Կառավարութիւնը անդրդուելի կը մնայ Սետաթ Փեքերի պնդումներուն դիմաց

Աւազակապետ Սետաթ Փեքերի հետզհետէ սերիալի մը վե­րածո­ւած «Եու­թուպ»եան հրա­պարա­կումնե­րուն 9-րդը սփռո­ւեցաւ 6 Յու­նիս կի­րակի առա­ւօտ նոր մե­ղադ­րանքնե­րով լե­ցուն։

2Մա­յիսէն այս կողմ յան­ցա­գործ աշ­խարհի կա­րեւոր դե­րակա­տար­նե­րէն Սե­տաթ Փե­քեր ապաս­տա­նած Արա­բական Էմի­րատ­նե­րէն վի­տէօ նկա­րահա­նումներ կը տե­ղադ­րէ։ Փե­քերի խիստ ցնցիչ պնդումնե­րը շա­տերու հա­մար հա­ւաս­տի կը գտնո­ւին, քա­նի որ օժ­տո­ւած են փաս­տա­ցի տո­ւեալ­նե­րով եւ կը բարձրա­ձայ­նո­ւին ներ­սէն։ Այդ պնդումնե­րուն կա­րեւոր մէկ մա­սը նոր յայտնու­թիւններ չեն։ Ընդդի­մադիր շրջա­նակ­ներ՝ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ կամ լրագ­րող յա­ճախ անդրա­դար­ձան նման պնդումնե­րու, որոնք չեն ու­նե­ցած այն ազ­դե­ցու­թիւնը, ինչ որ կ՚ու­նե­նայ Փե­քերի խօս­քե­րը։ Ան կը հնչեց­նէ ծանր մե­ղադ­րանքներ, Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լո­ւի, նախ­կին Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Մեհ­մետ Աղա­րի, Նախ­կին Վար­չա­պետ Պի­նալի Եըլ­տը­րըմի որդւոյն Էր­գամ Եըլ­տը­րըմի, իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան կարգ մը պատ­գա­մաւոր­նե­րու եւ իշ­խա­նամէտ լրագ­րողնե­րու հաս­ցէին։

Այդ ծանր յան­ցա­գոր­ծութեան մե­ղադ­րանքնե­րէն իրենց բա­ժինը կը ստա­նան նաեւ յատ­կա­պէս Եգէական շրջա­նի կարգ մը քա­ղաք­նե­րու ոս­տի­կանա­պետ­ներ, Ազ­գա­յին Լրա­քաղու­թեան Կազ­մա­կեր­պութեան բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեաներ եւ բարձրաս­տի­ճան զի­նուո­րական­ներ կամ կարճ խօս­քով պե­տու­թեան անու­նով գոր­ծող ան­ձինք։

Զար­մա­նալի երե­ւոյթ է, այն թէ հա­մացան­ցի վրայ մին­չեւ օրս 110 մի­լիոն հե­տեւո­ղի ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացող այս տե­սակի լուրջ պնդումնե­րը յա­մառօ­րէն կ՚ան­տե­սուին իշ­խա­նական շրջա­նակ­նե­րու եւ մա­նաւանդ իշ­խա­նամէտ մա­մու­լի կող­մէ։ Իսկ եթէ ան­խուսա­փելի դառ­նայ ար­տա­յայ­տո­ւելու հրա­մայա­կանը, այս ան­գամ ալ կ՚ար­հա­մարեն այդ պնդումնե­րու հե­ղինա­կը, ըսե­լով որ «Չենք կրնար լուրջի առ­նել փախստա­կան աւա­զակա­պետի մը յո­խոր­տանքը»։ Միւս կող­մէ վեր­ջին տա­րինե­րուն բո­լորո­վին իշ­խա­նու­թեան են­թա­կայ դար­ձած Ար­դա­րադա­տական հա­մակարգն ալ կը մե­ղադ­րո­ւի այս հրա­պարա­կումնե­րու դի­մաց լռու­թիւն պա­հելով։ Բնա­կան պայ­մաննե­րու տակ կ՚ակնկա­լուէր թէ նման զար­գա­ցումնե­րու պա­րագա­յին դա­տախազ­ներ իս­կոյն շարժման անցնին եւ հար­ցաքքնու­թեան նիւթ դարձնեն այս ար­տա­ռոց պնդումնե­րը։ Ընդհա­կառա­կը Վճռա­բեկ Ատեանի դա­տախա­զը կրկին դի­մում կա­տարած է Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեան Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան ար­գի­լու­մը պա­հան­ջե­լով։ Դա­տախա­զը 17 Մարտ 2021-ին նման դի­մում մը կա­տարած էր Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեանին, բայց այս վեր­ջի­նը առ­կայ թե­րու­թիւննե­րը նկա­տի ու­նե­նալով 31 Մար­տին մեր­ժած էր դի­մու­մը քննար­կել։ Այժմ վե­րանա­յուած տար­բե­րակը կրկին կը դրո­ւի Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեանի սե­ղանին։ Ան­դին Սե­տաթ Փե­քեր իր հրա­պարա­կումնե­րուն մէջ անդրա­դար­ձած էր Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան խնդրին։ Այդ հրա­պարա­կու­մը նկա­տի ու­նե­նալով դա­տարա­նը որո­շեց գրա­ւել Ֆե­թու­լահ Կիւ­լե­նի եւ Զե­քերի Էօզի ու­նե­ցուած­քը։ Ընդդի­մադիր շրջա­նակ­ներ մեծ ու­շադրու­թեամբ կը հե­տեւին կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ ան­տե­սուած այս պնդումնե­րուն եւ իբ­րեւ լու­ծում կ՚առա­ջար­կեն շտապ կան­խա­հաս ընտրութիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ