Յառաջընթացի ոչ մէկ նշոյլ

7Յունիս եր­­կուշաբ­­թի օր շուրջ մէկ ու կէս տա­­րուայ ընդհա­­տու­­մէ մը ետք գու­­մա­­­րուե­­ցաւ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու խորհրդակ­­ցա­­­կան ժո­­ղովը։ Ֆէ­­րիգիւ­­ղի եկե­­ղեց­­ւոյ «Նա­­զար Շի­­րինօղ­­լու» սրա­­հին մէջ կա­­յացած ժո­­ղովէն կը բա­­ցակա­­յէին որոշ թա­­ղերու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը։ Առ­­հա­­­սարակ դռնփակ նիս­­տեր գու­­մա­­­րելով ծա­­նօթ հար­­թա­­­կը այս ան­­գամ կա­­րիքը զգաց մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը նիս­­տը բա­­նալու։ Ատե­­նապետ Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լո­­­ւի ստո­­րագ­­րութեամբ գրի առ­­նո­­­ւած յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ Շի­­րինօղ­­լու նախ կը ցա­­ւակ­­ցէր Գար­­թա­­­լի Սուրբ Նշան եկե­­ղեց­­ւոյ ատե­­նապետ Յով­­հաննէս Սա­­հակօղ­­լո­­­ւի եւ բա­­րերար Գէորգ Սան­­թա­­­լուի կո­­ղակ­­ցին Եւա Սան­­թա­­­լուի կո­­րուստնե­­րուն։ Ապա կ՚անդրա­­դառնար մեր հա­­մայնքա­­յին կեանքի կա­­րեւոր խնդրի վե­­րածո­­ւած հա­­մայնքա­­յին վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու նիւ­­թա­­­կան դժո­­ւարու­­թիւննե­­րուն, կրկնե­­լով իր կարգ մը դպրոց­­նե­­­րը միաց­­նե­­­լու մա­­սին առա­­ջար­­կը։

Ժո­­ղովը շա­­րուա­­կուե­­ցաւ Սա­­մաթիոյ Սա­­հակեան եւ Ֆե­­րիգիւ­­ղի Մե­­րամետ­­ճեան Վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու հրա­­տապ խնդիր­­նե­­­րու քննար­­կումով։ Շի­­րինօղ­­լու օրա­­կար­­գի բե­­րաւ նաեւ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չութիւննե­­րու ընտրու­­թեան խնդի­­րը։

Ընտրու­­թիւնը ապա­­հովե­­լու հա­­մար դա­­տարան դի­­մելու գոր­­ծընթա­­ցը մե­­ղադ­­րեց կա­­ռավա­­րու­­թեան դէս գլուխ ցցել որա­­կելով։ Ան նաեւ զգու­­շա­­­ցուց այս տե­­սակի ջան­­քե­­­րը կրնան աննպաստ հե­­տեւանքներ ու­­նե­­­նալ ըսելով։

Ինչպէս նշած էինք «Ակօս»ի նա­­խորդ թի­­ւերուն մէջ, հա­­մայնքա­­յին չորս հաս­­տա­­­տու­­թիւններ Կեդ­­րո­­­նակա­­նի, Գալ­­ֆա­­­յեանի, Գա­­րակէօզեանի եւ Սուրբ Խաչ Դպրե­­վան­­քի խնա­­մակա­­լու­­թիւննե­­րը որո­­շում կա­­յացու­­ցած էին Հոկ­­տեմբեր ամ­­սուն մէջ ընտրու­­թիւն կա­­տարե­­լու հա­­մար։

Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լո­­­ւի գլխա­­ւորած Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութիւ­­նը մեր­­ժած էր այդ որո­­շու­­մը, յայտնե­­լով թէ թոյլտո­­ւու­­թիւն պի­­տի սպա­­սեն կա­­ռավա­­րու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ