Յետադարձ ակնարկ ապագայի ընդառաջ

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

Ինչպէս իւ­­րա­­­քան­­չիւր հա­­մայնք, պոլ­­սա­­­հայ գա­­ղութն ալ ու­­­նի իր յա­­­տուկ դի­­­մագի­­­ծը։ Դա­­­րերու ըն­­­թացքին ձե­­­ւաւո­­­րուած այդ դի­­­մագ­­­ծի ակ­­­նե­­­­­­­րեւ յատ­­­կութիւնն է ճնշո­­­ւածու­­­թիւնը։ Որ­­­քան ալ իբ­­­րեւ տե­­­ղացի ժո­­­ղովուրդ ժա­­­ռան­­­գորդը ըլ­­­լայ հսկայ ան­­­ցեալի մը, նոյնն է, Պո­­­լիսը Հա­­­յաս­­­տան չէ եւ հա­­­յը հոն ապաս­­­տա­­­­­­­նած օտա­­­րացի մըն է պար­­­զա­­­­­­­պէս։ Այդպէս էր ինքնըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մը թէ Բիւ­­­զանդա­­­կան եւ թէ Օս­­­մա­­­­­­­նեան Կայսրու­­­թիւննե­­­րու օրով։ Ըն­­­կա­­­­­­­լում մը՝ որ տե­­­ւեց նաեւ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան շրջա­­­նին։

Սա­­­կայն կար նաեւ մի այլ իրո­­­ղու­­­թիւն։ Պո­­­լիսը նաեւ արեւմտա­­­հայոց մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին մայ­­­րա­­­­­­­քաղաքն էր։ Հոն ծաղ­­­կած էր ազ­­­գա­­­­­­­յին գի­­­տակ­­­ցութեան տա­­­նող ու­­­սումնա­­­կան զօ­­­րաշար­­­ժը, գրա­­­կան զար­­­թօնքը, քա­­­ղաքա­­­կան գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թիւնը եւ մա­­­մու­­­լը։ Այս հո­­­ղերու վրայ հա­­­յոց կող­­­մէ ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւեցաւ առա­­­ջին սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութիւ­­­նը, որ օրի­­­նակ հան­­­դի­­­­­­­սացաւ նաեւ բո­­­վան­­­դակ երկրի հա­­­մար։ Հիմ­­­նադրու­­­թիւնը որ­­­քան հե­­­ռաւոր ափե­­­րու վրայ կա­­­յանայ, հա­­­յոց քա­­­ղաքա­­­կան կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րը այս քա­­­ղաքի թա­­­ղերուն մէջ հա­­­սան կա­­­տարե­­­լագործման։ Օս­­­մա­­­­­­­նեան դրա­­­մատան դէպքն ալ, 20 կա­­­խաղան­­­ներն ալ այստեղ գրան­­­ցո­­­­­­­ւեցան պատ­­­մութեան էջե­­­րուն։

Իրո­­­ղու­­­թիւն է նաեւ թէ վե­­­րեւ նշուած ըն­­­կե­­­­­­­րաքա­­­ղաքա­­­կան այդ զար­­­թօնքը, բա­­­ցի ազ­­­գա­­­­­­­պետի, այ­­­սինքն պատ­­­րիար­­­քի ժո­­­ղովուրդի ձայ­­­նե­­­­­­­րով ընտրո­­­ւիլը, չէ տո­ւած աւե­­­լի ար­­­դիաշունչ վար­­­չա­­­­­­­կար­­­գի մը գոր­­­ծե­­­­­­­լու առի­­­թը։ Եր­­­կի­­­­­­­րը թա­­­գաւո­­­րու­­­թե­­­­­­­նէ դէ­­­պի հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան կա­­­րեւոր ան­­­ցում մը ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րած էր, բայց հա­­­յուն իրա­­­վիճա­­­կը մնա­­­ցած էր ան­­­փո­­­­­­­փոխ։ Եւ մա­­­նաւանդ այս նոր դրու­­­թեան մէջ վե­­­րացած էին պատ­­­րիարքնե­­­րու օրի­­­նական գե­­­րիշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը։

Այս պայ­­­մաննե­­­րու մէջ ան­­­խուսա­­­փելի էր ճար­­­պիկ մարդկանց հա­­­մայնքէ ներս զա­­­նազան եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով փոքր իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րու տի­­­րանա­­­լը, եւ ապա գրա­­­ւած աթո­­­ռի ըն­­­ձե­­­­­­­ռած առիթ­­­նե­­­­­­­րը շա­­­հագոր­­­ծե­­­­­­­լը։

Մի գու­­­ցէ նման օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու կա­­­րելի է հան­­­դի­­­­­­­պիլ ու­­­րիշ հա­­­մայնքնե­­­րու պա­­­րագա­­­յին ալ։ Բայց խոս­­­տո­­­­­­­վանինք թէ անոնք մե­­­ծաւ մա­­­սամբ յե­­­տեղեռ­­­նեան շրջա­­­նին կազ­­­մո­­­­­­­ւած գաղ­­­թօ­­­­­­­ճախ­­­ներ են եւ չու­­­նին պոլ­­­սա­­­­­­­հայոց պատ­­­մութե­­­նէ եկած աւան­­­դութիւննե­­­րը։

Իսկ պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թիւնը դա­­­սալիք եղաւ առ­­­հա­­­­­­­սարակ իր զբա­­­ղեցու­­­ցած աթո­­­ռի պա­­­հան­­­ջած գի­­­տակ­­­ցութե­­­նէ զուրկ պատ­­­րիարքնե­­­րու ձե­­­ռամբ։ Բա­­­րեյի­­­շատակ Շնորհք Պատ­­­րիար­­­քի վախ­­­ճա­­­­­­­նու­­­մէն ցայ­­­սօր չու­­­նե­­­­­­­ցանք հա­­­մայնքը իր տար­­­բեր հա­­­կումնե­­­րով հան­­­դերձ միաս­­­նութեան մէջ պա­­­հելու կա­­­րող առաջ­­­նորդներ։

Գա­­­րեգին Գա­­­զան­­­ճեան Պատ­­­րիարք գա­­­հակա­­­լու­­­թեան առա­­­ջին օրէն յայ­­­տա­­­­­­­րարեց թէ պի­­­տի հնա­­­զան­­­դի զինք զգու­­­շացնող ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թեան թե­­­լադ­­­րանքին եւ երե­­­կոյեան ժա­­­մը հին­­­գէն ետք դուրս պի­­­տի չել­­­լէ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանէն։ Ան այդ խոս­­­տումը դրժեց միայն հա­­­րուստնե­­­րու սե­­­ղան­­­նե­­­­­­­րուն հրա­­­ւէր­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար։ Չմաս­­­նակցե­­­ցաւ հա­­­մայնքա­­­յին ոեւէ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին- գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան նա­­­խաձեռ­­­նութեան, միշտ յի­­­շեց­­­նե­­­­­­­լով ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թեան զգու­­­շա­­­­­­­ցու­­­մը։

Մեծ յոյ­­­սեր կա­­­պուած էին Մես­­­րոպ Բ. Պատ­­­րիար­­­քին, իր լաւ պատ­­­րաստո­­­ւած մտա­­­ւորա­­­կան ու խի­­­զախ բնոյ­­­թին բեր­­­մամբ։ Ափ­­­սոս ան ալ իր կար­­­գին մատ­­­նո­­­­­­­ւեցաւ նման սխալ­­­նե­­­­­­­րու։ Ինչպէս բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հո­­­գեւոր առաջ­­­նորդներ, փոր­­­ձեց նիւ­­­թա­­­­­­­կան կա­­­րողու­­­թիւնը բարձր բա­­­րերար­­­նե­­­­­­­րու աջակ­­­ցութիւ­­­նը ապա­­­հովել իր ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար, առանց նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալու թէ այդպի­­­սով պի­­­տի հար­­­կադրո­­­ւի անոնց պա­­­հանջնե­­­րը գո­­­հաց­­­նե­­­­­­­լու տխուր հե­­­տեւան­­­քին։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս Մես­­­րոպ Բ. Պատ­­­րիարքն ալ ճա­­­շակեց մա­­­հուան սպառ­­­նա­­­­­­­լիքի վա­­­խը եւ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի մէջ իսկ կա­­­րիքը զգաց պե­­­տու­­­թեան տրա­­­մադ­­­րած թիկ­­­նա­­­­­­­պահին յանձնել իր անվտան­­­գութիւ­­­նը։ Հայ հա­­­մայնքի հա­­­մար խիստ վար­­­կա­­­­­­­բեկիչ այդ երե­­­ւոյ­­­թը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց նաեւ տա­­­րաբախտ պատ­­­րիար­­­քի ան­­­գի­­­­­­­տակից ննջած հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­սենեակէ ներս իսկ։

Իս­­­կա­­­­­­­կան դժբախ­­­տութիւն էր Մես­­­րոպ Բ. Պատ­­­րիար­­­քի հի­­­ւան­­­դութիւ­­­նը, որ տե­­­ւեց աւե­­­լի քան տա­­­սը տա­­­րիներ։ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի այդ օրե­­­րու անձնա­­­կազ­­­մը նա­­­խընտրեց ձգձգել նոր պատ­­­րիար­­­քի մը ընտրու­­­թիւնը, պատ­­­ճա­­­­­­­ռաբա­­­նելով թէ կը հա­­­ւատան հրաշքնե­­­րուն եւ պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն աղօ­­­թել իրենց սի­­­րելի սրբա­­­զանի ապա­­­քին­­­ման հա­­­մար։ Այս խօս­­­քե­­­­­­­րը կ՚ար­­­տա­­­­­­­սանո­­­ւէին երբ բժիշկնե­­­րը յստա­­­կօրէն յայտնած էին թէ հի­­­ւան­­­դութեան պատ­­­ճա­­­­­­­ռած աւե­­­րը անշրջան­­­ցե­­­­­­­լի է եւ Մես­­­րոն Բ. Պատ­­­րիարք այ­­­լեւս չի կրնար կա­­­տարել պատ­­­րիար­­­քութեան խիստ դժո­­­ւար ու պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու պաշ­­­տօ­­­­­­­նը։

Տա­­­րիներ անց ի վեր­­­ջոյ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը յօ­­­ժարե­­­ցան ընտրու­­­թիւն կա­­­տարե­­­լու եւ Կրօ­­­նական Ժո­­­ղովը Տե­­­ղապահ ընտրեց Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ հա­­­յոց հո­­­գեւոր հո­­­վիւ Գա­­­րեգին Արք. Պեք­­­ճեանը։ Սրբա­­­զանը ըն­­­դա­­­­­­­ռաջեց իրեն ու­­­ղո­­­­­­­ւած հրա­­­ւէրին եւ ժա­­­մանեց Պո­­­լիս։

Պոլ­­­սոյ Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քութեան պատ­­­մութեան ամօ­­­թալի օրե­­­րէն մէկն էր Պեք­­­ճեան Սրբա­­­զանի ժա­­­մանու­­­մը, քա­­­նի այդ օր Աթո­­­ռանիստ Մայր Եկե­­­ղեց­­­ւոյ մուտքը չո­­­ւան­­­նե­­­­­­­րով կա­­­պած ու փա­­­կած էին, Տե­­­ղապա­­­հի Հրա­­­շափա­­­ռի աղօթքնե­­­րով դի­­­մաւո­­­րուի­­­լը ար­­­գի­­­­­­­լելու հա­­­մար։

Առա­­­ջին յան­­­դիպման խայ­­­տա­­­­­­­ռակու­­­թիւնը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուե­­­ցաւ հո­­­գեւո­­­րական, աշ­­­խարհա­­­կան ու նաեւ պե­­­տական բազ­­­մա­­­­­­­թիւ դա­­­ւադ­­­րութիւննե­­­րով, որոնց պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թիւնը կը հե­­­տեւէր ճա­­­րահա­­­տու­­­թեան մէջ։

Այս բո­­­լորի դե­­­րակա­­­տար­­­ներն էին նշա­­­նակո­­­ւած փո­­­խանորդ մը եւ ինքնա­­­կոչ կեր­­­պով հա­­­մայնքա­­­պետի պատ­­­մուճա­­­նը հա­­­գած «բա­­­րերար» մը, որոնք եր­­­կուստեք գոր­­­ծակցե­­­ցան իրենց ետեւ ու­­­նե­­­­­­­նալով պե­­­տական որոշ շրջա­­­նակ­­­ներ, խա­­­փանե­­­լու հա­­­մար Տե­­­ղապա­­­հի աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը։

Իսկ երբ Պատ­­­րիար­­­քը աւան­­­դեց իր հո­­­գին, ան­­­խուսա­­­փելի դար­­­ձաւ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թիւնը։ Հա­­­ւանա­­­կան ու­­­թը թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­նե­­­­­­­րէն չոր­­­սը ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցին իրենց յա­­­ւակ­­­նութիւ­­­նը։

Այդ հանգրո­­­ւանին բե­­­մադ­­­րո­­­­­­­ւեցաւ դա­­­ւադ­­­րութեան նոր պատ­­­կե­­­­­­­րը։ Պե­­­տու­­­թիւնը պար­­­տադրեց ընտրու­­­թեան կա­­­նոնա­­­գիր մը, որ կը հա­­­կասէր նա­­­խորդ ընտրու­­­թիւննե­­­րու տրա­­­մադ­­­րութեան եւ կ՚ար­­­գի­­­­­­­լէր օտար երկրա­­­ցի սրբա­­­զան­­­նե­­­­­­­րու ընտրու­­­թեան մաս­­­նակցու­­­մը։ Պոլ­­­սոյ աթո­­­ռի եր­­­կու թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­ներն ալ հաս­­­տա­­­­­­­տելով պար­­­տադրուած կա­­­նոնագ­­­րի սխա­­­լը, հա­­­մակեր­­­պե­­­­­­­ցան այդ անըն­­­դունե­­­լի պայ­­­մա­­­­­­­նին, ընտրու­­­թիւնը ալա­­­ւելի չու­­­շացնե­­­լու հա­­­մար։ Իրենց հե­­­տեւե­­­ցաւ նաեւ կար­­­գա­­­­­­­դիր յանձնա­­­խումբը, որուն ան­­­դամնե­­­րէն շա­­­տեր իս­­­կոյն հրա­­­ժարե­­­ցան այս ամօ­­­թալի որո­­­շու­­­մին մեղ­­­սա­­­­­­­կից չըլ­­­լա­­­­­­­լու հա­­­մար։ Իսկ մնա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րը ձեռք ձեռ­­­քի տա­­­լով ապա­­­հովե­­­ցին խար­­­խուլ ընտրու­­­թիւն մը, վտան­­­գե­­­­­­­լով նաեւ ապա­­­գայի ընտրու­­­թիւննե­­­րու օրի­­­նակա­­­նու­­­թիւնը։

Տո­­­ւեալ գոր­­­ծընթա­­­ցի մէջ պոլ­­­սա­­­­­­­հայ մա­­­մուլն ալ թե­­­րացաւ հա­­­սարա­­­կոթիւ­­­նը եղած դար­­­ձա­­­­­­­ծէն իրա­­­զեկե­­­լու խնդի­­­րով։ Հոն եւս իշ­­­խե­­­­­­­ցին կիր­­­քե­­­­­­­րը բոր­­­բո­­­­­­­քեց­­­նե­­­­­­­լէ խու­­­սա­­­­­­­փող մտա­­­վախու­­­թիւննե­­­րը։

Այ­­­սօր ակա­­­նատես կ՚ըլ­­­լանք այդ բո­­­լորին տե­­­ղի տո­­­ւող գոր­­­ծիչնե­­­րու իրար հա­­­լածող ելոյթնե­­­րուն։ Բնա­­­կան է, քա­­­նի որ անոնցմէ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը ու­­­նէր իր հա­­­շիւ­­­նե­­­­­­­րը եւ ան­­­խուսա­­­փելի էր վերջ ի վեր­­­ջոյ իրա­­­րու բա­­­խու­­­մը։

Ինչպէս ան­­­ցեալին, այ­­­սօր ալ հա­­­մայնքի մե­­­ծամաս­­­նութեան հա­­­մար նշա­­­նակու­­­թիւն չու­­­նին անոնց հա­­­յատառ մա­­­մու­­­լի էջե­­­րէն կամ դի­­­մատետ­­­րէն իրա­­­րու ուղղած թրքե­­­րէն եր­­­կա­­­­­­­րապա­­­տումնե­­­րը։ Բայց պոլ­­­սա­­­­­­­հայ հա­­­մայնքի ապա­­­գային հա­­­մար մեծ նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նին հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ընտրու­­­թիւննե­­­րը։

Ար­­­դա­­­­­­­րեւ պոլ­­­սա­­­­­­­հայոց դի­­­մաց յայտնուած է ազ­­­գին հա­­­մար նո­­­ւիրու­­­մով աշ­­­խա­­­­­­­տելու տրա­­­մադիր երի­­­տասարդ տար­­­րե­­­­­­­րու կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պեալ նա­­­խապատ­­­րաստու­­­թիւնը, դաշ­­­տը ան­­­գամ մը եւս սխալ ան­­­ձե­­­­­­­րու չյանձնե­­­լու հա­­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ