Սպառնալիք Կարօ Փայլանին

Ժողո­վուրժնե­­րու Ժո­­ղովրժե­­վարու­­թեան կու­­սակցու­­թեան ՀՏՓ-ի պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան ինչպէս նա­­խորդ տա­­րիներ, այս տա­­րի ալ Խորհրդա­­րանի ամ­­պիոնէն կոչ ուղղեց Թուրքիոյ Իշ­­խա­­­նու­­թեան պաշ­­տօ­­­նապէս ճանչնա­­լու հա­­մար հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը։ ԱՄՆ նա­­խագա­­հի ու­­ղերձին մէջ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն բա­­ռը գոր­­ծա­­­ծելով նիւ­­թը ալ աւե­­լի ալե­­կոծած է Թուրքիոյ քաաղ­­քա­­­կան դաշ­­տը։ Իբր հե­­տեւանք Փայ­­լան կը հար­­կադրո­­ւի մաս­­նակցե­­լու զա­­նազան հե­­ռու­­ստա­­­հաղոր­­դումնե­­րու, որոնց ըն­­թացքին յստա­­կօրէն կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ իր կե­­ցուած­­քը։ Փայ­­լան այդ հա­­ղոր­­դումնե­­րէն մէ­­կու ըն­­թացքին դժգո­­հու­­թիւ յայտնած էր ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան գլխա­­ւոր կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րու հե­­րոսա­­ցու­­մին դէմ։ «Ման կու գանք Թա­­լադ Փա­­շայի անու­­նը կրող փո­­ղոց­­նե­­­րով կամ կ՚ու­­սա­­­նինք անոր անու­­նով կնքուած վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու մէջ։ Մինչդեռ եթէ պատ­­մութե­­նէն հե­­րոս­­ներ պի­­տի փնտռենք կրնանք օրի­­նակ բե­­րել Լճէի գա­­ւառա­­պետ Հիւ­­սէ­­­յին Նէ­­սիմի Պէ­­յը, որ մեր­­ժած էր իրեն ուղղո­­ւած ան­­մարդկա­­յին հրա­­հանգնե­­րը գոր­­ծադրել։ Ան իր այդ մար­­դա­­­սիրա­­կան վար­­քին հա­­մար դա­­ժանօ­­րէն սպան­­նո­­­ւեցաւ Յա­­տուկ Ծա­­ռայու­­թեան -Թէշ­­քի­­­լաթը Մահ­­սու­­սա-ի ոճ­­րա­­­գործնե­­րու ձե­­ռամբ»։

Փա­­յալա­­նի այս ելոյ­­թը զայ­­րոյթ պատ­­ճա­­­ռած է Խորհրդա­­րանի ազ­­գայնա­­պաշտ երես­­փո­­­խան­­նե­­­րէն Իւ­­միթ Էօզ­­տա­­­ղին։ Ան ան­­կիրթ ոճով «Թո­­ւիթըր»եան գրա­­ռում մը ու­­նե­­­ցած ու հրա­­պարա­­կաւ սպառ­­նա­­­ցած է Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նին ըսե­­լով թէ ան ալ պի­­տի ապ­­րի Թա­­լադի փոր­­ձը։ Իւ­­միթ Էօզ­­տա­­­ղի այս գրա­­ռու­­մը մեծ ընդվզում յա­­ռաջա­­ցու­­ցած է ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րու մէջ, որոնք իս­­կոյն յի­­շած են նաեւ Հրանդ Տին­­քի դէմ կա­­տարո­­ւած մա­­հափոր­­ձը եւ դի­­տել տո­­ւած, որ ինչքան վտան­­գա­­­ւոր հե­­տեւանքներ կրնայ ու­­նե­­­նալ նման թի­­րախա­­ւորումնե­­րը։ Նոյն շրջա­­նակ­­նե­­­րը դա­­տարա­­նի մի­­ջոցաւ բո­­ղոք յայտնած են նաեւ Էօզ­­տա­­­ղի դէմ։ Սա­­կայն նկա­­տի ու­­նե­­­նալով Թուրքիոյ Ար­­դա­­­րադա­­տական հա­­մակար­­գի հա­­մարեա ամ­­բողջու­­թեամբ են­­թարկո­­ւածու­­թիւնը երկրի իշ­­խա­­­նու­­թեան հան­­դէպ, խիստ հա­­ւանա­­կան է, որ Էօզ­­տա­­­ղի սպառ­­նա­­­կան գրա­­ռումն ալ մեկ­­նա­­­բանո­­ւի իբ­­րեւ խօս­­քի ազա­­տու­­թիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ