալ պայ­­մաննե­­րու մէջ Թուրքիոյ Խորհրդա­­րանի բո­­լոր կու­­սակցու­­թիւննե­­րը, բա­­ցառու­­թեամբ «ՀՏՓ»ի, հրա­­պարա­­կեցին յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը, որ կը մեր­­ժէր Պայ­­տը­­­նի «Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն» եզ­­րը։ ՀՏՓ ան­­գամ մը եւս միակը մնաց այս նիւ­­թին շուրջ կոչ ընե­­լով «Ամօ­­թի հետ առե­­րեսո­­ւելու»։ Նման բնոյ­­թի յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը հան­­դէս եկաւ Տի­­յար­­պէ­­­քիրի Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու Կա­­ճառը, հրա­­պարա­­կելով ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը ճանչնա­­լու կոչ մը։ Տի­­յար­­պէ­­­քիրի դա­­տախա­­զու­­թիւնը իս­­կոյն հար­­ցաքննու­­թեան ձեռ­­նարկեց կա­­ճառի վար­­չութեան դէմ։

Զա­­նազան կու­­սակցու­­թիւննե­­րու եւ իշ­­խա­­­նու­­թեան բան­­բերնե­­րու ելոյթնե­­րը պարզ կրկնու­­թիւններ էին այս նիւ­­թի շուրջ հետզհե­­տէ կարծրա­­տիպի վե­­րածո­­ւած ու­­ռացման ու ժխտման նա­­խորդ ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րուն, որոնք չէին ար­­ժա­­­նանար հա­­մավա­­րակի, սղա­­ճի եւ աշ­­խա­­­տազրկման հո­­գերով տո­­ւայ­­տող հա­­սարա­­կու­­թեան ու­­շադրու­­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ