Տէր Աւետիս գաւառի հայութեան հոգեւոր առաջնորդ

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, 29 Օգոս­­տոս 2021, Կի­­րակի, Մա­­լաթիոյ Ս. Եր­­րորդու­­թիւն Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ Ս. Պա­­տարագ մա­­տու­­ցա­­­նեց։ Պատ­­մա­­­կան այս առի­­թով, Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը իր պատ­­գա­­­մը փո­­խան­­ցեց ներ­­կա­­­ներուն եւ ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւեցաւ Մա­­լաթիոյ մե­­րազն Ժո­­ղովուրդի մա­­սին։

Այս առի­­թով Պատ­­րիարք Հայ­­րը հրա­­պարա­­կաւ յայ­­տա­­­րարեց իր Պատ­­րիար­­քա­­­կան տնօ­­րինու­­թիւնը, ըստ որում Հա­­թայի Ս. Եկե­­ղեցաց Հո­­գեւոր Հո­­վիւ՝ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեանը նշա­­նակուեցաւ որ­­պէս Գա­­ւառի Տե­­սուչ։ Պատ­­րիարք Հայ­­րը գնա­­հատե­­լով Տէր Հօր աշ­­խոյժ ծա­­ռայու­­թիւնը, որ պար­­բե­­­րաբար կը տա­­նի նաեւ Մա­­լաթիոյ եւ շրջա­­նի քա­­ղաք­­նե­­­րէ ներս, հայ­­րա­­­բար թե­­լադ­­րեց որ Տէր Հայ­­րը դառ­­նայ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ եւ ժո­­ղովուրդի մի­­ջեւ կա­­մուրջ մը։

Ծնունդով Իս­­քէնտէ­­րունցի Աւե­­տիս Քա­­հանան, ձեռ­­նա­­­սունն է Ամե­­նապա­­տիւ Պատ­­րիարք Սրբա­­զան Հօր եւ իր ձե­­ռամբ ամուսնա­­ցեալ քա­­հանայ ձեռ­­նադրո­­ւած է 2011-ին։ Յետ ձեռ­­նադրու­­թեան, պաշ­­տօ­­­նի կո­­չուած է իր ծննդա­­վայ­­րին մէջ եւ սկսած՝ հո­­գեւոր հո­­վուու­­թեան Իս­­քէնտէ­­րու­­նի Ս. Քա­­ռասուն Ման­­կունք եւ Վա­­քըֆ­­գիւղի Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին եկե­­ղեցեաց վրայ։ Իր ծա­­ռայու­­թեան ըն­­թացքին իրեն աջակ­­ցած է Երէց­­կին Հայ­­կան Թա­­պաշեանը եւ որ­­պէս ծա­­ռայա­­սէր ըն­­տա­­­նիք հո­­գեւոր սնունդ կը մա­­տակա­­րարեն իրենց հո­­գեւոր խնամ­­քին յանձնուած մեր հա­­մայնքի զա­­ւակ­­նե­­­րուն։ Ներ­­կա­­­յիս իր ծա­­ռայած եկե­­ղեցի­­ները դար­­ձած են աւե­­լի կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած, ըստ որում եկե­­ղեցի­­ներու մէջ տե­­սանե­­լի ներ­­կա­­­յու­­թիւն դար­­ձած են՝ բա­­րեկ­­րօն ու­­րա­­­րակիր դպիր­­ներ ու եկե­­ղեց­­ւոյ սպա­­սաւոր­­ներ։

Ան, նաեւ պար­­բե­­­րաբար հո­­վուա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւն կը շնոր­­հէ Մա­­լաթիոյ, Էլա­­զըղի, Մէր­­սի­­­նի, Ատա­­նայի եւ շրջա­­կայ մե­­րազն ժո­­ղովուրդի ան­­դամնե­­րուն, իրեն ու­­ղե­­­կից ու­­նե­­­նալով իր եղ­­բայրը՝ Բրկ. Եու­­սուֆ Ուր. Դպ. Թա­­պաշեանը։ Բաց աս­­տի, Տէր Հայ­­րը Իս­­թանպուլէն հե­­ռու ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ, որ­­պէս ան­­դա­­­մը Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյս հո­­գեւո­­րակա­­նաց դա­­սուն, ամե­­նայն բծախնդրու­­թեամբ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ եւ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ վար­­կը բարձր կը պա­­հէ իր ծա­­ռայու­­թեան սահ­­մաննե­­րուն մէջ, նաեւ վա­­յելե­­լով քոյր եկե­­ղեցի­­ներու հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու ու ժո­­ղովուրդի յար­­գանքը։

Ու­­րա­­­խու­­թիւն է կար­­դալ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի այս տնօ­­րինու­­թիւնը, քա­­նի որ Տէր Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեան ինչպէս կը յի­­շուի Պատ­­րիար­­քա­­­րանի գրու­­թեան մէջ ար­­ժա­­­նի կեր­­պով կը կա­­տարէ իր առա­­քելու­­թիւնը, որ­­պէս հո­­գեւոր հո­­վիւ Իս­­քէնտէ­­րու­­նի եւ Վա­­քըֆ­­գիւղի հա­­մայնքնե­­րու։ Այս նոր պաշ­­տօ­­­նակո­­չու­­մով Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեան կը ստանձնէ շատ աւե­­լի ծանր եւ նո­ւիրեալ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւն մը, որուն ինք ար­­դէն պատ­­րաստ էր եր­­կար ժա­­մանակ­­նե­­­րէ ի վեր։ Ան­­ցեալին Կե­­սարիոյ եւ Տի­­յար­­պե­­­քիրի եկե­­ղեցի­­ները եւս ու­­նէին իրենց հո­­գեւոր առաջ­­նորդնե­­րը, որոնք կը շրջէին նաեւ տա­­րած­­քաշրջա­­նի բո­­լոր քա­­ղաք­­նե­­­րը եւ նոյ­­նիսկ տնա­­յին պայ­­մաննե­­րու մէջ կը կա­­տարէին մկրտու­­թիւններ, պսա­­կադ­­րութիւններ, յու­­ղարկա­­ւորու­­թիւններ եւ տա­­ղաւա­­րի պա­­տարագ­­ներ։ Աւե­­լի ուշ, երբ այդ քա­­ղաք­­նե­­­րու հայ բնակ­­չութիւ­­նը նօս­­րա­­­ցաւ նման ծա­­ռայու­­թիւնը յանձն առած էին այ­­ցե­­­լու քա­­հանա­­ներու։ Իսկ վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն այդ ծա­­ռայու­­թիւնն ալ հա­­մարեա ամ­­բողջու­­թեամբ դադ­­րած էր ան­­տէ­­­րու­­թեան մատ­­նե­­­լով գա­­ւառի հա­­տու­­կենդ հա­­յու­­թիւնը։

Վստահ ենք թէ Տէր Աւե­­տիս ար­­ժա­­­նի ժա­­ռան­­գորդը պի­­տի ըլ­­լայ եր­­բեմնի Տէր Կի­­րակոս­­նե­­­րու, Տէր Ար­­սէննե­­րու, Տէր Գրի­­գոր­­նե­­­րու, Տէր Շա­­ւարշնե­­րու, Տէր Սե­­րով­­բէ­­­ներու, Տէր Միւ­­րոն­­նե­­­րու կամ Պա­­տուե­­լի Հրանդ Կիւ­­զե­­­լեան­­նե­­­րու ուխտին։ Այս նոր առա­­քելու­­թեան մէջ ուժ կա­­րողու­­թիւն եւ յա­­ջողու­­թիւն կը մաղ­­թենք սի­­րելի Տէր Աւե­­տիսին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ