«Ակօս»ի խմբագրատան մէջ

Գրեց՝ ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Արդէն շաբաթէ մը ի վեր մեր մէջ կը վայելենք Տէր եւ Տիկին Թորոս Թորանեանը։ Համակրելի գրագէտ-քննադատը, ընկերակցութեամբ հիւրընկալ Սայաթ Նովա երգչախումբի անդամներու, Երեքշաբթի երեկոյ այցելեց մեր խմբագրատունը, ուր տեղւոյն վրայ գրի առաւ հետեւեալ անկեղծ ու սրտախօսիկ տողերը՝ մեր թերթին եւ ընթերցողներուն ուղղուած։

«Ակօս» Նախ հոյակապ անուն մը։ Հայ գիւղացին դարերով ակօսած է իր հողը խորունկ հերկելով, որովհետեւ, հասկը ոսկեշար ատօք հասկ կու տայ երբ ակօսը բացուի խորունկ։

Այս անգամ լրագիր Ակօս մըն է, որուն մասին կը գրեմ ահա։ Այս Ակօսը կը տպուի Իսթանպուլի մէջ եւ կը հիւրընկալէ երկու լեզու՝ հայերէնն ու թուրքերէնը։ Եթէ ըսենք, որ ուշացուած գործ մըն է կատարուածը սխալած չենք ըլլար։ Ինչո՛ւ ուշացած. Որովհետեւ մինչեւ այսօր մենք գրած ենք ու մենք կարդացած եւ առիթներ չենք ստեղծած, որ մեր խօսքը լսելի ըլլայ տեղական ազգաբանչութեան ալ կողմէ։ Տեղացին անգիտակ մնացած է մեր մշակութային գործունէութեան, չէ ճանչցած նոյնիսկ այս հողին վրայ ինկած մեր գրագէտները, բանաստեղծները, երաժիշտները եւ առհասարակ այս հողին վրայ ապրող նորագոյն սերունդներ երբ հայու մը հանդիպած են, անոր մէջ ճանչցած են արհեստաւորը, առեւտրականը, ոսկերիչը կամ լումայափոխը։

Պարզ է, որ հայը ունի Պալեաններու պէս ճարտարապետներ, Չուխաճեաններու պէս երգահաններ, Ֆասուլեաճեաններու պէս դերասաններ եւ մեր օրերուն ալ շատերը զարմացնող արձակագիրներ ու բանաստեղծներ։

Միայն մէկ հոգիի՝ Մկրտիչ Մարկոսեանի մը առաջին գիրքը՝ «Կեավուր Մահալլէսի» արժանացած է հինգ հրատարակութիւններու։

Կը նշանակէ թէ այս երկրին ժողոբուրդը գնահատել գիտէ նաեւ հայուն գործը։

Ահա «Ակօս»ը նուիրուած է այդ աշխատանքին, այսինքն ընել այնպէս, որ մեր մշակոյթի բոլոր ճակատներու գործիչներուն գնահատելի գործերը հասնին ոչ միայն հայերէն չիմացող հայերուն, այլ նոյնքան եւ աւելի տեղացի ընթերցողին, որպէսզի ան մեր մէջ տեսնէ նաեւ մշակոյթի ժողովուրդը։

«Ակօս» իսկապէս որ եկած ու նոր ակօս բացած է մեր մամուլի պատմութեան մէջ։ Այս գործը կը գլխաւորեն խումբ մը խանդավառ տղաք եւ ինչ լաւ է գիտնալ, որ անոնք խումբ մըն են։ «Ակօս»ը բացողը անհատ մը չէ, այսինքն, հոս սերմնացաններու խումբ մը կայ, որ կը հաւատայ իր գործին, որ կ՚աշխատի օրէնքի պայմանները յարգելով, որ չանտեսէր նաեւ Մեսրոպի լեզուն եւ իր էջերը լայն կը բանայ մեր հին ու նոր գրողներուն առջեւ։

Աւելին, կը փնտռէ նորը, որպէսզի քաջալերէ անոնց առաջին քայլերը։

Դիւրին չէ «Ակօս»ին գործը, յատկապէս նիւթական տեսակէտով։ Տղաքը պիտի աշխատին, որ այս շաբաթաթերթը հասնի հազարներու, որպէսզի նիւթապէս արդարացնէ ինքզինք։ Եւ այդ դիրքին հասնիլը կ՚ենթադրէ տեւական աշխատանք։ Տղաքը աշխատանքէն խուսափողը չեն, կը մնայ որ ընթերցող հասարակութիւնը քաջալերէ թերթը։ Երբ պահանջքը կայ, գործը անպայման կը քալէ։ Այդպէս կը մտածեն «Ակօս»ը հրատարակողները։

Մենք սիրեցինք իրենց խանդավառութիւնը, նուիրումը։

Մենք եւս մեր կողմէն կը գտնենք, որ ընտրուած ուղին ճիշդ է. կը մնայ հայու պէս սկսուած գործը շարունակել անգլիացիի պաղարիւնով եւ հետեւողականութեամբ։ Ակօս։ Այս Ակօսին մէջ թող հայ մշակոյթի բերքը ըլլայ առատ աշնան միրգերու բրգացումով, որպէսզի մենք եւս տեսնենք իրենց յաջողութիւնը եւ ուրախանանք։

Ակօս, ուրախալի նորութիւն։

Բարի ճանապարհ ձեզի, հայ գիրի նուիրեալներ, բարի ճանապարհ ձեր բարի նպատակներուն։

Գրուած՝ «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ

26 Նոյեմբեր 1996

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ