Լուծման որոնումներ Միրզոյեան ու Լաւրովի կողմէ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միր­­զո­յեան 31 Օգոս­­տո­սին հան­­դի­պում մը ու­­նե­ցաւ Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութեան պաշ­­տօ­նակ­­ցին Սեր­­գէյ Լաւ­­րո­վի հետ։ Հան­­դիպման ըն­­թացքին յա­տուկ ու­­շադրու­­թիւն դար­­ձո­ւեցաւ Հա­րաւա­յին Կով­­կա­սի մէջ խա­ղաղու­­թեան, ապա­հովու­­թեան եւ կա­յու­­նութեան ամ­­րապնդման հար­­ցե­րուն։ Ման­­րա­մասն անդրա­դարձ կա­տարո­ւեցաւ նաեւ Ռու­­սիոյ, Հա­յաս­­տա­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­նի մի­ջեւ 9 Նո­յեմ­­բեր 2020-ին ձեռք բե­րուած եռա­կող­­մա­նի պայ­­մա­նաւո­րուա­ծու­­թիւննե­րու իրա­կանաց­­ման ըն­­թացքին, որ թոյլ տո­ւած է դադ­­րեցնել հա­կամար­­տութիւ­­նը եւ զայն բե­րել քա­ղաքա­կան կար­­գա­ւոր­­ման հուն։ «Հա­մաձայ­­նե­ցանք չթուլցնել ու­­շադրու­­թիւնը Երե­ւանի եւ Պա­քուի յա­րաբե­րու­­թիւննե­րուն մէջ լա­րուա­ծու­­թիւն յա­ռաջաց­­նող գոր­­ծօննե­րու վե­րացու­­մէն՝ նե­րառե­լով հայ ռազ­­մա­գերի­ներուն վե­րադար­­ձի եւ ակա­նապատ տա­րածքնե­րու քար­­տէսնե­րու յանձնման հար­­ցե­րու վերջնա­կան լու­­ծումը։ Հաս­­տա­տուե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի հա­մանա­խագահ­­նե­րու հե­տագայ գոր­­ծունէու­­թեան անհրա­ժեշ­­տութիւ­­նը», ըսաւ Ռու­­սիոյ ար­­տա­քին գոր­­ծոց նա­խարա­րը՝ շեշ­­տե­լով, որ Ատրպէյ­­ճան պէտք է առանց նա­խապայ­­մա­նի ազատ ար­­ձա­կէ հայ գե­րինե­րը։ «Նո­յեմ­­բեր 9-ի յայ­­տա­րարու­­թեամբ նշո­ւած է, որ պէտք է ազատ ար­­ձա­կուին այն պա­տերազ­­մա­կան գե­րինե­րը, որոնք այդ պա­հուն գե­րի առ­­նո­ւեցան։ Այժմ ատրպէյ­­ճանցի­ները կը պա­հեն հայ զի­նուոր­­ներ, որոնց մե­ծամաս­­նութիւ­­նը գե­րի տա­րուած է Նո­յեմ­­բե­րի վեր­­ջը՝ յայ­­տա­րարու­­թեան ու­­ժի մէջ մտնե­լէն ետք։ Սա­կայն, Ռու­­սիոյ նա­խագա­հը բո­լոր հա­ղոր­­դակցու­­թիւննե­րուն մէջ, նե­րառեալ Իլ­­համ Ալիեւի հետ զրոյ­­ցի մւ ըն­­թացքին, այդ գծով ազ­­դանշան­­ներ կ՚ու­­ղարկէ։ «Ատրպէյ­­ճա­նական կող­­մին կոչ կ՚ուղղենք՝ առանց նա­խապայ­­մաննե­րու ազատ ար­­ձա­կելու բո­լորը, ինչ որ կա­րեւոր քայլ պի­տի ըլ­­լայ ամ­­րապնդե­լու այն վստա­հու­­թիւնը, որուն կա­րիքը կայ այ­­սօր։ Մենք պի­տի շա­րու­­նա­կենք հան­­դէս գալ այդ դիր­­քե­րէն, բայց, ան­­շուշտ, վերջնա­կան որո­շու­­մը մեզ­­մէ կա­խեալ չէ», ըսաւ Լաւ­­րով։

Այս ծի­րին մէջ ան անդրա­դար­­ձաւ հայ­­կա­կան կող­­մի նա­խաձեռ­­նութեան՝ Ատրպէյ­­ճա­նին փո­խան­­ցե­լու ակա­նապատ դաշ­­տե­րուն քար­­տէ­սը՝ նշե­լով, որ իրենք աշ­­խոյժ կեր­­պով աջակ­­ցած են այս քայ­­լին։ «Մենք կը կար­­ծենք, թէ հի­մա ալ կա­րելի է նման ըն­­դա­ռաջ քայ­­լեր առ­­նել, պար­­տա­դիր չէ մէ­կը միւ­­սին կա­պել, այլ պար­­զա­պէս բա­րի կամ­­քի դրսե­ւորու­­մով ըն­­դա­ռաջ քայ­­լի դի­մել դրա­ցինե­րուն նկատ­­մամբ», ըսաւ Լաւ­­րով։

Հա­յաս­­տա­նի ար­­տա­քին գոր­­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­­զո­յեան իր կար­­գին նշեց, որ Հա­յաս­­տան ար­­դէն վա­ղուց կա­տարեց իր ստանձնած պար­­տա­ւորու­­թիւննե­րը եւ ազատ ար­­ձա­կեց ատրպէյ­­ճանցի բո­լոր ռազ­­մա­գերի­ները։ «Մենք կար­­ծում ենք, որ Ատրպէյ­­ճա­նը եւս պէտք է վե­րադարձնի բո­լոր հայ ռազ­­մա­գերի­ներին եւ միւս պա­հուող ան­­ձանց։ Դա կա­րեւոր է ոչ միայն եռա­կողմ յայ­­տա­րարու­­թեամբ ստանձնած պար­­տա­ւորու­­թիւննե­րը կա­տարե­լու տե­սակէ­տից, այլ նաեւ այն առու­­մով, որ հա­մատեղ վստա­հու­­թեան մթնո­լոր­­տում ար­­դէն հնա­րաւոր է քննար­­կումնե­րի այլ փու­­լի անցնել՝ բո­լոր հար­­ցե­րի կար­­գա­ւոր­­ման նպա­տակով։ Հա­յաս­­տա­նը մէկ ան­­գամ չի յայ­­տա­րարել, որ մենք կար­­գա­ւորու­­մը տես­­նում ենք միայն խա­ղաղ բա­նակ­­ցութիւննե­րի մի­ջոցով»։

Պա­տաս­­խա­նելով այն հար­­ցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկ­­նա­բանէ Ատրպէյ­­ճա­նի այն յայ­­տա­րարու­­թիւննե­րը, թէ Ատրպէյ­­ճա­նի եւ Հա­յաս­­տա­նի մի­ջեւ խա­ղաղու­­թեան պայ­­մա­նագի­րին մէջ պէտք է ըլ­­լայ Հա­յաս­­տա­նի կող­­մէ Ատրպէյ­­ճա­նի տա­րած­­քա­յին ամ­­բողջա­կանու­­թեան ճա­նաչու­­մը՝ Միր­­զո­յեան ըսաւ. «Ատրպէյ­­ճա­նի իշ­­խա­նու­­թիւննե­րի փո­խարէն ես կը կեդ­­րո­նանա­յի 2020 թո­ւակա­նի Նո­յեմ­­բե­րի 9-ի եւ 2021 թո­ւակա­նի Յու­­նո­ւարի 11-ի եռա­կողմ յայ­­տա­րարու­­թիւննե­րով ար­­դէն իսկ ձեռք բե­րուած պայ­­մա­նաւո­րուա­ծու­­թիւննե­րի կա­տար­­ման վրայ։ Այս պա­հին խա­ղաղու­­թեան պայ­­մա­նագ­­րի շուրջ որե­ւէ բա­նակ­­ցութիւններ չի վար­­ւում»։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ