Ուսման նոր տարեշրջանը դէմ առ դէմ դրութեամբ

Թուրքիոյ կրթա­կան հա­մակար­գը 6 Սեպ­տեմբեր եր­կուշաբ­թի օր կը մեկ­նարկէ 2021-2022 ուսման տա­րեշրջա­նը։ 2020 թո­ւակա­նի Մարտ ամի­սէն սկսալ առ­ցանց դրու­թիւնով շա­րու­նա­կուող դպրո­ցական դաս­տիարա­կու­թիւնը եր­կար ընդհա­տու­մէ ետք այժմ պի­տի կա­յանայ դէմ առ դէմ դրու­թիւնով։ Կրթու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը ցարդ պա­տուաստ չստա­ցող ու­սուսցիչ­նե­րու եւ պաշ­տօ­նէու­թեան հա­մար պայ­ման կը դնէ շա­բաթը եր­կու ան­գամ թես­թա­ւորում։

Երբ որ երկրի մէջ վերստին թափ ստա­ցած է հա­մավա­կի չոր­րորդ տար­բե­րակը, մտա­հոգու­թիւններն ալ զու­գա­հեռա­բար բարձրա­ցած են։ Այս պա­հուն տա­կաւին յստակ չէ թէ շա­բաթը եր­կու ան­գամ հի­ւան­դա­նոց եր­թա­լով թես­թա­ւորո­ւելու պար­տադրան­քը որ­քա­նով հա­մոզիչ պի­տի ըլ­լայ պա­տուաս­տումի դէմ յա­մառող­նե­րու կամ­քին։ Ըստ երե­ւոյ­թի նոր տա­րեշրջա­նը իր հետ պի­տի բե­րէ նոր զար­գա­ցումներ, որոնք ան­կանխա­տեսե­լի են ներ­կայ պա­հուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ